
26 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՍԱՍՈՒՆԵԱՆԻ ԱՆԿԻՒՆԸ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Ատրպէյճանի կամ Թուրքիոյ մէջ շաբաթ չ՛անցնիր առանց մեծ գայթակղութեան մը բացայայտման: Վերջերս գայթակղութիւն մը բացայայտուած է Սթոքհոլմի Ազատութեան կեդրոնի յօդուածին մէջ, թուրք վտարանդի գրող Ապտուլլահ Պոզքուրթի գրած՝ «Եութա նահանգի դատական գործը յաւելեալ կեղտ կը մատնանշէ Թուրքիոյ Էրտողանի վրայ» վերնագիրով:
Յօդուածին մէջ ցոյց տրուած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի փտախտաւոր ճիւղաւորումները կը հասնին մինչեւ Միացեալ Նահանգներ: Պատճառը, որ այս գայթակղութիւնը բացառիկ հետաքրքրութեան առարկայ կը դարձնէ յատուկ խորհրդական Ռոպերթ Միւլըրի համար, կապուած է անոր ռուսական հետապնդումին եւ «միջազգային կազմակերպուած յանցաւորութեան ցանց»ին, ըստ Պոզքուրթի:
«Եութա նահանգի դաշնային մեծ դատակազմը վերադարձուցած է Օգոստոս 1, 2018ին կնքուած մեղադրական եզրակացութիւնը, Էրտողանը անուանելով օտարերկրեայ պետութեան առաջնորդ, որ Քալիֆորնիոյ եւ Եութայի մէջ տեսակցած է կասկածելի գործարարներու հետ, ինչ որ հիմք կու տայ պնդելու, թէ այդ մէկը մեծագումար դրամներու լուացման եւ հարկերու խարդախութեան պարագայ է», կը հաղորդէ Պոզքուրթ:
Օգոստոս 24, 2018ին հրապարակուած մեղադրական եզրակացութիւնը՝ ամբաստանութիւն է այն մասին, որ «Washakie Renewable Energy (WRE) ընկերութեան գործադիր տնօրէն Ճէյքըպ Օրթել Քինկզթըն եւ ֆինանսական տնօրէն Իսայիա Քինկզթըն, հարկային վարկերու համար կեղծ պահանջ ներկայացնելով՝ ձեռք բերած են աւելի քան 511 միլիոն տոլար արժողութեամբ վերականգնուող վառելիքի հարկային վարկեր, որոնք նախատեսուած էին Միացեալ Նահանգներու մէջ օգտագործուող եւ արտադրուած վերականգնուող վառելիքի քանակի իբրեւ յաւելում: Քալիֆորնիոյ NOIL Energy Groupի վառելիքային ընկերութեան սեփականատէր Լեւ Ասլան Թերմեն (Լեւոն Թերմենճեան), որ կապեր ունի անդրազգային յանցաւոր ձեռնարկութեան հետ, նոյնպէս կը նկատուի այս մեծ ծրագիրին մէկ գործընկերը: 2010էն մինչեւ 2016, անոնք Միացեալ Նահանգներու մէջ փաստաթուղթեր կեղծած են եւ ապրանքներ շրջանառութեան մէջ դրած, ինչպէս նաեւ արտերկրի մէջ, որպէսզի ցոյց տան, որ իրենք ներգրաւուած են իրական առեւտուրի մէջ՝ հարկային վարկեր կարենալ ստանալու համար», գրած է Պոզքուրթ:
Մեղադրական եզրակացութեան մէջ նաեւ կ՛ըսուի, որ Ճէյքըպ Օրթել Քինկզթըն ձերբակալուած է Օգոստոս 23, 2018ին, Սոլթ Լէյք Սիթի քաղաքի միջազգային օդակայան տանող ճամբուն վրայ, երբ կը պատրաստուէր մեկնիլ Թուրքիա, զգուշացուած ըլլալէ ետք: Պոզքուրթ կը շարունակէ. «Քինկզթընները արդէն ձեռք բերած էին շքեղ ապարանք մը Թուրքիոյ ծովափնեայ մէկ քաղաքին մէջ, ըստ WRE հաշիւէն Թերմենճեանի հաշւոյն՝ Թուրքիոյ «Կարանթ»ի դրամատան կողմէ Մարտ 5, 2014ին կատարուած փոխանցման: Մեղադրական եզրակացութեան մէջ դէպի Թուրքիա շատ աւելի փոխանցումներ թուարկուած էին: Ճէյքըպ Քինկզթըն, որ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ յաճախ կը ճամբորդէր Թուրքիա, ընդ որում՝ Էրտողանի հետ տեսակցելու համար, թրքական օդակայանին մէջ զինք սովորաբար կը դիմաւորէին իբրեւ յոյժ կարեւոր անձնաւորութիւն, անոր կ՛ուղեկցէր ոստիկանութեան պահակախումբ եւ ան նոյնիսկ իր անձնագիրը չէր օգտագործեր Թուրքիա մտնելու համար՝ ըստ ամերիկեան մեղադրականին մէջ արձանագրուած վկայի մը ցուցմունքին»:
Ճէյքըպ Քինկզթըն առաջին անգամ Էրտողանի հետ տեսակցած է Նիւ Եորքի մէջ, Սեպտեմբեր 2017ին, երբ Թուրքիոյ նախագահը ժամանած էր Միացեալ Նահանգներ՝ մասնակցելու համար ՄԱԿի Գլխաւոր խորհուրդի ժողովին: Այս տեսակցութիւնը տեղի ունեցած է «այն բանէն ետք, երբ 2016 Փետրուար 10ին, Հետապնդումներու դաշնային գրասենեակը (FBI) անհրաժեշտ ստուգումներ կատարած է Քինկզթըն խումբի առարկաներուն մէջ, իսկ վառելիքի հարկին կապուած խարդախութիւնը արդէն բացայայտուած էր Եութայի թերթերու վերնագիրներուն մէջ», կը շեշտէ Պոզքուրթ:
«Նոյեմբերին սկիզբը Ճէյքըպ մեկնած է Թուրքիա՝ բարձր մակարդակի շարք մը հանդիպումներ ունենալու համար Անգարայի եւ Սթամպուլի մէջ: Ան վարձած է SBK Holding ընկերութեան նախագահ Սեզկին Պարան Քորքմազը՝ իբրեւ Թուրքիոյ մէջ կապի գլխաւոր օղակ, այն ժամանակ, երբ Քորքմազ ունէր առանձին ներդրումային եւ գործնական կառավարման ընկերութիւն՝ Mega Varlik Yonetim A.S., որ Թուրքիոյ մէջ հիմնադրուած էր 450 միլիոն տոլար սեփական դրամագլուխով», գրած է Պոզքուրթ:
«Թերմենճեան նաեւ ունի SBK Holdings USA անուամբ ընկերութիւն մը, որ Քորքմազի SBK Holding ընկերութեան քոյր ընկերութիւնն է Թուրքիոյ մէջ: Քորքմազ թրքական մամուլին ըսած է, որ WREի հետ անոր համագործակցութիւնը յանգեցուցած է 1 միլիառ տոլարի ներդրման եւ շնորհակալութիւն յայտնած է Էրտողանի՝ գործարքներուն իր անձնական աջակցութեան համար: Թուրքիոյ կառավարութեան ներդրումային աջակցութեան եւ խթանման գործակալութեան (ISPAT) Սեպտեմբեր 9, 2016 թուականի մամլոյ հաղորդագրութեան համաձայն՝ WRE-ն, Noil Energy Group-ը եւ SBK Holding ընկերութիւնը զգալի ներդրումներ կատարած են Թուրքիոյ մէջ եւ ծրագրած են աւելին ընել: SBK Holdingի հետ գործընկերութիւնը սկսած է 2013ին՝ Noil Energy-ի կողմէ անշարժ գոյքի ներդրումներու առաջին խմբաքանակով: Շինարարական եւ անշարժ գոյքի գործարքը ապօրինի ճամբաներով ստացուած եկամուտներու հիմնական աղբիւրն է Էրտողանի միլիառաւոր տոլարներու հասնող վիթխարի հարստութեան համար: Ընդհանուր ներդրումը հասած է 500 միլիոն տոլարի, եւ եւս կէս միլիոն տոլար, որ յատկացուած է Առեւտուրի ընդլայնման հիմնադրամին, Թուրքիոյ մէջ գործունէութեան ծաւալման համար: Եռեակը ներդրումներ կատարած է բոլոր տեսակի ոլորտներու մէջ, այդ շարքին՝ դեղագործական, ինքնաշարժներու, քիմիական, արհեստագիտական, ապակիի եւ սնունդի», կը հաղորդէ Պոզքուրթ:
