Համաշխարհային Տէրութիւնները Կը Շահագործեն Սէուտցի Լրագրողին Սպանութիւնը

01 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

էուտական Արաբիոյ նշանաւոր լրագրող Ճամալ Խաշոկճիի սարսափելի սպանութիւնը քաղաքական եւ տնտեսական նկատառումներով կը շահգործուի որոշ երկիրներու ղեկավարներու կողմէ, անտեսելով յանցագործութեան նողկալի բնոյթը: Այս աղտոտ խաղին հիմնական մասնակիցներն են՝ Սէուտական Արաբիա, Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ։

2 Հոկտեմբեր 2018ին, Սէուտական Արաբիոյ քաղաքացի Ճամալ Խաշոկճի այցելած էր Պոլսոյ մօտ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսարանը, ամուսնալուծութեան փաստաթուղթերը վերջնականացնելու համար, որպէսզի կարենայ ամուսնանալ իր թուրք հարսնացուին՝ Հատիճէ Չենկիզի հետ, սակայն Խաշոկճի երբեք դուրս չեկաւ հիւպատոսարանէն: Ան սպաննուեցաւ եւ, ըստ թրքական աղբիւրներու, մասնատուեցաւ սէուտցի քննիչներու յատուկ խումբի մը կողմէ, որ նախորդ օրը ուղարկուած էր Պոլիս, իսկ սպանութենէն անմիջապէս ետք խումբին անդամները վերադարձան Սէուտական Արաբիա, երկու առանձին օդանաւերով։

Խաշոկճի, որ երկար տարիներ կարեւոր պաշտօններ վարած է Սէուտական կառավարութեան մէջ, 2017ին հեռացած էր Սէուտական Արաբիայէն եւ բնակութիւն հաստատած Միացեալ Նահանգներ՝ հիասթափելով Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ արքայազն Մուհամետ պըն Սալմանի սանձարձակ իշխանութենէն: Խաշոկճի սկսած էր քննադատական յօդուածներ գրելու «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի մէջ, մինչ Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարները քանի մը անյաջող փորձեր կատարած էին զայն հայրենիք վերադարձնելու համար։

Սկիզբը Սէուտական Արաբիա յայտարարեց, որ Խաշոկճի Պոլսոյ հիւպատոսարանէն հեռացած է իր ժամանումէն մէկ ժամ ետք: Սակայն, թրքական կառավարութենէն գաղտնի տեղեկութիւններու սպրդումէն ետք առ այն, թէ Խաշոկճիի՝ հիւպատոսութենէն դուրս ելլելուն մասին տեսանիւթ գոյութիւն չէ ունեցած, Սէուտական իշխանութիւնները փոխեցին իրենց ըսածը՝ պնդելով, որ այլախոհ լրագրողը սպաննուեցաւ հիւպատոսարանին մէջ ծագած ծեծվըռտուքի ատեն: Շաբաթ մը ետք, Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարները դարձեալ փոխեցին իրենց ըսածը՝ յայտարարելով, որ Խաշոկճիի սպանութիւնը պատահական չէր, այլ՝ կանխամտածուած: Սէուտական Արաբիա հեռացուց ապահովութեան հինգ պաշտօնեաներ եւ ձերբակալեց տասնեակ մը ուրիշներ՝ յայտարարելով, որ ո՛չ թագաւոր Սալման, ոչ ալ գահաժառանգ արքայազնը նախնական տեղեկութիւն ունէին սպանութեան ծրագիրին մասին: Սակայն նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ ամբողջ երկիրը կը գտնուի գահաժառանգ արքայազնի հսկողութեան տակ, ոչ ոք կը հաւատայ, որ ան տեղեակ չէր թագաւորութեան բարձրագոյն ապահովութեան եւ հետախուզութեան պաշտօնեաներու կողմէ իրականացած Խաշոկճիի սպանութեան մասին։

Այդ ընթացքին, Թուրքիոյ կառավարութիւնը, որ մնայուն կերպով մրցումի մէջ է Սէուտական Արաբիոյ հետ, իսլամական աշխարհի սիւննիները գերիշխելու հոլովոյթին մէջ, կաթիլ առ կաթիլ տեղեկութիւններ կը հասցնէ թրքական լրատուական միջոցներուն՝ Խաշոկճիի սպանութեան մասին վկայութիւններով: Սկիզբը թուրքերը կը պնդէին, թէ տեղեկութիւնները ստացած են Խաշոկճիի Apple ժամացոյցէն, որ արձանագրած է իր տիրոջ դիմագրաւած խոշտանգումները, ապա սպանութիւնը: Իսկ երբ մասնագէտները պարզաբանեցին, որ այդ ժամացոյցը այդպիսի կարելիութիւններ չունի, յստակ դարձաւ, որ թրքական կառավարութիւնը ժամացոյցը օգտագործած էր՝ Սէուտական հիւպատոսարանին մէջ զետեղուած գաղտնի ձայնագրման սարքերը թաքցնելու համար։

Իմ կարծիքով՝ թրքական կառավարութեան կողմէ դէպի լրատուական միջոցներ հասնող տեղեկութեանց նպատակն է՝ պատգամ յղել սէուտական իշխանութիւններուն, թէ թրքական կառավարութիւնը կրնայ հրապարակայնօրէն խայտառակ ապացոյցներ ներկայացնել Խաշոկճիի սպանութեան մասին, եթէ սէուտցիները մեծ փրկագին մը չվճարեն Էրտողանի լռութեան համար: Յայտնի է, որ թրքական տնտեսութիւնը խախուտ է եւ արտաքին պարտքը փակելու համար կարիքը ունի տասնեակ միլիառաւոր տոլարներու: Դրական արձագանգ չստանալով, Էրտողան նախազգուշացուց սէուտցիները՝ ըսելով, որ անձամբ պիտի երթայ ազգային հեռատեսիլի կայան եւ կը բացայայտէ «մերկ ճշմարտութիւնը», այնքան ատեն որ սէուտցիները չեն բաւարարած թուրքերուն պահանջները: Առաջին անգամ ըլլալով, անցեալ շաբաթ ունեցած իր ելոյթին մէջ, Էրտողան հրապարակեց Խաշոկճիի սպանութեան պատմութիւնը եւ լուրջ կասկածներ յայտնեց՝ անոր պատահական դէպք մը եղած ըլլալուն մասին: Սակայն, Թուրքիոյ նախագահը, կարծես թէ յոյսեր փայփայելով, որ սէուտցիները վերջապէս կը բաւարարեն իր դրամաշորթութեան պահանջները՝ չհրապարակեց գաղտնօրէն հաւաքուած իր բոլոր ապացոյցները: Իր խօսքին մէջ Էրտողան չնշեց Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ արքայազնի անունը, ոչ ալ ակնարկ ըրաւ թուրքերու ձեռքին մէջ գտնուող տեսաձայնային նիւթերուն մասին, որոնք արձանագրած էին Խաշոկճիի ցաւալի մահը: Փոխարէն Էրտողան կարգ մը հարցումներ ուղղեց, որոնց պատասխանները ան հաւանաբար գիտէր, ինչպէս, օրինակ՝ ո՞ւր է Խաշոկճիի դիակը, ո՞վ է այն թուրք աշխատակիցը, որ զայն պահած է սէուտցիներու պահանջով: Նոյն ատեն, սէուտցիներուն սպառնալիք կարդալու նպատակով, թրքական մամուլը անցեալ շաբաթ հրապարակեց Խաշոկճիի մասնատուած մարմինին զարհուրելի պատկերները…

Երրորդ մեղաւորը Միացեալ Նահանգներն է, աւելի ճիշդ՝ նախագահ Թրամփ: Երբ վերջինս առաջին անգամ իմացաւ, որ Խաշոկճին սպաննած են Պոլսոյ մօտ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսարանին մէջ, նախագահ Թրամփ շարունակեց շեշտել իր սեփական «մեծ ձեռքբերումը»՝ անցեալ տարի իր կատարած այցելութեան ընթացքին 110 միլիառ տոլարի ամերիկեան ժամանակակից զէնքերու վաճառքը Սէուտական Արաբիոյ՝ իբր թէ «450 հազար աշխատատեղեր ստեղծելով ամերիկացիներու համար»: Ինչպէս միշտ, ան ուռճացուց տնտեսական շահերը, որովհետեւ ինք չէ ստորագրած 110 միլիառ տոլարի ամերիկեան զէնքի վաճառման պայմանագիր: Իրականութեան մէջ, համաձայնութիւն գոյացած է՝ յառաջիկայ հինգ տարիներուն ընթացքին 10-20 միլիառ տոլարի զէնք վաճառելու մասին: Աւելին, տարի մը առաջ նախագահ Թրամփ ըսած էր, որ նոյն զէնքի վաճառքը ամերիկացիներու համար պիտի ստեղծէ 40 հազար աշխատատեղ, այլ ոչ թէ 450 հազար: Սակայն, Խաշոկճիի սպանութենէն քանի մը օր ետք նախագահ Թրամփ այս անգամ այդ թիւը մեծցնելով՝ զայն հասցուց մինչեւ 500 հազարի: Մէկ շաբաթ ետք ան դարձեալ աւելցուց իր թիւը՝ «մէկ միլիոն աշխատատեղ», այնուհետեւ՝ «առաւել քան մէկ միլիոն աշխատատեղ»։

Անկախ անկէ, թէ քանի՞ աշխատատեղ կը ստեղծուի եւ թէ քանի՛ միլիառ տոլար կը բերէ զէնքի վաճառքը, Թրամփ երբեք ցաւակցութիւն չյայտնեց Խաշոկճիի ընտանիքին: Թէեւ Թրամփ զգուշացուց Սէուտական Արաբիան «ծանր հետեւանքներ»է, սակայն ան աւելի բարձր գնահատեց զէնքին արժէքը, քան՝ մարդկային կեանքը: Միակ ամերիկեան «պատիժը»՝ ամերիկեան վիզաներու դադրեցումը եղաւ այն 18 սէուտցիներուն համար, որոնք Պոլիս ուղարկուած էին Խաշոկճին սպաննելու նպատակով։

Դժբախտաբար, պետութիւններու ղեկավարներուն մեծ մասը չի մտածեր մարդոց մասին…։ Ասիկա սովորական երեւոյթ է: Այդ ղեկավարները կը մտածեն միայն իրենց անձնական կամ իրենց երկրի շահերուն մասին: Իրենց գործունէութեան ընթացքին ղեկավարները պատրաստ են ստելու, խաբելու եւ նոյնիսկ սպաննելու։

Խաշոկճիի թուրք հարսնցուն շատ ճիշդ վարուեցաւ՝ մերժելով Սպիտակ Տուն այցելելու Թրամփի հրաւէրը: Ան չէր ուզեր, որ իր վիշտը շահագործուէր քաղաքական գործիչի մը կողմէ, որ մտահոգ է միայն իր անձնական շահերով, այլ ոչ թէ խոշտանգուած զոհի ընտանիքին ցաւով եւ տառապանքով։

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝

ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝

ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

asbarez.com/arm/329675

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail