«Հայաստանը Ապագայի Դարպասն է». Նախագահ Արմէն Սարգսեան

29 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր աշխատանքային նախաճաշ ունեցած է Հայաստանի գիտութեան եւ արհեստագիտութեան հիմնադրամի (FAST) հոգաբարձուներու եւ խորհրդատուական խորհուրդներու անդամներու հետ, որոնց մէջ են յայտնի գիտնականներ, ճարտարագէտներ, գործարարներ ամբողջ աշխարհէն:

Զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են Հայաստանի գիտաարհեստագտական հիմնադրամի գործունէութեան արդիւնաւէտ կազմակերպման վերաբերող հարցերու շուրջ, քննարկած նախանշուած նպատակներու իրագործման համար անհրաժեշտ պայմանները, մեքանիզմներն ու հնարաւորութիւնները:

Այնուհետեւ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան մասնակցած է հիմնադրամի կազմակերպած` «Նախագծելով էւոլուցիան(զարգացումը-ԵՌԳ․)» խորագիրը կրող Համաշխարահին նորարարութիւններու ժողովի բացման:

Նախագահը, որ նաեւ FAST հիմնադրամի խորհրդատուական խորհուրդի պատուաւոր անդամ է, ողջունելով մասնակիցները 21-րդ դարու երկրին մէջ, կարեւոր համարեց Հայաստանի մէջ նման ժողովներու իրականացումը:

Ան մասնաւորապէս նշեց, որ Հայաստանը ոչ միայն քաղաքակրթութիւններու բնօրրան է, այլեւս ի սկզբանէ եղած է Արեւելքի ու Արեւմուտքի խաչմերուկին:

«Քանի որ սա դարպաս է, խաչմերուկ, կը կարծեմ` ժամանակն է, որ մարդկութիւնը ետ դառնայ դէպի իր ակունքները, դէպի իր ծագումը, դէպի մարդկային ցեղի ծագման վայր` Հայաստան: Օրերս Ժնեւի մէջ կը խօսէի 4-րդ արդիւնաբերական յեղափոխութեան մասին, եւ ըսի, որ չկան յեղափոխութիւններ, կայ զարգացում: Մարդկութիւնը, մենք պէտք է մաս կազմենք բարեշրջումին կամ զարգացման: Սա ոչ միայն գիտական ու արհեստագիտական զարգացում է, այլեւ մեր հասարակութիւններու ու աշխարհի մէջ մեր վարքագիծի սրընթաց բարեշրջում»,- ըսած է նախագահը:

Ան հետեւեալ ուղերձը յղած է. «Հայաստանը ապագայի դարպասն է: Մենք կը խրախուսենք ներդրումներ կատարել մեր երկրին մէջ. երկիր, որ երիտասարդ է, որ յաւակնոտ է, որու ժողովուրդը տաղանդաւոր է, որ ունի երիտասարդ կառավարութիւն, եւ երկիր, որ ինքզինք կը զգայ 21-րդ դարու մէջ: Երիտասարդ է եւ հասուն: Երիտասարդ ըլլալը նախ եւ առաջ կը նշանակէ, թէ դուն քեզի որքան երիտասարդ կը զգաս հոգիով, արդեօք պատրաստ ես նոր բացայայտումներու, պատրաստ ես սորվելու, պատրաստ ես տալու հարցեր ու պատասխաններ գտնելու: Արդեօք պատրաստ ես հետազօտութիւններու, զարգացման արագացման:

«Կը կարծեմ, որ զարգացումը անսահման է: Մենք չենք գիտակցիր, թէ իրականութեան մէջ որքան բազմաշերտ ենք, մենք բացայայտած ենք մեր մէկ մասը միայն: Մարդիկ շատ աւելի հետաքրքրուած են, թէ ինչ կը կատարուի մեզմէ դուրս: Սակայն ամբողջ տիեզերք մը ունինք մեր մէջ, որ նոյնքան բարդ է, որքան նոյն ինքը` տիեզերքը:

«Հաւատացած եմ, որ աշխարհի ապագայ բացայայտումները կրկին պիտի վերադառնան այս դարպասը, որ 21-րդ դարու դարպասն է:

«Այնպէս որ, բարի՛ գալուստ Հայաստան»:

Նախագահը արդիւնաւէտ աշխատանք մաղթած է եռօրեայ միջազգային ժողովի մասնակիցներուն:

Ժողովը համախմբած է արհեստական բանականութեան, մարդ-ճմեքենայի շինութեան ու ինքնավար համակարգերու, կենսաբանութեան եւ տուեալագիտութեան առաջատար մասնագէտներ, գործարարներ, գիտնականներ աշխարհի մօտ 20 երկրի գիտական եւ արհեստագիտական կեդրոններէ:

yerakouyn.com/2018/10/29/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail