29 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՆԵՐՔԻՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Շաբաթ, 27 հոկտեմբերին լրագրողները վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանին հարց ուղղեցին` «յայտարարած էք, որ մարտի 1-ի գործը ամբողջութեամբ բացայայտուած է, այդ պարագային, որո՞նք են մարդոց վրայ կրակողները»: Փաշինեան պատասխանած է. «Չեմ կրնար ըսել, հապա՞ անմեղութեան կանխավարկածը: Դուք բոլորդ այդ անմեղութեան կանխավարկածի ջերմեռանդ պաշտպաններն էք»:
Միացեալ Նահանգներէն զէնք գնելու կարելիութեան վերաբերեալ Փաշինեան նշեց. «Եթէ Միացեալ Նահանգներուն կողմէ ըլլայ շահաւէտ առաջարկ, կը քննենք»:
Անդրադառնալով Ճոն Պոլթընի այն յայտարարութեան, թէ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք որոշիչ քայլեր պիտի ըլլան Արցախի հարցով, վարչապետի պաշտօնակատարը նշեց. «Ճոն Պոլթընը կամ ոեւէ մէկը չի կրնար իմ անունովս խօսիլ»:
Փաշինեան վերահաստատեց իր նախկին տեսակէտը. «Ես ըսած եմ, թէ պիտի չտրուի որոշում մը, որ ընդունելի չըլլայ հայ ժողովուրդին, Արցախի ժողովուրդին ու Արցախի իշխանութիւններուն համար: Ոմանք մինի փոթորիկներ կը կազմակերպեն, բայց եկէք ընդունինք` հարցին համընդհանուր լուծման առումով կը հասկնանք, որ որեւէ լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ նաեւ Ազրպէյճանի ժողովուրդին համար: Ես չեմ սեպեր, որ Ղարաբաղի հարցը լուծողը որեւէ կառավարութիւն է, կամ ես, կամ ոեւէ վարչապետ: Մի՛ սեփականաշնորհէք, ես Ղարաբաղի հարցը լուծողը չեմ: Ղարաբաղի հարցը լուծողը հայ ժողովուրդն է, Արցախի ժողովուրդը, նաեւ` սփիւռքը»:
aztagdaily.com/archives/414246