Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ կը պաշտպանէ Սուրիոյ տարածքին ռուսական ռազմաօդային ուժերու հարուածներու իրականացումը, քանի որ կը կարծէ, որ ատիկա է Միջին Արեւելքը ահաբեկչութենէն փրկելու միակ ճանապարհը: Այդ մասին Սուրիոյ նախագահը յայտարարած է իրանական Khabar TV հեռուստատեսութեան, կը գրTert.am-ը:
Սուրիացի ընդդիմադիրները կը շարունակեն պնդել, որ հարուածները հասցուած են ոչ թէ «Իսլամական պետութեան» գրոհայիններուն, այլ ապստամբներու ուղղութեամբ:
Պաշշար Ասատ յայտարարած է, որ ԱՄՆ-ի գլխաւորած միջազգային համաձայնութիւնը Սուրիոյ մէջ անկայունութեան պատճառներէն մէկն է: Նախագահին կարծիքով` արեւմտեան երկիրները կը սադրեն սուրիացիներու զանգուածային վերաբնակեցումը, ինչ որ կը յանգեցնէ ամենամեծ ճգնաժամին, որ Եւրոպան չէ տեսած Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ի վեր:
Սուրիոյ մէջ ռուսական ռազմական արշաւը յաջողութիւն պիտի ունենայ, քանի որ միջազգային աջակցութիւն ունի, որոնց մէջ` եւ Իրանի կողմէ, կը կարծէ Ասատ:
«Գործողութիւնը պէտք է յաջողի: Հակառակ պարագային մենք պիտի կը բախինք ողջ տարածաշրջանի ոչնչացման»,- իրավիճակը մեկնաբանած է Սուրիոյ նախագահը: Ան նաեւ հաստատած է, որ ռուսական միջամտութիւնը համաձայնութեամբ եղած է սուրիական բանակի հետ:
Միւս կողմէ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ «Ռոսիա 24» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է, որ Սուրիոյ մէջ գործողութիւններ կատարելու ճամբով իրենք կը պաշտպանեն Ռուսիոյ բնակչութիւնը ահաբեկչութեան վտանգէն: «Ատոր համար աւելի լաւ է, որ մենք ահաբեկչութեան դէմ պայքարինք մեր երկրին սահմաններէն դուրս, քան ատիկա ընենք երկրին մէջ»,- ըսած է Ռուսիոյ վարչապետը:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ռուսական օդուժի օդանաւերը 24 ժամուան ընթացքին Սուրիոյ մէջ քսան թռիչքներ կատարած են եւ հարուածած ՏԱՀԵՇ-ի տասը թիրախներ` նշելով. «Ռուսական օդանաւերը ռմբակոծեցին ահաբեկիչներուն պատկանող մարզումի ճամբար մը եւ ականուած գօտիներու պատրաստութեան աշխատանոց մը»:
Նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կատարուած օդային հարուածները վնասազերծած են խմբաւորման ղեկավարական կառոյցն ու մատակարարման ուղիները, ինչպէս նաեւ մեծ վնաս պատճառած ահաբեկչական արարքներ նախապատրաստելու համար օգտագործուող կառոյցին:
Ռուսական բանակի սպայակոյտի պաշտօնատարներէն Անտրիէ Քարթապուլով նախապէս նշած է, որ ռուսական բանակը Միացեալ Նահանգներուն յորդորած է Սուրիոյ մէջ ռուսական օդուժին գործունէութեան շրջանին մէջ ամերիկեան օդուժին թռիչքները դադրեցնել` աւելցնելով. «Ահաբեկիչներուն դէմ հարուածները պիտի շարունակուին եւ թափ ստանան»:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով հերքեց այն «սուտ տարաձայնութիւնները», որոնք կը խօսին ռուսական օդուժին կողմէ սուրիական չափաւորական ընդդիմութիւնը հարուածելու մասին: Ան նշեց, որ այդպիսի տեղեկութիւններ շրջանառութեան մէջ դրուեցան նոյնիսկ ռուսական գործողութիւններէն առաջ` աւելցնելով. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւրոպական կողմերու հարց տուաւ, թէ ի՞նչ կը հասկնան «չափաւորական ընդդիմութիւն» ըսելով եւ ինչպէ՞ս կարելի է զայն զանազանել «ոչ չափաւորական»-էն:
http://www.yerakouyn.com