Տիգրանակերտի Մէջ Հինգ Քաղաքացիներէն Երկուքը Կը Խօսի Հայերու Հետ Ազգակցական Կապեր Ունենալու Մասին. Մկրտիչ Մարկոսեան

28 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Թուրքիոյ ժամանակակից ամենայայտնի հայ գրողներէն Մկրտիչ Մարկոսեան հարցազրոյց մը ունեցած է Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթին հետ, Տիգրանակերտի մէջ վերջերս տեղի ունեցած գիրքի ցուցահանդէսի մը մասին, որուն՝ հեղինակը հրաւիրուած էր իբրեւ պատուոյ հիւր:

Թուրքիոյ մէջ մեծ արձագանգ գտած «Կեաւուրի Թաղը» գիրքին հեղինակը անդրադարձած է նաեւ պատմական Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին ներկայիս ապրող քաղաքացիներուն հայերու հանդէպ ունեցած վերաբերումին, անոնց անկեղծութեան, ինչպէս նաեւ իսլամացուած հայերու հարցերուն:

«Ապրին. զիս իբրեւ պատուոյ հիւր հրաւիրեցին, բացման ելոյթներ հնչեցուցին, բայց բան մը կար, որ զիս տխրեցուց. այդքան չսիրեցի այն գաղափարը, որ ես իմ ծննդավայրին մէջ, իմ հողերուն վրայ, պատուոյ հիւր համարուիմ: Ինչո՞ւ: Ես տիգրանակերտցի եմ, հոն հիւր չեմ։ Այս մէկը ինծի հեգնանքի պէս թուաց: Այս մասին հոն ալ բացայայտօրէն ըսի», նշեց գրողը:

Լրագրողի այն հարցումին, թէ՝ ըստ իրեն, Արեւմտեան Հայաստանի մէջ մարդոց մեծ հետաքրքրութիւնը հայերու եւ հայկական անցեալին հանդէպ ուրկէ՞ կու գայ, եւ թէ արդեօք անիկա հին ժամանակներու կարօ՞տն է, թէ կորսուածին գիտակցութիւնը՝ Մարկոսեան պատասխանեց. «Երբեմն ես ինծի կու տամ այս հարցումը: Կարծես յատուկ ջանք կը տարուի: Կ՛ըսեմ՝ «կարծես», որովհետեւ բոլորը չենք ճանչնար: Հոն հինգ քաղաքացիներէն երկուքը կը խօսի հայերու հետ ազգակցական կապեր ունենալու մասին: Յատկանշական է այս, որովհետեւ ոչ ոք անոնց կոկորդը սեղմելով՝ չի ստիպեր, որ այդ բոլորը ըսեն. իրենք կը հաստատեն: Ոմանք ամբողջութեամբ հայ են (նկատի ունի իսլամացուած), քիւրտերը անոնց «պեֆըլլէ» կ՛ըսեն (քրտերէնով՝ հայ, քրիստոնեայ): Չեմ գիտեր, որ եթէ ես իրենց վիճակին մէջ ըլլայի, ինչ պիտի ընէի»:

asbarez.com/arm/329036/Տ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail