01 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան 1 Նոյեմբերին կոչ ըրաւ երկրի իշխանութիւններուն, որ անյապաղ ազատ արձակեն մէկ տարիէ ի վեր բանտարկուած հայամէտ թուրք գործարար եւ հասարակական գործիչ Օսման Քաւալան:
«Մեր սիրելի Օսման Քաւալա 1 տարիէ ի վեր բանտարկուած է եւ ցարդ անոր դէմ ամբաստանագիր չէ ներկայացուած: Ազատ արձակեցէ՛ք Քաւալան», կը յայտնէ Փայլան:
Քաւալա օդակայանին մէջ ձերբակալուած էր 1 Նոյեմբեր 2017ին՝ Թուրքիոյ մէջ 15 Յուլիս 2016ին տեղի ունեցած ռազմական յեղաշրջման փորձին վերաբերեալ հետաքննութեանց ծիրին մէջ: Ան կը մեղադրուի Թուրքիոյ «սահմանադրութիւնը խախտելու եւ իշխանութիւնը տապալելու» յանցանքով:
«Անատոլու Քիւլթիւր» հիմնարկի հիմնադիր Քաւալա պոլսահայ սպաննուած խմբագիր Հրանդ Տինքի ընտանիքի մտերիմներէն է եւ աշխուժօրէն կը պայքարի Տինքի սպանութեան գործով արդար դատավարութեան հասնելու համար: 24 Ապրիլ 2016ին, Քաւալա այցելած էր Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան եւ յարգանքի տուրք մատուցած էր զոհերու յիշատակին:
Միւս կողմէ, «Ակօս»ը կը գրէ, թէ Քաւալայի համակիրները Պոլսոյ մէջ, 31 Հոկտեմբերի երեկոյեան կազմակերպեցին հաւաք մը, որ սկսաւ Քաւալայի կողմէ ուղարկուած պատգամին ընթերցումով: Անոր մէջ, ի միջի այլոց, կ՛ըսուի. «Զիս սահմանադրական համակարգը տապալելու յանցանքով մեղադրողները իւրաքանչիւր օր ա՛լ աւելի կը համոզուին, թէ սխալ է այդ մեղադրանքը: Այս փորձառութիւնը ինծի համար ուսուցման գործընթաց մըն է, որուն փոխարժէքը կը հատուցեմ բանտարկութեամբ: Օր առաջ, նոյնիսկ ժամ առաջ կ՛ուզեմ ընտանիքիս վերադառնալ: Տարիներով քննադատած ենք երկարատեւ ձերբակալութիւնները, որոնց զոհն եմ հիմա: Կը յուսամ, որ իմ վիճակը առիթ մը կը հանդիսանայ այս անարդարութեան աւելի լուրջ կերպով անդրադառնալու»:
asbarez.com/arm/329642/