30 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԷՐԿԻՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Զուիցերահայ գործարար, Franck Muller աշխարհահռչակ արանքանիշի հիմնադիր, Մարսէյլի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Վարդան Սրմաքեշ նախաձեռնած է նոր ծրագիր` «Build Armenia» (Կառուցէ Հայաստան) հիմնադրամ, որուն միացած են մօտ տասնեակ սփիւռքահայ գործարարներ:
Սկզբանական շրջանին նախագիծին կը ներդրուի մօտ 100 միլիոն տոլար, որ պէտք է օգնէ հայերուն վերադառնալու հայրենիք:
«Կը կարծեմ, որ այսօր Հայաստանի մէջ տիրող նոր եռանդը եւ օրէնսդրական դաշտի բարելաւումը պիտի նպաստեն ներդրումային ներհոսքին դէպի երկիր, ինչ որ կրնայ լայնածաւալ հայրենադարձութեան առիթ հանդիսանալ», -այս մասին, ինչպէս կը յայտնէ asbarez-ը, ըսած է Վարդան Սրմաքեշ, ընդգծելով, որ վերադարձող հայրենակիցներուն՝ հիմնադրամը պէտք է տրամադրէ բնակութեան վայր, պէտք է օգնէ աշխատանք ապահովելու հարցով:
Վերադարձողներուն համար պէտք է ստեղծուին պայմաններ․ անոնք պէտք է կարենան օգտուիլ առողջապահական, կրթական եւ արհեստակցական կեդրոններէ, մասնաւորապէս կաշիի, ոսկերչական իրերու արտադրութեան ոլորտին մէջ եւ պէտք է ստեղծուի արտադրական շղթայ:
Ըստ Վարդան Սրմաքեշի, հիմնադրամի գործունէութիւնը պէտք է զարգանայ եւրոպական չափանիշերուն համապատասխան:
«Մենք բաց եւ թափանցիկ պիտի ըլլանք, որպէսզի բոլորը կարենան հետեւիլ մեր աշխատանքին եւ մեր նպատակային ծախսերուն»,-ըսած է գործարարը` աւելցնելով, որ հիմնադրամին կրնան միանալ նոր հայրենադարձներ, յատկապէս Ռուսիայէն:
«Ես վստահ եմ, որ եթէ մենք շարժինք ճիշդ ուղղութեամբ, ապա պիտի կարենանք բարձրացնել Հայաստանի վարկանիշը միջազգային մակարդակով եւ ապահովել հայրենադարձներու լայնածաւալ ներհոսք, որոնք պիտի կարենան նոր Հայաստանի մէջ հասնիլ նոր յաջողութիւններու»,- ըսած է Վարդան Սրմաքեշ:
yerakouyn.com/2018/10/30