28 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՍԻՐԱՆՈՒՇ ՊԱՊԵԱՆ
«Առաջին լրատուական» տեղեկատուական վերլուծական կեդրոնը հետեւեալ հարցազրոյցը կատարած է Սուրիոյ «Գանձասար» թերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանին հետ:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Տիկի՛ն Պօղիկեան, ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստանի քայլը, որ սակրաւորներ ու բժիշկներ կ՛ուղարկէ Սուրիա` մարդկային առաքելութեան անուան տակ: Դուք այստեղ որեւէ վտանգ չէ՞ք տեսներ, որ հայկական դրօշի ներքեւ մարդկային առաքելութեան պատճառով կրնայ խախտուիլ հայ համայնքի չէզոքութիւնը:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Հայաստանը` որպէս պետութիւն, իր պարտաւորութիւնն ու առաքելութիւնը կ՛իրականացնէ որպէս մարդասիրական նպաստ` երկրի մը, որ տարիներ շարունակ պատերազմի մէջ է եւ կարիք ունի այդպիսի օժանդակութեան: Ես կը կարծեմ, որ ատիկա քաղաքական տեսանկիւնէն ոչ մէկ նշանակութիւն ունի: Կը կրկնեմ` ասիկա մարդասիրական առաքելութիւն է: Հայաստանն ու Սուրիան բարեկամ երկիրներ են, դիւանագիտական կապերն առկայ են: Հայաստանը միակ երկիրն է, որ պատերազմի տարիներուն իր դիւանագիտական ներկայութիւնը պահեց: Ես կը կարծեմ, որ բոլորին կողմէ ճիշդ կ՛ընկալուի այդ օժանդակութիւնը եւ որեւէ վտանգ չի ներկայացներ:
Հ.- Այսինքն այստեղ որեւէ վտանգ չէ՞ք տեսներ: Հայաստանի մէջ մտահոգութիւններ կը հնչեն, որ հայերը կրնան ահաբեկիչներու թիրախ դառնալ:
Պ.- Ես այդպիսի վտանգ չեմ տեսներ: Հաշուի առնելով, որ ասիկա մարդասիրական օժանդակութիւն է, նաեւ` հաշուի առնելով, որ Հայաստանը Սուրիոյ բարեկամ երկիր է:
Ինչ կը վերաբերի հայ համայնքին, ապա պէտք է նշեմ, որ հայ համայնքը հանդէս կու գայ Սուրիոյ պետութեան շահերու դիրքերէն: Ես կը ցանկայի, որ Սուրիոյ շահերը, որպէս պետութեան, պաշտպանուին, որուն շնորհիւ նաեւ պաշտպանուած կը զգան խաղաղ բոլոր համայնքները, բոլոր մարդիկ, բոլոր կողմերու համար ընդունելի միջոցներով կարգաւորում կ՛ըլլայ:
Պէտք է նկատել, որ հիմա Սուրիան սպասողական վիճակի մէջ է, որովհետեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը ժամանակաւոր է: Յուսով ենք, որ այդ համաձայնութեան շնորհիւ ելք կը գտնեն` բախումները կանխելու առումով: Բոլոր օտար ուժերը, որոնք ապօրինի մուտք գործած են Սուրիա, աստիճանաբար դուրս կու գան` իրենց առաքելութիւնը աւարտած համարելով, եւ Սուրիան կը վերագտնէ իր ներքին համերաշխութիւնը: Անվտանգութեան առումով, ներկայիս Հալէպի մէջ աւելի անվտանգ է, քան` նախորդ տարիներուն, որոշ արուարձաններ կան, ուր զինեալ խմբաւորումներու հետ բախումներ կ՛ըլլան, բայց համաձայնութիւններ կը գոյանան, որպէսզի այդ շրջաններն ալ այդ վիճակէն դուրս գան: Հիմա երկիրը համեմատաբար խաղաղ փուլի մը մէջ է, ինչպէս նաեւ հայ համայնքը: Հայ եկեղեցին ալ բնականոն կը գործէ:
Հ.- Սուրիոյ հայ համայնքէն մեծ արտագաղթ կար: Հիմա ինչպիսի՞ն է իրավիճակն այդ առումով, կա՞ն Սուրիա վերադարձողներ:
Պ.- Պէտք է նկատի ունենալ, որ պատերազմը դեռ չէ աւարտած, եւ կարելի չէ մտածել, որ ամէն ինչ վերջացած է, խաղաղ է: Բայց, բարեբախտաբար, կան մարդիկ, որոնք Հալէպէն ժամանակաւոր հեռացած էին աւելի անվտանգ շրջաններ, հիմա վերադարձած են: Վերադարձողներ կան նաեւ հարևան երկրներէն, օրինակ` Լիբանանէն: Մարդիկ նախընտրեցին իրենց ծննդավայրը. այո, կան վերադարձողներ, սակայն պատերազմով պայմանաւորուած դժուարութիւնները դեռ կը պահպանուին: Հայ համայնքը իր միջոցներով կը փորձէ օգտակար ըլլալ իր անդամներուն, դպրոցներուն, որպէսզի այդ հաստատութիւնները շարունակեն գործել: Բացի այդ, տարբեր աջակցութիւններու շնորհիւ, եկեղեցիներ եւ այլ շէնքեր կը նորոգուին, նաեւ վերադարձողները սկսած են վերանորոգել իրենց տուները:
Հ.- Այսինքն հայ համայնքը ոչ թէ չէզոք է, այլ իշխանութիւններուն կ՛աջակցի:
Պ.- Ոչ թէ իշխանութիւններուն կ՛աջակցի, այլ` պետութեան: Իշխանութիւնները ժամանակաւոր են, իսկ մենք միշտ պետութեան ու հայրենիքի շահերու կողմն ենք:
horizonweekly.ca/