«Էրտողանի քաղաքական աջակցութեամբ եւ պաշտպանութեամբ, SBK Holding ընդլայնած է իր գործունէութիւնը տարբեր ոլորտներու մէջ, ինչպէս՝ ֆինանսներու, ուժանիւթի, անշարժ գոյքի, պաշտպանութեան, հանքարդիւնաբերութեան, արդիւնաբերութեան, զբօսաշրջութեան, արհեստագիտութեան եւ լոճիսթիքի մէջ: Ընկերութիւնը հիմնականին մէջ աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէ ֆինանսներու ոլորտին մէջ՝ ներդրումային դրամատուներու, գործնական կառավարման եւ հումքի ֆինանսաւորման միջոցով: Այն նաեւ էական շահագրգռուածութիւն ունի ուժանիւթի հատուածին մէջ, որ կը տարածուի ինչպէս Ամերիկայի, այնպէս ալ Ռուսիոյ շուկաներուն մէջ: Էրտողանին բնաւ չէր անհանգստացուցած այն փաստը, որ Թերմենճեան արդէն ներգրաւուած էր Անվտանգութեան բաժանմունքի կողմէ իրականացուող ծաւալուն հետապնդումի մէջ՝ փողերու լուացման, հարկերէ խուսափելու եւ գողցուած վառելանիւթի գծով: Էտկար Սարգսեան, որ ամերիկեան SBK Holdingsի նախկին նախագահն ու փաստաբանն էր, Յուլիս 14, 2017ին դատարան ներկայացուցած հայցով նշած է, որ ռուս [հայ] Թերմենճեան յանցաւոր կազմակերպութեան ղեկավարն է: Տեղին է յիշեցնել, որ ան 1993 թուականին ձերբակալուած էր Ամերիկայի մէջ կազի հարկերու խարդախութեան յանցանքով, մինչ ռուսական մաֆիան, անցեալ դարու 80-90ականներուն աշխուժօրէն ներգրաւուած էր նման խարդախութեան մէջ: Անոր դէմ մեղադրանք արձանագրուած է նաեւ անցեալին՝ հարկային կեղծարարութեան եւ զինուած յարձակման համար, իսկ 2013ին ան ծեծկռտուքի յանցանքով դատապարտուած է», կը հաղորդէ Պոզքուրթ:
Հետաքրքրական է, որ «Քորքմազ, կարծես թէ հիմնական այն օղակն է, որ Քինկզթըններն ու Թերմենճեանը կը կապէ Էրտողանի մտերիմ Էքիմ Ալփթեքինի հետ, որուն Inovo BV հոլանտական կեղծ ընկերութիւնը վարձած է նախկին ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Մայք Ֆլինի Flynn Intel Groupը՝ զրպարտութեան քարոզարշաւ ունենալու եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող հոգեւորական, մահմետական մտաւորական Ֆեթուլլահ Կիւլէնը զրպարտելու համար, որ յայտնի է իբրեւ Էրտողանի վարչակարգի հիմնական քննադատող: Ֆլին վարձած է ԿՀՎի (CIAի) նախկին տնօրէն Ճէյմզ Ուըլսն, 2016 Օգոստոսին, Քալիֆորնիոյ մէջ Քորքմազի եւ Ալփթեքինի միջեւ կատարուած հանդիպման ժամանակ՝ Կիւլէնի դէմ աշխատանքներ տանելու համար: Սեպտեմբեր 20 2016ին, Նիւ Եորքի մէջ Ուուըլսի եւ իր կինը տեսակցած են Քորքմազի եւ Ալփթեքինի հետ եւ քննարկած այդ առաջարկը: Սեպտեմբեր 19, 2016ին Ֆլին տեսակցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեվլութ Չավուշօղլուի եւ Էրտողանի փեսայի՝ Պերաթ Ալպայրաքի հետ, որ նախարար է անոր աշխատակազմին մէջ՝ քննարկելու համար մէկ այլ առաջարկ՝ Կիւլէնի առեւանգման եւ ամերիկեան հողէն զայն Թուրքիա տեղափոխելու հետ կապուած: Երկու ամիս անց, Նոյեմբեր 8, 2016ին, Ֆլին հրապարակեց վատ գրուած, նուաստացնող խմբագրական Կիւլէնի մասին՝ The Hill լուրերու կայքէջին վրայ. շատեր կը կասկածին, որ այդ մէկը գրուած է ոչ թէ Ֆլինի, այլ թուրք գործակալներու կողմէ: Հետագային, Ֆլին ընդունեց կեղծ յայտարարութիւններ ըրած ըլլալու փաստը, որոնց շարքին նաեւ այն, որ թրքական կառավարութեան պաշտօնեաները վերահսկած եւ ղեկավարած են իր աշխատանքը: Ան նաեւ խեղաթիւրած է իր լոպիինկը Էրտողանի կառավարութեան անունով եւ ստած՝ The Hill-ի մէջ հրապարակուած խմբագրականին մասին», գրած է Պոզքուրթ:
2017ի Մայիսին, Միւլըրի խումբին հարցազրոյց տալէն ետք Ալփթեքին փախած է Թուրքիա եւ խուսափած է դատարան կանչուելէ, երբ հետագային ծանուցագիր ուղարկուած է անոր, ապա քննիչները եզրակացուցած են, որ ան ստած է իրենց: Քորքմազի յանձնարարուած է նաեւ վկայութիւն տալ դաշնային գլխաւոր դատակազմին առջեւ Ուաշինկթընի մէջ, 2017 Սեպտեմբեր 22ին, դաշնային քրէական օրէնքներու հնարաւոր խախտումներու՝ ներառեալ «Օ-տարերկրեայ գործակալներու գրան-ցման մասին օրէնք»ի (FARA) համար: Ան չէ ներկայացած դատարան: «Հաւանաբար, 450 հազար տոլարի գումարը, որ Ալփթեքինի հոլանտական կեղծ ընկերութիւնը վճարած էր Ֆլինի, իրականութեան մէջ փոխանցուած է Քորքմազէն: Եութայի մեղադրական եզրակացութիւնը բացայայտած է, որ Թերմենճեան 2017 Օգոստոսին փախած է Թուրքիա, այն օրը, երբ անոր տան եւ գրասենեակներուն մէջ խուզարկութեան թոյլտուութիւն տրուած էր», յայտնած է Պոզքուրթ:
«Եթէ Թուրքիոյ մէջ դատական անկախ համակարգ ըլլար, ապա, այս մասին նախ եւ առաջ պէտք է հանդէս գար թրքական քրէական արդարադատութեան համակարգը, այն ժամանակ Էրտողան ստիպուած կ՛ըլլար առնուազն հրաժարելու իր պաշտօնէն, այդ ալ խայտառակ ձեւով: Ամենայն հաւանականութեամբ, ան եւ անոր աւազակները կը յայտնուէին բանտի մէջ՝ թրքական տասնեակ օրէնքներ խախտած ըլլալու յանցանքով: Սակայն այս մէկը այլեւս կարելի չէ, քանի որ կաշառուած թուրք նախագահը խեղաթիւրած է դատական համակարգը, ջնջած՝ լրատուական միջոցներու անկախութիւնը եւ կասեցուցած՝ օրէնքի գերակայութիւնը 2013 Դեկտեմբերին կայացած հսկայական կաշառքի հետապնդումէն ետք, որով բացայայտուած էր անոր կաշառակերական փորձերը, ուր ներգրաւուած էին նաեւ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ մեծ գործարարներ: Այժմ՝ մենք կը տեսնենք Միացեալ Նահանգներու դատական գործողութիւնները ընդդէմ Էրտողանի յանցագործութիւններուն, որոնք տարածուած են ընդհուպ մինչեւ Ամերիկա: Այս անգամ ան չ՛ունենար քաղաքական լծակ՝ դրամական միջոցներով կանխելու կամ կոծկելու համար իրեն առնչուող դատական գործերը: Մինչ այդ, Էրտողան Նիւ Եորքի մէջ անյաջող փորձ մը ըրած էր Հաքան Աթիլլայի դատական գործով, եւ, հաւանական է, որ նոյն ճակատագիրը կը սպասէ Էրտողանի, նաեւ Եութայի գործով», եզրափակած է Պոզքուրթ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
asbarez.com/arm/328901/





