04 հոկտեմբեր 2015
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժա «Բաղրամեան» ռազմափորձին ընթացքին լրագրողներուն յայտնած է, որ ՀԱՊԿ-ի համար վերջին շրջանին հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ տեղի ունեցածը անընդունելի է:
«Մեզի համար անընդունելի է, որ ռմբակոծուած են Հայաստանի տարածքները, ծանր զինատեսակներ օգտագործուած են խաղաղ բնակչութեան դէմ: Այդպիսի դէպքերը մեզի համար բացարձակապէս անընդունելի են», յայտարարած է Պորտիւժա:
ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը նաեւ ընդգծած է, որ զիրենք կը մտահոգէ այն հանգամանքը, որ ՀԱՊԿ-ի խորհուրդի, կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարներու արտաքին գործոց նախարարներուն յայտարարութիւնները դրացի երկրին` Ազրպէյճանի վրայ որեւէ ազդեցութիւն չեն ձգեր: Ան յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է ամէն ինչ ընէ, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը ստանայ խաղաղ լուծում, եւ իրավիճակը աւելի չսրի:
Ըստ անոր, ներկայիս Իրաքի, Սուրիոյ եւ աշխարհի այլ «թեժ կէտերուն մէջ» տիրող իրավիճակը հաշուի առնելով` պէտք չէ արտօնել, որ յաւելեալ «թեժ կէտ» մը յառաջանայ:
Պորտիւժա նաեւ նշեց. «Ես կը կարծեմ, որ Հայաստանի բանակը ունի բոլոր կարելիութիւնները երկրին անվտանգութիւնը, կայունութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը ապահովելու համար»:
Այն հարցումին, թէ ո՛ր պահուն ՀԱՊԿ-ն պիտի միջամտէ, Պորտիւժա պատասխանեց, որ կազմակերպութիւնը կը միջամտէ այն պարագային, երբ ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններէն մէկը ի զօրու չ՛ըլլար ապահովել սեփական անվտանգութիւնը եւ կայունութիւնը:
«Այստեղ կարեւոր է նաեւ այն հանգամանքը, որ պետութիւնը պէտք է անձամբ դիմէ ՀԱՊԿ-ին` օգնութեան խնդրանքով: Եթէ պետութիւնը կը դիմէ այդպիսի խնդրանքով, Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդը կը քննարկէ այդ երկրին օգնութիւն տրամադրելու հարցը: Ատիկա կրնայ ըլլալ քաղաքական, ելեւմտական կամ զինուորական օգնութիւն: Ամէն ինչ կախեալ է Անվտանգութեան խորհուրդի որոշումէն, սակայն հիմը այն կարեւոր հանգամանքն է, որ պետութիւնը պէտք է անձամբ օգնութեան խնդրանքով դիմէ», աւելցուցած է ան:
http://www.aztagdaily.com/