Օրէնքի Ուժով ՀՀ Ազգային Ժողովը Կը Լուծարուի

01 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 – ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ:

Այսօր առաւօտեան ՀՀ ազգային ժողովին մէջ գումարուած յատուկ նիստին քննարկուեցաւ ՀՀ վարչապետի ընտրութեան հարցը: Միակ թեկնածուն ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանն էր։

Անոր թեկնածութեան կողմ և դէմ չքուեարկեց ոչ մէկ պատգամաւոր, ձեռնպահ քուեարկեց 13 պատգամաւոր:

Վարչապետի ընտրութեան համար անհրաժեշտ էր 53 կողմ ձայն:

Անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ է, որ Ազգային ժողովը կ՛արձակուի սահմանուած ժամկէտէն առաջ:

Նիկոլ Փաշինեան երկրորդ անգամ ըլլալով վարչապետ չընտրուեցաւ, հետեւաբար Ազգային ժողովը օրէնքի ուժով ինքնաբերաբար կը լուծարուի։

Ազգային Ժողովի նոր ընտրութիւնները նախատեսուած են Դեկտեմբեր 9-ին։

yerakouyn.com/2018/11/01

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail