Փաշինեան Շեշտած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծման Ուղղութեամբ Տագնապի Բոլոր Կողմերու Յանձնառութեան Անհրաժեշտութիւնը

30 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան 29 հոկտեմբերին ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսիա), Էնտրիւ Շոֆըրը (Միացեալ Նահանգներ), Սթեֆան Վիսքոնթին (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը:

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Նիկոլ Փաշինեան ողջունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու այցելութիւնը Հայաստան եւ կարեւոր նկատած է անոնց դերակատարութիւնը` իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային միակ միջազգային լիազօրութիւն ունեցող ձեւաչափ: Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարը շեշտած է տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ տագնապի բոլոր կողմերու յանձնառութեան անհրաժեշտութիւնը:

Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարը եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները անդրադարձած են Հայաստանի մէջ վերջին քաղաքական փոփոխութիւններէն ետք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային հոլովոյթին:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են այս տարուան սեպտեմբերի վերջին Տուշանպէի մէջ Հայաստանի վարչապետին եւ Ազրպէյճանի նախագահին միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին եւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն վերաբերեալ: Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր նկատած է պայմանաւորուածութիւններու պահպանումն ու արդիւնաւէտ իրականացումը, որոնք պիտի նպաստեն փոխադարձ վստահութեան եւ խաղաղ հոլովոյթի համապատասխան մթնոլորտի ձեւաւորման: Կողմերը ուղենշած են հետագայ հաւանական քայլերը:

Հանդիպում` Զոհրապ Մնացականեանի Եւ Դաւիթ Տօնոյեանին Հետ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը  հանդիպում ունեցած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեանը եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեանին հետ:

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարին հետ հանդիպումի ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են եռանախագահներու  ձեւաչափով իրականացուելիք հետագայ քայլերը: Այս առնչութեամբ Զոհրապ Մնացականեան ընդգծած է, որ հաշուի առնելով, որ Երեւանէն  ետք համանախագահները պիտի այցելեն Ստեփանակերտ, այնուհետեւ` Պաքու, անկէ ետք կարելիութիւն պիտի ըլլայ աւելի համապարփակ ձեւով գնահատելու հետագայ քայլերը:

Իսկ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեանին հետ հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է  է հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանին եւ արցախեան-ազրպէյճանական ուժերու շփման գիծին մէջ տիրող իրավիճակին:

Շեշտելով, որ Հայաստանի զինուած ուժերը աչալրջօրէն կը հետեւին իրավիճակին, Դաւիթ Տօնոյեան նշած է, որ ստեղծուած պայմաններուն մէջ անկիւնաքարային նշանակութիւն ունի կողմերուն միջեւ զինադադարի անվերապահ պահպանումը:

aztagdaily.com/archives/414404

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail