Ցմահ Դատապարտեալներու Նկատմամբ Անհատական Մօտեցում Պիտի Ցուցաբերուի

31 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ – ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ցմահ դատապարտեալներուն հարցով, Շուրջ 11 պատգամաւորներ նամակով դիմած են կառավարութեան: Այս մասին Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին՝ «Էրեբունի-Երեւանի հիմնադրման 2800ամեակին եւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 100ամեակին կապակցութեամբ քրէական գործերով համաներում յայտարարելու մասին» նախագիծի քննարկման ընթացքին յայտնեց «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Ալեն Սիմոնեան՝ դիմելով Հայաստանի արդարադատութեան նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արտակ Զէյնալեանին:

«Մեր կողմից առաջարկ է եղել՝ 6 կէտից բաղկացած, որ նման կէտերին համապատասխանող մարդիկ նոյնպէս ներառուեն այս համաներման շրջանակի մէջ: Ինչո՞ւ էք մերժել, եւ արդեօք սա ամբողջութեա՞մբ է մերժուել, թէ ինչ-որ բաներ ներառուել են», հարց տուած է «Ելք» խումբի անդամ պատգամաւորը:

Արտակ Զէյնալեան նշեց, որ իրենց վերաբերումը ցմահ դատապարտեալներուն նկատմամբ արդէն դրսեւորուած է. ցմահ դատապարտեալները պայմանական վաղաժամկէտ ազատ արձակելուն վերաբերեալ դրական եզրակացութիւններ ներկայացուած են դատարաններ:

«Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ցմահ դատապարտեալ վաղաժամկէտ արձակուել է այս կառավարութեան օրօք, մենք սրանով դրսեւորում ենք մեր վերաբերմունքը, եւ սա քաղաքականութեան վեկտորն է, ցմահ դատապարտեալների նկատմամբ անհատական մօտեցում դրսեւորուելու է», ըսաւ Զէյնալեան՝ աւելցնելով, որ վարչապետը յայտնած է գործող կառավարութեան կարծիքը, որ ցմահ դատապարտեալներուն ուղղակի համաներումով սխալ է ազատ արձակելը, սակայն անոնք իրաւունք ունին պայմանական ազատման եւ ներման՝ իւրաքանչիւր պարագայի՝ վերլուծելով հանգամանքները:

«Մենք արդարադատութիւն չէ, որ իրականացնում ենք, մենք գործի վերանայում չենք իրականացնում, մենք պէտք է զերծ լինենք դրանից, որպէսզի որեւէ կողմնակի ազդեցութիւն, սուբյեկտիվիզմ (ենթակայական մօտեցում-Խմբ.) չլինի այս հարցում, բայց անհատական վերաբերմունք լինելու է իւրաքանչիւր կոնկրետ (յստակ-Խմբ.) գործով այլ հանգամանքների ուսումնասիրութեան հարցով», ըսաւ ան եւ նկատել տուաւ, որ կը գործէ ներման, պայմանական վաղաժամկէտ արձակման յանձնաժողովը:

asbarez.com/arm/329599/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail