
26 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Հոկտեմբեր 25ին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովա հերքեց Մատրիտեան սկզբունքներուն մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին տեղեկատուութիւնը։ Ան նշեց, որ նման փոփոխութիւններու մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն ունի:
«Եթէ խօսքը փորձագէտներու կանխատեսումներուն մասին է՝ այդ ուրիշ հարց է: Մենք, պաշտօնական տեղեկատուութիւն կը մեկնաբանենք, իսկ նման տուեալներ ես չունիմ», յայտարարեց Զախարովա:
Մեկնաբանելով Արցախի մասին Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական Ճան Պոլթընի յայտարարութիւնը՝ Զախարովա յայտնեց, որ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը կը համապատասխանէ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի եւ կողմերու հետաքրքրութիւններուն:
asbarez.com/arm/328970/





