Յեղափոխութեան Շուրջ Համախմբում – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ԽԱՉԻԿ-ՀՐԱԿ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

23 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

ԽԱՉԻԿ-ՀՐԱԿ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

Երիտասարդ յօդուածագիր  Խաչիկ Հրակ Տեմիրճեանի յօդուածին տեղ կու տանք` այնտեղ արծարծուած որոշ միտքերու հանդէպ մեր վերապահութիւնները յայտնելով: Հայաստանի մէջ արձանագրուած յեղափոխութիւնն ու յետյեղափոխական իրադարձութիւները օրինական դաշտին մէջ պահելը գերակայ առաջադրանք պէտք է մնայ, նախ` անշուշտ հակաօրինական նախադէպեր չստեղծելու եւ ժամանակի ընթացքին յաջորդ որեւէ յեղափոխութիւն առաջացնողներուն արդարացում չտալու` նախընթաց հակաօրինականութեան չդիմելու:

Երկրորդ, յաչս միջազգային հանրութեան, ամէն գործընթաց սահմանադրականութեան եւ օրինական դաշտին մէջ պահելը ոչ միայն  կը նպաստէ երկրի ու պետութեան միջազգային հեղինակութեան բարձրացման , այլ նաեւ` նորահաստատ իշխանութիւններու օրինականութեան ճանաչելիութեան:

Ինչ կը վերաբերի յեղափոխական-հակայեղափոխական բաժանարարութեան, ապա անիկա կը վերածուի նպաստող գործօնի` հասարակութեան բեւեռացումի, անոր ճամբարներու միջեւ բաժանումի եւ նոյնինքն հրաժարեալ վարչապետի բառերով` քաղաքական «ռասիզմ»-ի: Ինչէն, բարեբախտաբար, կ՛ուզէ հրաժարիլ Հայաստանի քաղաքական դաշտի այսօրուան գլխաւոր ուժը, որ նաեւ հրապարակայնօրէն կ՛ըսէ, թէ հասած է «բարիկատներ»-ը քանդելու ժամանակը:

ԽՄԲ.

Գարնան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութիւնը կու գար  իր յատուկ դրոշմը դնելու մերօրեայ պատմութեան վրայ: Արդարեւ, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ յեղափոխութիւն, որ զատորոշուեցաւ վերջին ժամանակաշրջանի գունաւոր յեղափոխութիւններէն: Յեղափոխութիւն, որ կարելի չեղաւ շահագործել օտար ուժերու կողմէ, ուր չեղան մարդկային կորուստներ, եւ իշխանութեան անցնցում փոխանցում կատարուեցաւ: Անհերքելի փաստ է, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութիւնը կու գար վերջ դնելու Հայաստանի փտածութեան, կաշառակերութեան եւ հիմքը դնելու նոր Հայաստանի մը ձեւաւորման: Նոր Հայաստան, ուր վերջապէս մեր հայրենի ժողովուրդը մեծ հաւատք ունի իր իշխանութիւններուն նկատմամբ: Վերջապէս իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին միջեւ անվստահութեան, վախի եւ դժգոհութեան վիհը փակուած կարելի է նկատել: Այսօր ժողովուրդը արդէն կը հաւատայ իշխանութեան, անոր անշահախնդրութեան եւ, ինչ որ աւելի կարեւոր է, ան արդէն կը հաւատայ նոր ու բարեկեցիկ Հայաստանի մը զարգացման եւ ինքզինք կը զգայ դերակատար` սոյն տեսլականին գործադրութեան համար տարուող աշխատանքին մէջ:  Սակայն այս յեղափոխութիւնը տակաւին չէ արձանագրած իր ամբողջական յաղթանակը: Մինչեւ արտահերթ ընտրութիւններու կայացումը եւ նախկին կեղեքողներու դատապարտումը` կարելի չէ յեղափոխութիւնը նկատել ամբողջացած:

Սոյն յօդուածը կը միտի թաւշեայ յեղափոխութեան վերաբերեալ որոշ մտածումներ արձանագրել եւ ընթերցողին հետ բաժնել որոշ մտահոգութիւններ:

Օրէնքի գերակայութեան անհեթեթութիւն

Թաւշեայ յեղափոխութեան բերմամբ, փոխուեցաւ երկրին գործադիր իշխանութիւնը, եւ որոշ փոփոխութիւններ կատարուեցան դատական իշխանութեան մէջ, սակայն օրէնսդիր իշխանութիւնը մնաց նոյնը: Ասիկա արդէն հիմնական անհեթեթ կէտն է, որ առիթ դարձաւ այլ հարցերու յառաջացման: Արդարեւ, այսօր օրէնսդիր իշխանութեան մեծամասնութիւնը կը կազմէ նախկին վարչապետին ղեկավարած կուսակցութիւնը: Յեղափոխութիւնը Սերժ Սարգսեանին դէմ չէր միայն, այլեւ` անոր ղեկավարած համակարգին դէմ, կատարուած ընտրակեղծիքներուն դէմ, զեղծարարութեան դէմ, մենաշնորհներուն դէմ: Այսօր կեղծիքներով եւ  զեղծարարութեամբ ու ճնշումներով ընտրուած այս պատգամաւորներուն վստահուած է վարել նոր Հայաստանի օրէնսդիրի պաշտօնը, անոնց վստահուած է ընտրական նոր օրէնսգիրքի մշակումը եւ յեղափոխութիւնը իր լրումին հասցնելը: Այս տրամաբանութեամբ, օրէնքի գերակայութիւնը եւ սահմանադրական ամբողջական իրագործումը կը դառնան անհեթեթ եւ կը նպաստեն հակայեղափոխութեան: Արդարեւ, օրէնքները ժողովուրդին ծառայելու համար ստեղծուած են: Իսկ յեղափոխութիւն` կը նշանակէ անպայման որոշ օրէնքներու խախտում: Եթէ ամէն ինչ օրինական ճամբով իրագործուի, ապա յեղափոխութեան անհրաժեշտութիւն չ՛ըլլար: Իսկ եթէ գարնան նոյն այս օրէնքներու «խախտում» չըլլար, այսօր արդէն Սերժ Սարգսեանը թեւակոխած կ՛ըլլար իր մենիշխանութեան վեցամսեակը: Մինչեւ յեղափոխութեան ամբողջացումը` անհեթեթ է խօսիլ օրէնքի տառին գործադրութեան մասին: Արդարեւ, տուեալ օրէնքներէն շատեր մշակուած են նախկին փտած համակարգին կողմէ` անոր կեղեքումները աւելի հեզասահ կատարելու նպատակով:

Համերաշխութեան սխալ մեկնաբանութիւն

Զարմանալի յաջորդ կէտը համերաշխութեան կոչն է: Ի՞նչ համերաշխութեան մասին է խօսքը, երբ կայ իշխանութիւն մը, որ սանձարձակ իշխած է այսքան տարի եւ հարստութիւն դիզած է ապօրինի տարբեր միջոցներով: Ինչպէ՞ս թալանուած ու կողոպտուած ժողովուրդը կրնայ ընդունիլ համերաշխութիւն` տուեալ իշխանութիւններուն հետ: Ի վերջոյ այդ ժողովուրդն է, որ այս թալանին պատճառով կ՛ապրի տնտեսական վատ վիճակի մէջ եւ յաճախ կը ստիպուի լքել երկիրը` փոփոխութեան ոչ մէկ տեսլական ունենալով: Շատեր կը նեղանան, երբ յեղափոխական-հակայեղափոխական բաժանումը տեղի կ՛ունենայ: Յատկապէս երբ, ըստ իրենց, այդ բաժանումը ճիշդ ձեւով չէ, որ կը կատարուի: Այսօր յստակ եւ իրաւացի բաժանում կայ յեղափոխականներու եւ հակայեղափոխականներու միջեւ: Եւ այս բաժանումը շատ պարզ է: Բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատան նախկին իշխանութիւններու վերադարձին եւ ուղղակի կերպով կամ անուղղակիօրէն կը նպաստեն անոր վերադարձին, կը նկատուին հակայեղափոխական: Իսկ բոլոր այն ուժերը, որոնք կը մերժեն նախկին իշխանութիւններու օրինականութիւնը եւ կը հաւատան ժողովուրդի ուժին ու փոփոխութեան անհրաժեշտութեան, կը նկատուին յեղափոխական: Իսկ համերաշխութիւնը, որուն շատեր կ՛ակնարկեն, պէտք է ըլլայ այս յեղափոխական ուժերուն միջեւ: Այո՛, համերաշխութեան կոչ կ՛ուղղէ նոյնինքն յեղափոխութեան առաջնորդը: Բայց անոր կոչը կը վերաբերի նախ եւ առաջ յեղափոխական ուժերու համերաշխութեան: Ճիշդ է` բոլոր յեղափոխական ուժերը պայման չէ, որ միշտ համաձայն ըլլան վարչապետին վարած քաղաքականութեան հետ, եւ բնական է այս անհամաձայնութիւնը, բայց անոնք պէտք է յանգին ընդհանուր յայտարարի` վստահութեան եւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ: Սոյն ուժերուն առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ յեղափոխութեան ամբողջական յաղթանակը: Եւ այս սկզբունքէն պէտք չէ երբեք զիջին: Իսկ ընդհանուր համերաշխութեան եւ միասնականութեան կոչերը, որոնք կ՛ըլլան բազմաթիւ քաղաքական ուժերու կողմէ, եւ որոնք կը ներառեն համերաշխութիւն` նախկին իշխանութիւններուն եւ նոր իշխանութիւններուն միջեւ, պարզապէս վերոյիշեալ համերաշխութեան սխալ մեկնաբանութիւններ են: Ինչպէ՞ս կարելի է պատկերացնել համերաշխութիւն` կեղեքողին եւ կեղեքուողին միջեւ, նախքան` կեղեքողին դատապարտումը:

