05 հոկտեմբեր 2015
Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ յայտարարեց, որ ռուսական զինեալ ուժերուն վրայ կատարուող ծախսերը հիմնաւորուած են եւ անհրաժեշտ` մասնաւորաբար այնպիսի գործողութիւններու համար, որոնք այս պահուս կը կատարուին Սուրիոյ մէջ:
Մետվետեւ «Ռոսիա 24» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ գործողութիւններ կատարելու ճամբով իրենք կը պաշտպանեն Ռուսիոյ բնակչութիւնը ահաբեկչութեան վտանգէն:
«Ատոր համար աւելի լաւ է, որ մենք ահաբեկչութեան դէմ պայքարինք մեր երկրին սահմաններէն դուրս, քան ատիկա ընենք երկրին մէջ», ըսաւ Ռուսիոյ վարչապետը:
Ան յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ կատարուող գործողութիւններուն համար եղած ծախսերը արդարացուած են: Ան վստահեցուց, որ այդ նպատակով յատկացուած պիւտճէական միջոցները բաւարար են կատարելու համար առանձին զինուորական առաջադրանքներ, ինչպիսին են Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ զինեալ ուժերուն գործողութիւնները:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ռուսական օդուժի օդանաւերը 24 ժամուան ընթացքին Սուրիոյ մէջ քսան թռիչքներ կատարած են եւ հարուածած ՏԱՀԵՇ-ի տասը թիրախներ` նշելով. «Ռուսական օդանաւերը ռմբակոծեցին ահաբեկիչներուն պատկանող մարզումի ճամբար մը եւ ականուած գօտիներու պատրաստութեան աշխատանոց մը»:
Նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կատարուած օդային հարուածները վնասազերծած են խմբաւորման ղեկավարական կառոյցն ու մատակարարման ուղիները, ինչպէս նաեւ մեծ վնաս պատճառած ահաբեկչական արարքներ նախապատրաստելու համար օգտագործուող կառոյցին:
Ռուսական բանակի սպայակոյտի պաշտօնատարներէն Անտրիէ Քարթապուլով նախապէս նշած է, որ ռուսական բանակը Միացեալ Նահանգներուն յորդորած է Սուրիոյ մէջ ռուսական օդուժին գործունէութեան շրջանին մէջ ամերիկեան օդուժին թռիչքները դադրեցնել` աւելցնելով. «Ահաբեկիչներուն դէմ հարուածները պիտի շարունակուին եւ թափ ստանան»:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով հերքեց այն «սուտ տարաձայնութիւնները», որոնք կը խօսին ռուսական օդուժին կողմէ սուրիական չափաւորական ընդդիմութիւնը հարուածելու մասին: Ան նշեց, որ այդպիսի տեղեկութիւններ շրջանառութեան մէջ դրուեցան նոյնիսկ ռուսական գործողութիւններէն առաջ` աւելցնելով. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւրոպական կողմերու հարց տուաւ, թէ ի՞նչ կը հասկնան «չափաւորական ընդդիմութիւն» ըսելով եւ ինչպէ՞ս կարելի է զայն զանազանել «ոչ չափաւորական»-էն:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ֆրանսա մեկնելու նախօրեակին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսիա Սուրիոյ մէջ գործողութիւններ կատարելով եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին աջակցելով մեծ սխալներ կը գործէ, «եւ մենք զանոնք չենք ընդունիր»:
Ան նշեց, որ Ռուսիան Իրանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի հետ դաշինք կը կազմէ եւ այդ հարցով սխալ քայլեր կ՛առնէ, «եւ մենք մօտ օրէն պիտի գնահատենք կացութիւնը եւ մեր որոշումը տանք»` աւելցնելով, որ Ասատի վարչակարգը ահաբեկչական վարչակարգ մըն է, որովհետեւ իր ժողովուրդը կը սպաննէ եւ կը տեղահանէ, «եւ ինչ որ մեզ կը տխրեցնէ այն է, որ հակառակ ատոր` Ռուսիա այդ վարչակարգին կ՛աջակցի»:
«Թուրքիոյ մէջ տեղահանուածներուն վրայ 7,5 միլիառ ծախսեցինք, եւ ես հարց կու տամ. «Իրանի մէջ քանի՞ հատ սուրիացի գաղթական կայ»: Անոնք տեղահանուածներով հետաքրքրուած չեն»:
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իրանեան «Խապար» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց. «Սուրիա արեւմուտքցի պաշտօնատարներուն նկատմամբ վստահութիւն չունի: Չենք կրնար լուրջի առնել անոնց յայտարարութիւնները, ըլլան անոնք դրական կամ ժխտական»` աւելցնելով, որ անոնք շփոթահար վիճակի մէջ են, յստակ պատկերացում մը չունին, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ նկատմամբ իրենց ծրագիրներուն իրագործման մէջ ձախողած ըլլալու զգացումը ունին:
«Սուրիոյ մէջ քաղաքական վարչակարգի կամ պաշտօնատարներու հարցը սուրիական ներքին հարց մըն է», ըսաւ ան:
Ասատ յատնեց. «Սուրիա, Ռուսիա, Իրաք եւ Իրան պէտք է յաջողութիւն արձանագրեն ընդդէմ ահաբեկչութեան, այլապէս` ամբողջ շրջանը պիտի քանդուի»` աւելցնելով. «Սուրիոյ, Ռուսիոյ, Իրանի եւ Իրաքի կազմած դաշինքին յաջողութեան առիթները մեծ են եւ ոչ թէ փոքր»:
«Սէուտական Արաբիան աշխարհի վրայ յոռեգոյն բնորդն է եւ ամէնէն յետամնացը ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւանց եւ պետութեան կառավարման ժողովրդային մասնակցութեան մէջ», ըսաւ Ասատ եւ նշեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, «որ թրքական հասարակութեան մէջ վիհեր յառաջացուց` խօսելով սադրանքի մասին եւ ընկերութեան տարբեր հատուածներուն միջեւ խտրական վերաբերմունք ցուցաբերելով, աշխարհի վրայ որեւէ երկիր խրատելու դիրքի վրայ չի գտնուիր»:
ԹԱՍՍ հաղորդեց, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի յայտարարած է, որ Ռուսիոյ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի առաքելութեան միանալը պիտի դադրեցնէ երկրին մէջ ահաբեկչութեան տարածումը եւ մահացու հարուած հասցնէ ՏԱՀԵՇ-ին:
«Ռուսիոյ` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին միանալը, անոր կարելիութիւններով ու ներուժով, ատիկա ճիշդ այն է, ինչ որ իրական ազդեցութիւն պիտի ձգտէ Սուրիոյ տարածքին մէջ ահաբեկչութեան սահմանափակման համար եւ պիտի յանգեցնէ զայն արմատախիլ ընելուն», ըսած է ան:
Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի իր կարգին երէկ Թունուզի նախագահ Պաժի Քայետ Սափսիի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Եգիպտոս եւ Թունուզ համամիտ են, որ Սուրիոյ մէջ պէտք է քաղաքական լուծման հասնիլ»:
Միւս կողմէ, հաւաստի աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնած են, որ Ուաշինկթըն աշխատանք կը տանի Սուրիոյ սահմանային շրջաններուն մէջ ստեղծելու «մասամբ ապահով» շրջաններ, որոնք կը սկսին թրքական կողմէն եւ քաղաքայիններն ու Ուաշինկթընի կողմէ չափաւորական եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարող նկատուող սուրիական ընդդիմութիւնը պաշտպանել յաջողելու պարագային կրնան ընդլայնուիլ:
http://www.aztagdaily.com/