02 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2 Նոյեմբերին, ԵԱՀԿի ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկերի հետ հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, թէ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին մէջ Արցախի Հանրապետութիւնը իբրեւ բանակցող կողմ ներգրաւելու հարցը պէտք է որոշեն հակամարտող երկիրները:
«Լեռնային Ղարաբաղը որպէս բանակցային կողմ ներգրաւելու մասին Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնները մենք արդէն մեկնաբանած ենք: Ժամանակին Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչները մասնակցած են բանակցութիւններուն, սակայն ձեւաչափը փոխուած է, եւ բանակցութիւնները արդէն երկար տարիներէ ի վեր կը կատարուին միայն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Անշուշտ, մենք կը գիտակցինք, որ բանակցային գործընթացին մէջ Հայաստանը նկատի կ՛առնէ Լեռնային Ղարաբաղի մօտեցումները: Բանակցային ձեւաչափը փոխելու համար պէտք է երկու կողմերուն համաձայնութիւնը, որ այս պահուն չկայ», ըսաւ Լաւրով։
Նախարարը ընդգծեց, որ Մինս-կի խմբակի համանախագահները վերջին տարիներուն մեծ ջանքեր կը գործադրեն տագնապին կարգաւորման ուղղութեամբ եւ յիշեցուց, որ Տուշանպէի մէջ Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ որոշ համաձայնութիւն ձեռք բերած են: «Որքան տեղեակ եմ, Տուշանպէի հանդիպման ընթացքին Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարը (Սեպտեմբեր 28ին Նիկոլ Փաշինեան կը զբաղեցնէր վարչապետի եւ ոչ թէ վարչապետի պաշտօնակատարի պաշտօնը, Խմբ.) եւ Ատրպէյճանի նախագահը համաձայնեցան շարունակել երկխօսութիւնը եւ պէտք է արտաքին գործոց նախարարները հանդիպին: Կողմերը նշեցին, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան պատրաստ են աշխատելու ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն հետ: Մենք միայն կրնանք ողջունել այս որոշումները: Որովհետեւ Հայաստանի մէջ բուռն ներքաղաքական գործընթացները, որոնց կը հետեւինք, տակաւին չեն աւարտած, դժուար է քննարկել ճգնաժամէն դուրս գալու յստակ տարբերակներ», ըսաւ Լաւրով:
ԵԱՀԿի ընդհանուր քարտուղարը նոյնպէս անդրադարձաւ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպման, զայն «արդիւնաւէտ» որակելով եւ յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ հանդիպումը կը նպաստէ վստահութեան վերականգնման:
«Միլանի մէջ Դեկտեմբերին կայանալիք նախարարական խորհուրդի նիստին ընթացքին մենք մեր աջակցութիւնը պիտի յայտնենք Մինսկի խմբակի համանախագահներու աշխատանքին, իսկ հակամարտող կողմերուն կոչ պիտի ընենք՝ գտնելու քաղաքական կամք տագնապին կարգաւորման համար: Կողմերուն համար կարեւոր է աշխատիլ կառուցողական մթնոլորտի մէջ, խուսափելով հրահրող հռետորաբանութենէ, որպէսզի կարելի ըլլայ մեղմացնել լարուածութիւնը շփման գիծին վրայ: Այսպիսի մթնոլորտը ծայրայեղօրէն անհրաժեշտ է, որպէսզի կողմերը հասնին դժուար փոխզիջումներու, որոնք անհրաժեշտ են երկարատեւ ու համապարփակ խաղաղութեան համար», եղրակացուց Կրեմինկեր:
horizonweekly.ca