26 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ:
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կը յայտնէ, թէ 6 Օգոստոս 2018ին յարուցուած քրէական գործով պետութեան հասցուած վնասը վերականգնուած է:
Հայաստանի վարչապետի կաշառակերութեան դէմ պայքարի գծով օգնականին կողմէ տրամադրուած տուեալներու եւ փաստաթուղթերու հիման վրայ՝ նախապատրաստուած նիւթերով պարզուած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործող շուրջ 10 առեւտրական ընկերութիւններ 2009-2017 տարիներուն ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հետ կնքուած պայմանագիրներով յանձն առած են բանակին մատակարարել առաւել քան տասը միլիառ դրամ արժէքով զանազան տեսակի ապրանքներ եւ սպառազինութիւն, սակայն պայմանագրային ժամկէտները հիմնականապէս խախտելով, առանց որեւէ պատճառի, մատակարարումները տակաւին չեն իրականացուցած կամ մատակարարած են պայմանագիրներով նախատեսուածէն ցած արժէք ունեցող անորակ ապրանքներ:
Քրէական գործով իրականացուած քննչական գործողութիւններուն շնորհիւ, վերոյիշեալ ընկերութիւններէն մէկը՝ «Հայնեթ»ը, որ առանց հիմնաւորուած պատճառներու պայմանագիրներով նախատեսուած ժամկէտներուն մատակարարումներ չէր իրականացուցած եւ որ պետութեան պատճառած էր մէկ միլիառ 135 միլիոն դրամի չափով վնաս, 19 Հոկտեմբեր 2018ին, իբրեւ մասնակի հատուցում Հայաստանի պետական պիւտճէին փոխանցած է 339,672,998 դրամ, իսկ մնացած գումարին դիմաց սկսած է մատակարարելու յատուկ կապի միջոցներ:
asbarez.com/arm/329039/