Այս Երկրի Ապագան Կրնայ Նոյնքան Յագեցած Ըլլալ, Որքան Անցեալն է. New York Times-ի Անդրադարձը Հայաստանի Հարուստ Պատմութեան

26 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԷՐԿԻՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Ամերիկեան The New York Times թերթը Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթէն թանգարանին մէջ «Արմենիա!» խորագիրը կրող հայկական ցուցադրութեան առնչութեամբ ծաւալուն յօդուածով մը անդրադարձած է Հայաստանի պատմութեան, ներկային եւ ապագայի հեռանկարներուն:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, պարբերականը յօդուածի սկիզբը կ՛անդրադառնայ Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթէն թանգարանին մէջ Սեպտեմբեր 21-ին բացուած «Արմենիա!» խորագիրը կրող ցուցադրութեան, ուր ներկայացուած է 4-17-րդ դարերու հայկական արուեստի ժառանգութիւնը: «Կատարեալ գեղեցկութիւն. Մեթրոփոլիթէնի թանգարանի հայկական ցուցադրութիւնը մէկն է տարիներու համար» խորագիրով պարբերականը ներկայացուցած է հայկական ցուցադրութիւնը:

Այնուհետեւ թերթը անդրադարձած է Հայաստանի վերջին ներքաղաքական իրադարձութիւններուն, որոնց արդիւնքով 2018-ի Գարնան վարչապետ ընտրուեցաւ Նիկոլ Փաշինեան: «Փողոց դուրս եկած էին հիմնականօրէն երիտասարդները: Անոնք արդէն յոգնած էին ոչ արդիւնաւէտ կառավարութենէն եւ նաեւ իրենց սմարթֆոններով կը հետեուէին ընդդիմութեան առաջնորդ, նախկին լրագրող Նիկոլ Փաշինեանի առաջընթացին, երբ ան բողոքի ցոյցեր կ՛ընէր: Երբ ա ժամանեց Երեւան` նախկին խորհրդային այս երկրի մայրաքաղաք, զանգուածները համատարած գործադուլի կոչեր կ՛ընէին: Վեց շաբաթէն ալ քիչ ժամանակ անց Նիկոլ Փաշինեան ընտրուեցաւ Հայաստանի վարչապետ, ստանձնեց երկրի կառավարման ղեկը` ուսերուն տանելով արտասովոր, ոչ բռնի, թաւշեայ յեղափոխութիւնը»,- կը գրէ պարբերականը:

Հեղինակաւոր պարբերականը այնուհետեւ կ՛անդրադառնայ Հայաստանի անցեալին` շեշտելով, որ անիկա շատ մեծ պատմութիւն ունեցող երկիր է: «Այս տարուան գարնանը մենք հասկցանք, որ անոր ապագան կրնայ նոյնքան յագեցած ըլլալ, որքան անցեալն է»,-կը գրէ յօդուածագիրը:

Պարբերականը կը յիշեցնէ, որ Մեթրոփոլիթէնի թանգարանին մէջ հայկական ցուցադրութեան բացման ներկայ եղած են ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդը: Յօդուածին մէջ յատուկ ուշադրութիւն կը յատկացուի Գարեգին Երկրորդի ներկայութեան` ընդգծելով եկեղեցւոյ կարեւոր դերը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ: «Հայաստանը քրիստոնէութիւնը առաջինն ընդունած երկիրն է, իսկ ցուցահանդէսը յագեցած է խաչքարերով եւ սուրբ մասունքներով, ինչ որ կը վկայէ հայկական մշակութային ժառանգութեան ինքնուրոյնութեան մասին: Ոչ մէկ թանգարան հայկական արուեստի այսքան ցուցանմուշներ չէ ներկայացուցած: Բոլոր 140 նմուշները բերուած են հայկական թանգարաններէն եւ եկեղեցիներէն եւ շատ քիչ կը տեղափոխուին»,- գրած է յօդուածագիրը:

Պարբերականը լայն անդրադարձ կատարած է ցուցադրութեան` ներկայացնելով նաեւ Հայաստանի պատմութիւնը սկսած այն ժամանակներէն, երբ Հայաստանի Տրդատ 3-րդ արքայի օրօք երկիրը պաշտօնապէս քրիստոնէութիւնը ընդունած է որպէս պետական կրօն, վերջացուցած 16-րդ դարով, երբ ի յայտ եկած են առաջին տպագիր գիրքերը:

yerakouyn.com/2018/10/26

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail