Հնչակեան Եւ Ռամկավար Համաձայնութիւն Մը. Ինքնավար Հայաստան Եւ Կիլիկիա

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք

02 հոկտեմբեր 2015

Posted by ԹԱԹՈՒԼ ՀԱԿՈԲՅԱՆ

vahan tekeyan
Լուսանկարը՝ Վահան Թէքէեան

Գաղափար մը կազմելու համար, 1914ի պատերազմին, հնչակեան և ռամկավար կուսակցութիւններուն գրասենեակներու մէջ պատրաստած քաղաքական ծրագիրներու մասին, ստորեւ կուտանք երկու կուսակցութոիւններու միջեւ 1915 Մայիսին Աղեքսանդրիոյ մէջ կնքուած համաձայնագիրը, որ Պէյրութի “Զարթօք”ի 1950 Յունիս 2ի թիւին մէջ հրատարակեց Միքայէլ Նաթանեան:

Գաբրիէլ Լազեան, “Հայաստան եւ Հայ դատը հայևռուս յարաբերութիւններու լոյսին տակ”, էջ 198-202

ՀԱՆԱՁԱՅՆԱԳԻՐ

Ս. Դ. Հնչակեան կուսակցութեան եւ Ռամկավար կուսակցության Եգիպտոսի մարմինները, մղուած պատմական րոպէի անհրաժեշտութենէն, միատեղ գալով ժամանակավոր համագործակցության հետևեալ հիմունքները մշակեցին.-

ՆԱԽԱԲԱՆ

Իւրաքանչիւր կուսակցութիւն իր ինքնուրոյն կազմւը, կուսակցական գոյութիւնը պահելով հանդերձ, իր կուսակցական անհատական գործունէութեան բոլոր արտայայտութեանց մէջ թէ՛ սկզբունքային եւ թէ տակտիկային տեսակետներէ ոեւէ հակասութիւն պիտի չբովանդակէ այն հիմունքներու դէմ՝ որոնք կը բղխին սոյն համաձայնագրէն:

Այս համաձայնագիրը իր ամբողջ զօրութեամբ երկու կողմերու ցանկութեամբ պիտի շարունակէ գոյութիւն ունենալ, մինչև որ սոյն համագործակցութիւնը առաջ բերող տրամադրութիւնները իրագործուին:

ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՈՒՆՔՆԵՐԸ

1) Համաձայնող երկու կողմերու մօտաւոր նպատակն է ինքնավար Հայաստան եւ Կիլիկիա:

2) Ինքնավար Հայաստան եւ Կիլիկիա պիտի դրուի Երրեակ Համաձայնութեան կամ ռուսական հովանաւորութեան (protectorat) ներքեւ՝ նայելով քաղաքական յարաբերութիւններու դասաւորութեան:

3) Երկու կողմերը իրենք զիրենք բացարձակապէս հակառակ կը յայտարարեն ինքնավար Հայաստանի (Կիլիկիայով միասին) գաղափարի իրականացման՝ թրքական գերիշխանութեան (souverainete) ներքեւ: Այդ տեսակէտով անոնք կը հանդիսանան անջատականներ (separatistes):

4) Այն պարագային երբ վերոյիշեալ կուսակցութեանց անջատողական բաղձանքները, հակառակ այդ սեւեռուն գաղափարով թափուած բոլոր ջանքերուն, համեւրոպական պատերազմէն յետոյ չիրականանան, կուսակցութիւնք իրենց կը վերապահեն նոր պայմաններու համեմատ իրենց ուղղութիւնը գծել:

5) Եթէ պետութեանց փոխ-յարաբերութեանց պատճառով, ինքնավար Հայաստանը իրականանալու յաջողութեան պայմաններ ներկայացնէ՝ Ռուսաստանի հետ կցուելով – համաձայնող կողմերը այդ բանին պիտի չհակառակին:

6) Եթէ հնարավորութիւն չլինի Հայաստան եւ Կիլիկիա միատեղ ինքնավար դարձնել՝ որպէս ամբողջութիւն եւ քաղաքական յարաբերութիւններու դասաւորութեան հիմունքով՝ հնար լինի միայն Կիլիկիան ինքնավար դարձնել, համաձայնող կողմերը, այդ պարագային այդ տեսութիւնը պիտի պաշտպանեն եւ անոր ուժ տան:

7) Ինքնավար Հայաստանի եւ Կիլիկիայի համար երկու կուսակցութիւնները կ’ընդունին հետեւեալ ընդհանուր ծրագիրը:

Ինքնավար Հայասատան եւ Կիլիկիա պիտի ունենան քաղաքական ինքնավարութիւն՝ փարլամենթական ռեժիմով եւ ռամկավարական հաստատութիւններով:

ՏԱԿՏԻԿԱ

1) Համաձայնող կողմերու ընդհանուր գործունէութեան տակտիկան պիտի լինի ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ-ԱՊՍՏԱՄԲԱԿԱՆ եւ ինչպես նաեւ դիւանագիտական:

2) Երկու կուսակցութիւնները խորապէս համոզուած են որ Հայկական Դատին իր ընդարձակ առումով բաւարար լուծմանը համար, նպատակայարմար եւ անհրաժեշտ իսկ է ԵՐԿՈՒ ՃԱԿԱՏԻ ՎՐԱՅ ԿՌԻԻ ՄՂԵԼ, այսինքն՝ ոչ միայն շեշտել ՏԱՃԿԱՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՍԿՍՈՒԱԾ ԿԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ԲՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ եւ ուժեղացնել ու ընդարձակել զայն, այլեւ Կիլիկիոյ մէջ եւս առաջ բերել նոր ձգտումով ապստամբական շարժում:

3) Երկու կուսակցութեանց Եգիպտոսի շրջանակները իրենց աշխարհագրական դիրքին բերմամբ իրենց գործունէության առաջին եւ գլխաւոր թատերաբեմ կը դարձնեն Կիլիկիան եւ ամէն ջանք պիտի թափեն իրենց արևմտեան բոլոր շրջանակներն ալ (Պուլկարիա, Ռումինիա, Եւրոպա եւ Ամերիկա) համախմբել մասնաւորոպէս եւ գլխաւորապէս իրենց կիլիկեան գործունէութեան մէջ:

4) Որպէս տակտիկայի գործունէութեան միջոց՝ անոնք պարտաւոր են միասնաբար գործադրել այն բոլորը, ինչ որ ներկայ եւ ապագայ պայմանները անհրաժեշտ կը դարձնեն իրենց մօտակայ նպատակին հասնելու համար:

ԵՐԿՈՒ ԿՈՂՄԵՐՈՒՆ ԴԻՐՔԸ ԴԷՊԻ Ն. Վ. ՊՕՂՈՍ ՓԱՇԱ

1) Երկու կողմերը միասին ուժ պիտի տան Պօղոս փաշա Նուպարի նախագահութեամբ բացուած Ազգ. Շահերու Պաշտպանութեան հանգանակութեան, նկատելով որ երկու կուսակցութեանց քաղաքական ծրագիրը կատարելապէս համաձայն է Ն. Վսեմութեան գործունէութեան ընդհանուր գծերուն եւ հետապնդած նպատակին եւ թէ երկու գործունեութիւնները նոյնոթիւն կը կազմեն եւ պիտի մնան ներդաշնակ՝ մինչեւ մեր մօտաւոր նպատակին իրականացումը:

2) Ն. Վ. Պօղոս Նուպար փաշան կը հանդիսանայ երկու կողմերու թեկնածուն որպէս Պատուիրակութեան ներկայացուցիչ-լիազօր ապագայ Քոնկրեսին եւ որուն համար անոնք կը կատարեն պէտք եղած փրոփականտն ու դիմուները:

ՏԵՂԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԵՈՒԹԻՒՆ

1) Երկու կուսակցութիւնները տեղական-ազգային հարցերու մէջ պիտի հանդիսանան ՀԱՄԸՆԹԱՑ:

2) Երկու կուսակցութիւնները իրենց տեղական կազմակերպական ծախքերը գոցելու համար պիտի կրնան, բացի իրենց առանձին կուսակցական անդամավճարներէն, իրենց համար հասոյթի աղբիւր ստեղծել՝ միասին կազմակերպելով հրապարակային ժողովներ, գրական երեկոյթներ, թատերական ներկայացումներ, եւն.:

ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ

1) Երկու կուսակցութիւնները տեղական ընդհանուր գործերը վարելու համար, համաձայնագրի ոգւոյն համեմատ, կ՛ընտրեն 6 հոգիէ բաղկացած մարմին մը, որ կ՛ունենայ իր Ատենապետը, Ատենադպիրը, Գանձապետը, Հաշուակալը եւ խորհրդականներ: Սոյն մարմինը իրաւասութիւն ունի ի հարկին վերոյիշեալ կուսակցութեանց չպատկանող գործակիցներ ալ առնել իր մէջ միաձայն հաւանութեամբ: Իր անունը պիտի ըլլայ՝ Եգիպտոսի Վարիչ Մարմին Գործակցող Կուսակցութիւններու (Ս. Դ. Հնչակեան – Ս. Ռամկավար) – Comite Executif d՛Egypt des Partis Armeniens Cooperants (S. D. Hentchakian – Constitutionnel Democrate):

ՄԻՒՍ ՇՐՋԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԻԱՑՈՒՄԸ

Եգիպտոսի Վարիչ Մարմինը իր անմիջական գործունէութեան նպատակներէն մէկն ալ պիտի ընէ միւս շրջաններուն մէջ գտնուող Ս. Դ. Հնչակեան եւ Ռամկավար կազմակերպութիւնները, ինչպէս եւ Վերակազմեալ Հնչակեան կազմակերպութիւնը համախմբել սոյն ծրագրին շուրջ եւ անոնցմէ կազմել մի ամբողջութիւն, մի ընդհանրական Կեդրոնական Վարիչ Մարմնով, որի կեդրոնավայրը լինէր Եգիպտոս՝ իր աշխարհագրական դիրքին յարմարութեամբը:

Աղեքսանդրիա, 20 Մայիս 1915

Սահ. Ռամկ. Կուսակցութեան Կեդր. Ակումբ Եգիպտոսի

(Ստոր.) Ապահ Պետրոսեան, Վահան Թէքէեան, Լ. Մկրտիչեան, Մ. Տամատեան

Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Եգիպտոսի շրջանի պատասխանատու Մարմնի կողմից

(Ստոր.) Ս. Սապահ Գիւլեան

http://www.aniarc.am

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail