Հայաստանի Նոր Բարեկամները` Ըստ Ճոն Պոլթընի

29 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճոն Պոլթընը hայաստանեան իր առաքելութիւնը լրումին հասցուց` առանց յուսախաբ ընելու: Ան չթաքցուց իր կառավարութեան հետապնդած նպատակները տարածաշրջանէն ներս եւ չքողարկեց ամերիկեան ակնկալիքները Հայաստանէն:

Պոլթընը նոյնիսկ խոյս չտուաւ Հայաստանի մէջ իշխանութեան փոփոխութիւնը հովանաւորողի տպաւորութիւնը ձգելէ: Ոգեւորուած իր թողած տպաւորութենէն` թելադրական ոճով ան յայտնեց լրագրողներուն. «Եթէ (դեկտեմբերի) ընտրութիւններու արդիւնքներով Փաշինեանը եւ իր քաղաքական խմբակը մեծ մանտաթ ստանան, ատիկա լաւ հնարաւորութիւն կ՛ըլլայ (ղարաբաղեան խնդրի) կարգաւորման հարցի մէջ վճռական քայլերու համար»:

Կասկած չկայ, թէ Պոլթընին համար ի՛նչ կրնան ըլլալ այդ վճռական քայլերը, երբ նկատի ունենանք շաբաթ մը առաջ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնաւարտ դեսպան Ռիչըրտ Միլզի եւ քանի մը օր առաջ Պաքուի մէջ Մինսքի խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի խրատականները: Այս երկու դիւանագէտները կը յորդորէին Հայաստանը, պարզ եւ մեկին, որ խաղաղութեան պայմանը հողերու վերադարձն է:

Սակայն, հետեւելով Պոլթընի դիւանագիտական տողանցքին, ի յայտ կու գայ, որ Միացեալ Նահանգներու համար հողերու վերադարձով «խաղաղութիւն»-ը ոչ թէ նպատակ է, այլ` միջոց: Բուն նպատակը այլ բան է: Այդ նպատակը Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանագիծին վրայ չի գտնուիր, այլ` Հայաստան-Իրան սահմանագիծին վրայ:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի հարցազրոյցին ընթացքին, Պոլթըն հաստատեց թէ իր կառավարութիւնը հետամուտ է «սեղմել Իրանի շուրջ օղակը»: Հետեւաբար պէտք չէ միամիտ ըլլալ ու խաբուիլ, երբ Պոլթըն կը պնդէ, որ «Հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները մեզի համար ռազմավարական նշանակութիւն ունին», որովհետեւ այս «ռազմավարական նշանակութիւնը» գլխաւորաբար կը վերաբերի «Իրանի շուրջ օղակը սեղմել»-ու գործին մէջ Հայաստանին վերապահուած դերակատարութեան:

Ոչ թէ «խաղաղութեան» համար, այլ «օղակը սեղմելու» համար է, որ կարեւորութիւն կը ստանայ ղարաբաղեան հարցին լուծում բերելու ամերիկեան շտապողականութիւնը:

Իսկ ինչ կը վերաբերի հայ-իրանական դարաւոր բարեկամութեան, Պոլթըն հարց չի տեսներ, եթէ այդ բարեկամութիւնը այս գործընթացով վատթարանայ, որովհետեւ Հայաստան այլընտրանք ունի: Այսինքն Հայաստանի համար այլ հարեւան երկիրներու հետ նորոգեալ բարեկամութիւններ հաստատելու առիթը կ՛ընծայուի:

Բացառաբար ամերիկեան շահերէ մեկնող մատնանշուած այս այլընտրանքը կ՛երաշխաւորուի, ըստ Պոլթընի, Ղարաբաղեան հարցի կարգաւորումով: Իր իսկ բացատրութեամբ, «Կը կարծեմ, որ ներկայիս հանգամանքները կ՛ընդգծեն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի շուրջ փոխադարձ համաձայնութեան հասնելու կարեւորութիւնը, քանի որ եթէ այդ տեղի ունենայ, կը բացուի հայ-ազրպէյճանական սահմանը: Թուրքիայի հետ սահմանը, կը կարծեմ, եւս կը բացուի»:

Որպէսզի սահմաններ բացուելու եւ նոր բարեկամ հարեւաններ ունենալու խայծը Հայաստանին համար դիւրամարս դառնայ, Պոլթընը կը յիշեցնէ, որ Հայաստան առիթը կ՛ունենայ ամերիկեան զէնքեր գնելու, ինչպէս նաեւ` ներդրումներ ստանալու ամերիկեան գործարարներէ:

Անշուշտ ան չ՛անդրադառնար այն օրինական սահմանափակումներուն, որոնք կը դրուին վաճառուած ամերիկեան զէնքերու գործածութեան վրայ: Ան նաեւ կը մոռնայ բացատրելու, թէ սահմաններու բացումէն ետք Հայաստան ինչո՞ւ ամերիկեան զէնքեր պիտի գնէ, երբ թշնամի հարեւաններ այլեւս գոյութիւն չունին: Հաւանաբար պոլթընեան հաշուարկին մէջ մտած է այն հաւանականութիւնը, որ Իրան, Վրաստան կամ Ռուսիա, կամ` երեքը միասնաբար, նոր թշնամիներու պիտի վերածուին Հայաստանի համար:

Ինչ կը վերաբերի ակնկալուած ներդրումներուն, ամերիկեան գործարարներու դրամական եւ առեւտրական գործառնութիւնները միշտ ալ ընդունելի եւ մեծապէս գնահատելի եղած են մեր հայրենիքին համար: Նման ներդրումները այնքան ալ կախեալ չեն եղած ղարաբաղեան հարցի բարւոք լուծումէն:

Վերջաւորութեան Պոլթընի խորհուրդներէն կը ստացուի հետեւեալ պատկերը: Եթէ ղարաբաղեան հարցը կարգաւորուի, Պոլթըն «կը կարծէ», որ Ազրպէյճան կը բանայ իր սահմանը Հայաստանի հետ: Ապա Պոլթըն կը շարունակէ «կարծել», որ Թուրքիա եւս կը բանայ իր սահմանները:

Սահմաններու այս կարծեցեալ բացումին դիմաց, հայկական կողմը ազատագրուած հողեր կը վերադարձնէ Ազրպէյճանին եւ կը փակէ իր սահմանը Իրանին դիմաց:

Պոլթընեան լուծումով մենք պիտի կորսնցնենք հայրենական հողեր եւ` բարեկամութիւնը դարաւոր հարեւան երկրի մը, որուն հետ մեր գործակցութիւնը ոչ միայն ռազմավարական, այլեւ կենսական նշանակութիւն ունի:

Այսպիսով, սակայն, պիտի շահինք նոր բարեկամ հարեւաններ: Պահ մը կրնա՞նք պատկերացնել մեր նոր բարեկամ հարեւանները` Ազրպէյճան եւ Թուրքիա: Անշուշտ Պոլթընը կրնայ մեզ խրատել, որ մեր «պատմական կաղապարներէն» պէտք է ձերբազատինք:

25 հոկտեմբեր 2018
Լոս Անճելըս

aztagdaily.com/archives/414183

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail