Մտորումներ` «ՀՅԴ Սոցիալ-Տնտեսական Քաղաքականութեան Հիմնադրոյթներ»-ու Նախագիծին Մասին

30 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

10 օգոստոս 2018-ին ՀՅԴ Բիւրոյի Տնտեսական հետազօտութիւններու գրասենեակը ներկայացուց «ՀՅԴ սոցիալ-տնտեսական քաղաքականութեան հիմնադրոյթներ»-ու նախագիծը: Այս նախագիծը ներկայացուեցաւ իբրեւ լուծում առաջադրող փաստաթուղթ` Հայաստանի մէջ առկայ ընկերային-տնտեսական հարցերուն:

Հայաստանի վերանկախացումէն ետք իրագործուեցան նոր-ազատական քաղաքականութիւններ, որոնք ընդգրկեցին լայնածաւալ սեփականաշնորհումներ, պետական հսկողութեան վերացում` տնտեսական մարզին մէջ, աշխատաւորներու իրաւունքներու ոտնակոխում, որոնք իրենց կարգին պատճառ դարձան ընկերային զրկուածութեան, աղքատութեան, անգործութեան եւ արտագաղթի:

Ընկերային եւ հանրային ծառայութիւններ մատուցողի դերակատարութիւնը ստանձնելու փոխարէն` պետութիւնը դարձաւ հարկային փախուստներուն երաշխաւորը, մեծահարուստներուն եւ դրամատուներուն ցած հարկ ապահովողը, աւելի ճիշդ` սակաւապետութեան պահակը: Յիշեալ տնտեսական ազատական քաղաքականութիւնները սկսան Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նախագահութեան օրերուն (ան դարձաւ նոր-ազատականութեան հայրը` Հայաստանի մէջ) եւ շարունակուեցան իրերայաջորդ կառավարութիւններուն կողմէ:

«ՀՅԴ սոցիալ-տնտեսական քաղաքականութեան հիմնադրոյթներ»-ու նախագիծը, մատնանշելով սեփականաշնորհումը, պետութեան հսկողութեան վերացումը, մենաշնորհները, ծայրամասերուն նկատմամբ ցուցաբերուած անհոգութիւնը եւ ընկերային բարօրութեան կարիքի անտեսումը, անոնց փոխարէն կ՛առաջադրէ այլընտրանք մը` հիմնուած ազատութեան, արդարութեան եւ համերաշխութեան սկզբունքներուն վրայ, ինչ որ կը համապատասխանէ ՀՅԴ-ի ընկերվարութեան վրայ հիմնուած ընկերային-տնտեսական առաջադրանքներուն:

ՀՅԴ-ն իր ազատութեան, արդարութեան եւ համերաշխութեան գաղափարական հիմքերով կու գայ ամրապնդելու ընկերային արդարութիւնը` աշխուժացնելով պետութեան հսկողութեան դերակատարութիւնը շուկային նկատմամբ, որպէսզի եկամուտը արդարօրէն վերաբաժնուի` հաստատելով յառաջատուական հարկային համակարգ, ուր ան որ շատ կը գանձէ, շատ կը վճարէ, եւ` հակառակը, հոգ տանելով ծայրամասերուն վրայ եւ` ստեղծելով մրցակցային արդար մթնոլորտ, ուր փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւնները հեռու չեն մնար շուկայի հոլովոյթէն:

Ինչ կը վերաբերի նախագիծի վերջին բաժինին («Սոցիալ-տնտեսական բարեփոխումների ՀՅԴ հաւաքական լուծումները»), այդտեղ յստակօրէն պիտի տեսնենք զրկուած խաւերու ընկերային ներառականութիւն, պետութեան միջամտութիւն` յանուն արդարութեան, ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող արտադրական ճիւղերու պետութեան հովանաւորութիւն, համագործակցականներու ձեւաւորում` գիւղատնտեսական մարզին մէջ, սփիւռքեան ներուժի ներառում եւ բնապահպանութեան կարեւորութեան շեշտադրում:

Հայաստանի մէջ կա՞յ որեւէ կուսակցութիւն, որ ՀՅԴ-ի նման ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան հիմնադրոյթներու նախագիծ ունի. Հայաստանի մէջ կա՞յ որեւէ կուսակցութիւն, որ ՀՅԴ-ի նման կեդրոնացած է ընկերային արդարութեան ամրապնդման վրայ. Հայաստանի մէջ կա՞յ որեւէ կուսակցութիւն, որ նպատակ ունի արդարօրէն վերաբաշխել եկամուտը:

Կարդացէ՛ք, շա՛տ կարդացէք եւ պիտի չգտնէք ՀՅԴ-ի նման այլ կուսակցութիւն մը, որ հետապնդէ նմանօրինակ հարցեր: Բայց ինչո՞ւ պիտի չգտնէք: Որովհետեւ միայն ՀՅԴ-ն է, որուն ծրագիրը հիմնուած է ընկերվարութեան վրայ, իսկ միւսները ստեղծուած են տնտեսական ազատականութեան հիման վրայ: Ընկերվարութեան մէջ են ազատութեան, արդարութեան եւ համերաշխութեան հիմքերը: Ընկերվարութեան մէջ կը կայանայ արժանապատիւ, բարեկեցիկ, արդար ու ընկերային կեանքի կերտումը: Թերեւս ըլլան մարդիկ, խումբեր կամ կուսակցութիւններ, որոնք կ՛օգտագործեն ազատութեան, արդարութեան եւ համերաշխութեան նշանաբանները, բայց այս նշանաբանները անոնց համար տարբեր արժէք ունին:

Անոնց համար ազատութիւնը շուկայի ազատութիւնն է. անոնց համար արդարութիւնը շուկայի շահն է. անոնց համար համերաշխութիւնը շուկայական մենաշնորհներն են:

Որպէսզի թաւշեայ յեղափոխութիւնը հաւատարիմ մնայ ժողովրդային պահանջներուն, եւ անցումային ժամանակաշրջանը պսակուի ընկերային ու տնտեսական արդարութեամբ, պէտք է պետական մակարդակի վրայ ամրապնդուին ՀՅԴ-ի ընկերային- տնտեսական քաղաքականութեան հիմնադրոյթները:

aztagdaily.com/archives/414338

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail