Սուրիոյ Հակամարտութեան Մնայուն Լուծում Գտնելու Կարեւորութիւնը Շեշտուեցաւ

30 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ շաբաթավերջին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած Սուրիոյ հարցով քառակողմ վեհաժողովին հիմնական նպատակը Սուրիոյ մէջ մնայուն լուծման համար, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ նման երկիրներուն մասնակցութեամբ, Ասթանայի հոլովոյթը վերակենդանացնելն էր:

Վեհաժողովի աւարտին, Էրտողան, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ. «Շեշտեցինք Սուրիոյ եւ անոր հողերուն ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ ՄԱԿի հովանաւորութեամբ տագնապին լուծման քաղաքական ջանքերը շարունակելու կարեւորութիւնը»՝ յայտնելով, թէ յոյս ունի, որ Սուրիոյ հակամարտութեան մնայուն լուծում մը կարելի է գտնել մինչեւ այս տարուան աւարտը։

Իր կարգին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ իր երկիրը յոյժ կարեւոր կը նկատէ սուրիական հակամարտութեան առնչակից կողմերուն միջեւ երկխօսութեան հանգրուանին սկսիլը: «Ռուսիա ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ պայքարի յաջորդ հանգրուանին իր աջակցութիւնը կը յայտարարէ Սուրիոյ հանրապետութեան», ըսաւ Փութին՝ նշելով, որ Սուրիոյ մէջ բռնարարքները «մեծապէս նուազած են»:

Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն շեշտեց Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պայքարի կարեւորութիւնը՝ ողջունելով Մոսկուայի եւ Անգարայի միջեւ «քաղաքակիրթ գործակցութիւնը եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ քաղաքայիններ խնայելը»։

Մաքրոն աւելցուց. «Պէտք է Սուրիոյ վարչակարգին վրայ ճնշում բանեցնել, որովհետեւ ժողովուրդը ինքնորոշման իրաւունք ունի։ Մինչեւ ներկայ տարուան աւարտը սահմանադրութեան նախագծման յանձնախումբը կազմուած պիտի ըլլայ եւ սկսած իր աշխատանքին»:

Վերջապէս, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտնեց. «Ժողովը արդիւնաւէտ էր, եւ հրապարակեցինք միացեալ ուժեղ յայտարարութիւն մը եւ վեհաժողովին մասնակցող երկիրներուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացուցինք»՝ աւելցնելով, որ ժողովին ընթացքին ընդգծուած է տագնապի լուծման յառաջիկայ հոլովոյթին մէջ ՄԱԿի դերակատարութեան կարեւորութիւնը:

Մերքել նաեւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Իտլիպի շուրջ գոյացած ռուս-թրքական համաձայնութեան, «որովհետեւ քաղաքացիներուն խնայեց յաւելեալ սպանութիւնը եւ տեղահանութեան նոր հոսք մը արգիլեց»:

asbarez.com/arm/329245/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail