«Ֆրանսա Չի Ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը»

30 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ըստ” Նոր Յառաջ”-ի՝  Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը անհրաժեշտ նկատած է իր պաշտօնական կայքին՝ https://www.diplomatie.gouv.fr վրայ յստակացնել իր դիրքորոշումը Արցախի Հանրապետութեան վերաբերեալ:

Արդարեւ, այնտեղ զետեղուած է նախարարութեան Հոկտեմբեր26-ի մամլոյ ասուլիսէն հետեւեալ հարցում-պատասխանին վերարտադրումը, զոր թարգմանաբար կը ներկայացնենք ստորեւ.

«Լեռնային Ղարաբաղ- Հարցում եւ Պատասխան- Հատուած մամլոյ ասուլիսէն (26.10.18)

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Բազմաթիւ համաձայնագիրներ,– «Բարեկամութեան յուշագիր»ի ձեւով,- կը շարունակեն կնքուիլ ֆրանսական քաղաքապետարաններու եւ Լեռնային Ղարաբաղի տէ ֆաքթօ տեղական իշխանութիւններուն միջեւ: Ի՞նչ է Ֆրանսայի իշխանութիւններուն հակազդեցութիւնը:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.-  Ֆրանսայի դիրքորոշումը յստակ է եւ աներկբայ. Ֆրանսա չի ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը: Համաձայնագիրները, որոնք կը կնքուին տեղական հաւաքականութիւններու (collectivites) կողմէ՝ յանձնառու չեն դարձներ Ֆրանսայի կառավարութիւնը եւ իրաւական զօրութիւն չունին:

Ֆրանսա, որպէս Մինսկի խումբի համանախագահ, ամենայն անկողմնակալութեամբ պիտի շարունակէ իր միջնորդական ջանքերը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ»:

yerakouyn.com/2018/10/30/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail