
26 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական տեսանկիւնէն չափազանց կարեւոր տարածաշրջան կը նկատեն Հարաւային Կովկասը: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընը` Ազրպէյճան տուած իր այցելութեան ընթացքին:
«Հարաւային Կովկասը` ռազմավարական առումով, Միացեալ Նահանգներու համար չափազանց կարեւոր տարածաշրջան կը նկատենք: Խօսքը մասնաւորաբար Ազրպէյճանի մասին է, որ միակ երկիրն է թէ՛ Ռուսիոյ, թէ՛ Իրանի հետ սահման ունեցող», ըսած է Պոլթըն «Ամերիկայի ձայն»-ին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Պոլթըն Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ քննարկած է Արցախի տագնապը: Հանդիպման ընթացքին Ալիեւ նշած է, թէ Միացեալ Նահանգներ` իբրեւ Մինսքի խմբակի համանախագահ, մեծ դեր կը կատարէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման մէջ:
Պոլթըն չէ բացառած, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր լիազօրութիւնները օգտագործէ Ազատութեան աջակցման հռչակագիրին 907-րդ լրացման գործադրութիւնը դադրեցնելու համար:
Նշենք, որ 1992-ին Քոնկրեսին կողմէ որդեգրուած լրացումը ամերիկեան վարչակազմին կ՛արգիլէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ազրպէյճանին պետական մակարդակով օժանդակութեան տրամադրումը` հաշուի առնելով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հակամարտութիւնը: Ազրպէյճանական դիւանագիտութիւնը տարիներէ ի վեր կը փորձէ 907-րդ լրացումի ջնջումը ապահովել:
«Լրացումը հաստատուած է Քոնկրեսին կողմէ: Իշխանութեան գործադիր թեւը միշտ չէ, որ նոյն քաղաքական գիծը կ՛ունենայ, եւ, մեր Սահմանադրութեան համաձայն, իրականութեան մէջ նախագահն է, որ կ՛որոշէ երկրի արտաքին քաղաքական ուղեգիծը», ըսած է Պոլթըն:
Ան աւելցուցած է, որ նախապէս եղած են բազմաթիւ դէպքեր, երբ նախագահները հարկ եղած ժամանակ դադրեցուցած են լրացման գործողութիւնը:
Ազրպէյճանական «Քոնթաքթ» կայքին համաձայն, Մամետեարով Պոլթընին խօսած է բանակցային հոլովոյթին մասին` անընդունելի համարելով սթաթիւս քոյի պահպանումը: Ան ըսած է, թէ Հայաստանի զինեալ ուժերը անօրինականօրէն կը գտնուին «Ազրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ», եւ խաղաղութեան հասնելու համար, առաջին հերթին, «Հայաստանը պէտք է դուրս բերէ իր զօրքերը եւ պայմաններ ստեղծէ ստիպողաբար հեռացած մարդոց վերադարձին համար»:
aztagdaily.com/archives/413877