Այսօր թաւշեայ յեղափոխութիւնը իր լրումին հասցնելը պարտականութիւնն է իւրաքանչիւր հայրենասէր հայու կամ կազմակերպութեան, որ կը հաւատայ նոր Հայաստանի ստեղծման անհրաժեշտութեան: Սոյն պարտականութեան ստանձնումը չի նշանակեր անպայման ամէն ինչով համաձայնիլ յեղափոխութեան առաջնորդներուն հետ, այլ` պատասխանատու եւ կառուցողական ձեւով ներկայացնել առաջարկներ, այլընտրանքներ, որոնք յստակօրէն կը միտին նպաստել յեղափոխութեան յաջողութեան եւ ոչ մէկ ձեւով առիթ կու տան նախկին իշխանութիւններու վերադարձին: Այս յանձնառութիւնը կը նշանակէ յեղափոխութեան վտանգուած ժամանակ ըլլալ ամբողջական նեցուկ յեղափոխութեան ու անոր առաջնորդներուն: Այսօր շատեր կը խօսին նոր իշխանութիւններու անփորձութեան կամ սխալներուն մասին: Եւ այստեղ է, որ պէտք է անհրաժեշտութիւնը տեսնել յեղափոխական ուժերու միասնականութեան եւ համերաշխութեան` սրբագրելու այդ սխալները, առանց այդ սխալները խոշորացոյցի տակ առնելու եւ առիթ տալու, որ այդ սխալները օգտագործուին նախկին իշխանութիւններուն կողմէ:

Գարնան սկսած թաւշեայ յեղափոխութիւնը արդէն իր վերջին փուլը թեւակոխած է: Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն կայացումը եւ նախկին կեղեքողներու դատապարտումը կը մնան վերջին քայլերը այս յեղափոխութեան ամբողջական յաղթանակին եւ նոր Հայաստանի ստեղծման տեսլականին: Այստեղ քաղաքական բոլոր այն կազմակերպութիւնները, որոնք կը հաւատան նոր Հայաստանի ստեղծման, բոլոր այն կազմակերպութիւնները, որոնք Հայաստանի շահը կը գերադասեն իրենց խմբային շահերէն, պէտք է մասնակից ըլլան սոյն յեղափոխութեան յաջողութեան, մասնակից ըլլան նոր Հայաստանի ստեղծման ու զարգացման: Ինչպէս ՀՅԴ մանիֆեստը կ՛ըսէր դեռ 1890-ին` «Համախմբուե՛նք, հայե՛ր, եւ քաջութեամբ առաջ տանենք հայրենիքի ազատութեան սուրբ գործը»: Ազատութիւն` իր իսկ հայրենի ժողովուրդը կեղեքողներէն, ազատութիւն` ժողովուրդի հաշուոյն հարստացողներէն:

aztagdaily.com/archives/413349

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail