Նիկոլ Փաշինեան ու Բակօ Սահակեան Քննարկած են Պաշտպանութեան, Ներքին ու Արտաքին Քաղաքականութեան Վերաբերող Հարցեր

05 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Նախագահ Բակօ Սահակեան եւ ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Նոյեմբեր 5-ին քննարկած են պաշտպանութեան բանակի մարտունակութեան հետեւողական բարձրացման, Արցախի եւ Հայաստանի ռազմական փոխգործակցութեան, սահմաններու վրայ տիրող իրավիճակին, երկու հայկական պետութիւններու ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան եւ այս ուղղութիւններուն մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Այս մասին կը յայտնէ Արցախի հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի գլխաւոր վարչութիւնը:

Հանդիպման կը մասնակցէին ՀՀ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, ՀՀ պաշտպանութէան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեան, ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար  Զոհրապ Մնացականեան, ՀՀ ազգային անվտանգութէան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեան, ՀՀ ԶՈՒ գլխաւոր շտապի պետ Արտակ Դաւթեան, Արցախի Հանրապետութեան համապատասխան գերատեսչութիւններու ղեկավարները, պաշտօնատար այլ անձիք:

Նշենք, որ Բակօ Սահակեան եւ Նիկոլ Փաշինեան Նոյեմբեր 4-ին այցելած են Արցախի արեւելեան սահմանագիծի շարք մը հատուածներ, տեղւոյն վրայ ծանօթացած զինուորներու ծառայութեան ընթացքին եւ տիրող իրավիճակին:

ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատը իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ նկար հրապարակած է Արցախէն` բարձրաստիճան պաշտօնեաներու եւ զինծառայողներու հետ:

Ան նկարին տակ գրած է․ «Եւ մեր անունն է հայկական բանակ»:

Յիշեցնենք, որ Նիկոլ Փաշինեան մինչեւ Երկուշաբթի կարճատեւ արձակուրդի մեկնած է Արցախ:

yerakouyn.com/2018/11/05/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail