Դաւիթ Տօնոյեանը Լիբանանի Մէջ Ստորագրած Է Ռազմական Համագործակցութեան Մասին Համաձայնագիր

03 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

1 նոյեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը աշխատանքային այցելութեամբ հասած է Լիբանան:

Պէյրութի օդակայանին մէջ Դաւիթ Տօնոյեանին դիմաւորած է Լիբանանի պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆը: Ողջունելով զիրար, երկու բարեկամ պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարները կարճ քննարկում մը ունեցած են:

2 նոյեմբերի առաւօտեան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեան այցելած է Լիբանանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւն: Դիմաւորման արարողութենէն ետք Դաւիթ Տօնոյեան ծաղկեպսակ զետեղած է Լիբանանի նահատակ զինուորներու յուշարձանին:

Երկու պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարները աշխատանքային հանդիպումի ընթացքին քննարկած են համագործակցութեան միացեալ ծրագիրներ, շրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան հարցեր: Հանդիպումի աւարտին Դաւիթ Տօնոյեանը եւ Եագուպ Սարրաֆը ստորագրած են Ռազմական համագործակցութեան մասին համաձայնագիր: Համաձայնագիրի ստորագրութեան ներկայ գտնուած է նաեւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան:

Լիբանանի պաշտպանութեան նախարարութենէն Դաւիթ Տօնոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը մեկնած է Լիբանանի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող հայկական դասակի տեղակայման վայր:

ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան մասնակցող ուժերու ռազմակայանին մէջ պաշտպանութեան նախարարին դիմաւորած է հայկական զօրախումբի հրամանատար, գնդապետ Լէոնիդ Յովհաննիսեան: Զինուորական արարողակարգով հայկական պատուիրակութեան ողջունած է ռազմակայանի փոխհրամանատար Իմռան Ռհիզան:

Դաւիթ Տօնոյեան աշխատանքային քննարկում ունեցած է ռազմակայանի հրամանատարութեան եւ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող զինուորներու մասնակցութեամբ: Պաշտպանութեան նախարարը գրառում կատարած է ռազմակայանի հիւրերու մատեանին մէջ:

Հանդիպումի աւարտին Դաւիթ Տօնոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է հայ խաղաղապահներու պատասխանատուութեան տարածք:

aztagdaily.com/archives/415026

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail