Մենք մի սրով ենք մորթուած – «Ռիա Թազա» թերթի խմբագիր Մըրազ Ճալալի Խմոյեան

Լուսանկար՝ ՊԵՐՃ ԱՐԱՊԵԱՆ

31.10.2018 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:

Տիյարպեքիրի գիրքի փառատօն այցելեց Հայաստանի «Ռիա Թազա» թերթի խմբագիր Մըրազ Ճալալի Խմոյեան։ Ան Տիյարպեքիր մէջ հանդիպում ունեցաւ գիւղագիր Մկրտիչ Մարկոսեանի հետ։ Վերադարձին այցելեց «Ակօս»ի խմբագրութիւնը եւ մեզ հետ բաժնեց վերջին օրերու ապրումները եւ պատասխանեց մեր հարցումներուն։

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Ողջոյն եւ բարի գալուստ մեր քա­­ղաքը։ Շնոր­­հա­­­կալ եմ, որ ըն­­դունած էք մեր զրոյ­­ցի առա­­ջար­­կը։ Եթէ դէմ չէք սկսինք ձեզ ճանչնա­­լով։

ՄԸ­­ՐԱԶ ՃԱ­­ԼԱԼԻ ԽՄՈ­­ՅԵԱՆ- Ես քիւրտ բա­­նասէր լրագ­­րող Մը­­րազ Ճա­­լալ Խմո­­յեան։ Կ՚ապ­­րիմ Երե­­ւան, կ՚աշ­­խա­­­տիմ «Ռիա Թա­­զա» թեր­­թին իբ­­րեւ պա­­տաս­­խա­­­նատու խմբա­­գիր, նաեւ լրագ­­րող։ Ան­­դամ եմ Հա­­յաս­­տա­­­նի գրող­­նե­­­րու միու­­թեան։ Ծնած եմ 1945 թո­­ւին Ալա­­կեազի շրջա­­նի նախ­­կին Օտախ­­սազ գիւ­­ղը։ Այդ գիւ­­ղը հի­­մա կը կո­­չուի «Ռիա Թա­­զա» գիւղ։ Գիւ­­ղը բո­­լորո­­վին քրտաբ­­նակ է։ Մեր շրջա­­կայ­­քին կան տաս­­նը­­­մէկ քրտաբ­­նակ գիւ­­ղեր։ Ու­­սումս ստա­­ցեր եմ Ամի­­նա Ալ­­տա­­­լի անո­­ւան դպրո­­ցը։ Ամի­­նա Ալ­­տալ քիւրտ լու­­սա­­­ւորիչ, բա­­նաս­­տեղծ, ազ­­գագրա­­գէտ է։ Քրտա­­կան դպրոց­­նե­­­րը կը կրեն քիւրտ բա­­նաս­­տեղծնե­­րու, գրող­­նե­­­րու, ազ­­գագրա­­գէտ­­նե­­­րու անուննե­­րը։

Մենք այստեղ յա­­ճախ կը շփո­­թենք քիւրտ եւ էզ­­տի կո­­չումնե­­րը։ Դուք ձեզ էզ­­տի կը կո­­չէ՞ք, թէ քիւրտ։

Մ.Խ.- Նախ քան պա­­տաս­­խա­­­նել, ես ձեզ պատ­­մեմ դրո­­ւակ մը։ «Ռիա Թա­­զա»ի խմբագ­­րա­­­տուն կ՚աշ­­խա­­­տէի երբ այ­­ցե­­­լու­­թեան եկաւ «Ազա­­տու­­թիւն» ռա­­տիօ կա­­յանի աշ­­խա­­­տակի­­ցը եւ ուղղեց նոյն հար­­ցումը։ «Մը­­րազ Ճա­­լալ կը նե­­րէք դուք քիւրտ է՞ք թէ էզ­­տի»։ Հար­­ցումը կրկնե­­ցի « Իսկ դուք հայ է՞ք թէ քրիս­­տո­­­նեայ»։ Նման բան է չէ՞։ Էզ­­տին կրօ­­նական կո­­չում է։ Ազ­­գութիւնս քիւրտ է։ Մի լե­­զու, մի մշա­­կոյթ, մի հող, ուր ծնունդ է առած քիւրտ ժո­­ղովուրդը։ Ինչպէս կա­­րելի է ըսել թէ էզ­­տին քիւրտ չէ կամ ալե­­ւին քիւրտ չէ։ Ինչպէս որ հա­­յերու մի­­ջեւ կան լու­­սա­­­ւոր­­չա­­­կան­­ներ, կա­­թողի­­կէներ, բո­­ղոքա­­կան­­ներ եւ նաեւ համ­­շէնցի­­ներու օրի­­նակով մու­­սուլման­­ներ, նոյնն է քիւրտե­­րու պա­­րագա­­յին։ Կան սուննի մու­­սուլման քիւրտեր, ալե­­ւի քիւրտեր, նաեւ քրիս­­տո­­­նեայ քիւրտեր։ Կա­­րող է նաեւ անաս­­տո­­­ւած ըլ­­լալ։ Ոչ էզ­­տի, ոչ մու­­սուլման, բայց ես նոյնն է կը մնամ քիւրտ։

Մեր պատ­­մութիւ­­նը ընդհան­­րա­­­պէս գրո­­ւած է հայ պատ­­միչնե­­րու կող­­մէ։ Մի­­ջին դա­­րերուն արա­­բական ար­­շա­­­ւանքներ եղան ուղղո­­ւած հա­­յերու, քիւրտե­­րու եւ միւս ազ­­գե­­­րու երկրնե­­րուն։ Այդ ժա­­մանակ­­նե­­­րուն սրի ու­­ժով շա­­տերուն բռնի կեր­­պով մուսլու­­մա­­­նացու­­ցած են։ Մի մեծ ող­­բերգու­­թիւն եկաւ մեր ժո­­ղովուրդնե­­րու գլխուն։ Հի­­մա քիւրտե­­րու 90 տո­­կոսը մուսլու­­մա­­­նացած են։ Այն քիւրտե­­րը որոնք դի­­մադ­­րե­­­ցին, քա­­շուե­­ցան լեռ­­նե­­­րը, մին­­չեւ օրս մնա­­ցեր են էզ­­տի։ Հի­­մա այդ քա­­ղաքա­­կան մտո­­րումնե­­րը, որոնք ստեղ­­ծո­­­ւած են այս ժո­­ղովուրդի վրայ, կ՚ու­­զեն մաս­­նա­­­հատել, կը պնդեն թէ զա­­զանե­­րը քիւրտ չեն, էզ­­տի­­­ները քիւրտ չեն եւայլն։

Ահա պա­­րոն Նի­­հատը իմ թարգմանն է, եղայ Տի­­յար­­պե­­­քիր, եղայ տար­­բեր տե­­ղեր, մեր մի­­ջեւ ան­­գամ լե­­զուի առո­­գանու­­թեան տար­­բե­­­րու­­թիւն չկայ։ Շփուեցայ երի­­տասարդնե­­րու հետ։ Գրա­­գէտ մա­­սը նոյնպէս գի­­տեն թէ մուսլու­­մա­­­նու­­թիւնը զօ­­րով փա­­թաթո­­ւեր է մեր վզին։ Գա­­լով ձեր հար­­ցումին, ինձ պէտք է քիւրտ անո­­ւանել, քա­­նի որ ես ընդհան­­րա­­­պէս հա­­ւատ­­քի հետ գործ չու­­նիմ։ Իրաւ է որ ծա­­գու­­մով էզ­­տի եմ։ Իմ պա­­պերը չեն մուսլու­­մա­­­նացեր, զո­­հուեր են, չար­­չա­­­րուել, սպան­­նո­­­ւել, բայց չեն ու­­րա­­­ցեր, պա­­հեր են իրենց կրօ­­նը։

Որ­­պէս Թուրքիոյ քա­­ղաքա­­ցի փոք­­րա­­­մաս­­նութեան ան­­դամ, կ՚ու­­զեմ իմա­­նալ Հա­­յաս­­տա­­­նի ազ­­գա­­­յին փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րու խնդիր­­նե­­­րը։

Մ.Խ.- Քիւրտ տոհ­­մը, նա մա­­նաւանդ էզ­­տի­­­ները Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ հա­­յերու հետ մի ըն­­տա­­­նիքի նման են։ Հար­­սա­­­նիք­­նե­­­րուն, ծէ­­սերուն իրար գնալ, գա­­լու սո­­վորու­­թիւն ու­­նին։ Իրա­­րու մէջ­­քին կանգնած են։ Ըսենք մի հայ ու քիւրտ իրար հետ խնդիր ու­­նին, կռո­­ւի մտան, էդ քիւրտի ըն­­կե­­­րը հայ է, կու գայ կը հաս­­նի եւ ան ալ կը յար­­ձա­­­կի հա­­յու վրայ, կամ հա­­կառա­­կը։ Այդպի­­սի խնդիր Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ չկայ։ Ինչ կը վե­­րաբե­­րի տնտե­­սական, մշա­­կու­­թա­­­յին եւայլն, դուք գի­­տէք, Հա­­յաս­­տա­­­ն տա­­կաւին ոտ­­քի վրայ չէ կանգնած։ «Ռիա Թա­­զա» թեր­­թին, ընդհան­­րա­­­պէս մեր մշա­­կոյ­­թին Հա­­յաս­­տա­­­նը այնպէս կը նա­­յի, ինչպէս որ կը նա­­յի հայ մշա­­կոյ­­թին։ Տար­­բե­­­րու­­թիւն չկայ։ Վեր­­ջերս ես ու Ալի­­խանայ Նա­­նէն դպրո­­ցի հա­­մար դա­­սագիր­­քեր պատ­­րաստե­­ցինք, որոնք ես էի խմբագ­­րած։ Պե­­տու­­թիւնը իր գու­­մարնե­­րով աջակ­­ցեց այդ աշ­­խա­­­տան­­քին։ Մեր մօտ խնդիր չկայ։ Ես հի­­մա եթէ ձեռ­­նարկեմ նոր արո­­ւես­­տի, օրի­­նակի հա­­մար թա­­տերա­­կան խումբ հիմ­­նել, կամ նոր թերթ հրա­­տարա­­կել, պե­­տու­­թիւնը բան չը­­սէր, ար­­գելք չըլ­­լար։

Հի­­մա Հա­­յաս­­տա­­­նի վար­­չա­­­պետը Նի­­կոլ Փա­­շինեանն է։ Նա­­խորդ նա­­խագահ­­նե­­­րը ըլ­­լայ Սերժ Սարգսեանը, ըլ­­լայ Ռո­­պերթ Քո­­չարեանը այ­­ցե­­­լեցին քիւրտա­­կան գիւ­­ղե­­­րը, ծա­­նօթա­­ցան անոնց խնդիր­­նե­­­րուն, թէ որ գիւ­­ղը կազ չու­­նի կամ ջու­­րի խնդիր ու­­նի։

Ես երբ որո­­շեցի եր­­թալ Տի­­յար­­պե­­­քիր, իմ բո­­լոր հա­­րեւան­­նե­­­րը գրկա­­խառ­­նո­­­ւեցան, «բա­­րով գնաս բա­­րով գաս» ըսե­­լով։ Տու­­նէն որ իջայ մեր բա­­կը, բո­­լոր հայ երա­­խանե­­րը վրաս հա­­սան, ճամպրու­­կը վեր­­ցուցին ձեռ­­քէս «բա­­րով գնաս Մը­­րազ ծա­­ծա» ըսե­­լով։ Նոյնն են մեր երա­­խանե­­րը։

Մեր միակ խնդի­­րը այն է, թէ Հա­­յաս­­տա­­­նի խորհրդա­­րանը էզ­­տի­­­ները առան­­ցին ազգ ճա­­նաչեց։ Այդ դա­­ւադ­­րութիւն է։ Այդ դա­­ւադ­­րութիւ­­նը հայ ժո­­ղովուրդի կամ Հա­­յաս­­տա­­­նի խորհրդա­­րանի կող­­մէ չէր։ Ան եկած էր էզ­­տի քիւրտե­­րու կող­­մէ, ցե­­ղապաշտ, կրօ­­նապաշտ մի քա­­նի հա­­յերու կող­­մէ եւ հա­­սած խորհրդա­­րան։ Այս պէտք չէր որ ըլ­­լար։ Սա ստո­­ւէր գցել է հայ ժո­­ղովուրդի զա­­ւակ­­նե­­­րուն, «Ռիա Թա­­զա» թեր­­թի առա­­ջին խմբա­­գիր Հրա­­չեայ Քո­­չարին վրայ։ Այդ ժա­­մանակ մէկ հատ իսկ գրա­­գէտ քիւրտ չէիր տես­­ներ։ Հայ մտա­­ւորա­­կան­­նե­­­րը միացան ու առաջ տա­­րին այդ մշա­­կոյ­­թը։ Հի­­մակո­­ւայ այս փոր­­ձե­­­րը ստուեր գցել է այդ մարդկանց, Խա­­չատուր Աբո­­վեանի, Լէօի նման մեծ արե­­ւելա­­գէտ հսկա­­ներու վրայ։ Անոնք ու­­սումնա­­սիրած են եւ մեզ­­մէ լաւ գի­­տեն մեր պատ­­մութիւ­­նը։ Յե­­տոյ մեծն Կո­­միտա­­սի բա­­րեկա­­մու­­թիւնը Եու­­սուֆ պէ­­յի հետ։

Ես պէտք է աւե­­լաց­­նեմ թէ, երբ Խորհրդա­­յին կար­­գե­­­րը հաս­­տա­­­տուե­­ցան Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ 1920 թո­­ւին, հայ ժո­­ղովուրդի ար­­ժա­­­նի զա­­ւակ Յա­­կոբ Տէր Ղա­­զարեանը քիւրտե­­րու հա­­մար այ­­բուբեն ստեղ­­ծեց Մես­­րո­­­պեան տա­­ռերով։ Դա­­սագիր­­քեր տպո­­ւեցան հա­­յատառ քրտե­­րէնով։ Այդ ժա­­մանակ դպրո­­ցը ու­­սուցուող բո­­լոր առար­­կա­­­ները քրտե­­րէն էին։ Ապա 1928 թո­­ւին ստեղ­­ծո­­­ւեցաւ լա­­տինա­­տառ քրտե­­րէն այբբե­­նարա­­նը։ Ան ալ ստեղ­­ծեց ազ­­գութեամբ ասո­­րի Իսա­­հակ Մա­­րակու­­լո­­­վը եւ քիւրտ վի­­պասան Արաբ Շա­­միլո­­վը։ 1930 թո­­ւին լոյս տե­­սաւ «Ռիա Թա­­զա» թեր­­թը։ Թեր­­թի առա­­ջին խմբա­­գիրը մին­­չեւ 1934 եղած էր Հրա­­չեայ Քո­­չարը։

Ան­­շուշտ, որ բա­­ցասա­­կան երե­­ւոյթներ կան, կա­­րելի չէ ու­­րա­­­նալ։ Օս­­մա­­­նեան կայսրու­­թեան ժա­­մանակ հիմ­­նո­­­ւած Հա­­միտեան գունդե­­րու գոր­­ծածնե­­րը իրո­­ղու­­թիւն են։ Բայց այդ բո­­լորը կա­­րելի չէ ամ­­բողջո­­վին քիւրտե­­րուն վե­­րագ­­րել, քա­­նի որ այդ ժա­­մանակ քիւրտե­­րը ոչ պե­­տու­­թիւն ու­­նէին, ոչ ալ ազ­­գա­­­յին կազ­­մո­­­ւածու­­թիւն։ Թուրքե­­րը երբ խու­­ժե­­­ցին Ալա­­կեազ, Արեւմտեան Հա­­յաս­­տա­­­նէն փա­­խած քիւրտերն ալ չկրցան ազա­­տուիլ անոնց հա­­լածան­­քէն։ 1918-ի Մա­­յիսի վե­­րաբե­­րեալ մի պատ­­մա­­­կան բա­­նաս­­տեղծու­­թիւն գրած եմ։ Քիւրտե­­րը սե­­նեակ­­նե­­­րու մէջ վա­­ռարա­­նի շուրջ ժո­­ղով­­ներ կը գու­­մա­­­րէին եւ այդ ող­­բերգու­­թիւննե­­րու ակա­­նատես եղած տա­­րեց­­նե­­­րու պատ­­մածնե­­րը կը լսէին։ Ապա­­րանի կող­­մի տա­­րածաշրջա­­նի հա­­յերուն ու քիւրտե­­րուն լե­­ցու­­ցած են պատ­­մա­­­կան եկե­­ղեցի եւ կեն­­դա­­­նի այ­­րած։ Հա­­զարա­­ւոր­­նե­­­րու մա­­սին է խօս­­քը։ Սա­­կայն Ղա­­րաբա­­ղի հե­­րոսա­­մար­­տին, երբ հա­­յերը ոտ­­քի ելան անոնց միացան նաեւ էզ­­տի քիւրտե­­րը։ Ապա­­րանի եւ Սար­­տա­­­րապա­­տի ճա­­կատա­­մար­­տին, որ տե­­ղի ու­­նե­­­ցած էր Մա­­յիս ամ­­սուն, քիւրտե­­րը հա­­յերու հետ կողք կող­­քի կռո­­ւեցան։ Մենք մի սրով ենք մոր­­թո­­­ւած։ Յաղ­­թա­­­նակ­­ներն ալ միասին տա­­րած։ Քա­­ռօրեայ պա­­տերազ­­մին նոյ­­նը ապ­­րե­­­ցանք։ Քա­­րամեան անուն էզ­­տի զի­­նուո­­րի գլու­­խը կտրե­­ցին եւ գիւղ առ գիւղ ցու­­ցադրե­­ցին։

Ես այս բո­­լորը պատ­­մե­­­ցի հաս­­տա­­­տելու հա­­մար, թէ Խորհրդա­­րանի մէջ քիւրտ եւ էզ­­տի տար­­բե­­­րու­­թիւն ըն­­դունե­­լը սխալ գործ է։ Հայ ժո­­ղովուրդը մեր բա­­րեկամն է, բայց նման որո­­շու­­մով ան ալ կը մաս­­նա­­­հատէ մեզ։ Փո­­խանակ ըսե­­լու. «Միացէ՛ք, դուք մի ժո­­ղովուրդ էք, մի լե­­զու կը խօ­­սիք», ընդ հա­­կառա­­կը մաս­­նա­­­հատել է մեզ։

Ես որ Տի­­յար­­պե­­­քիր այ­­ցե­­­լեցի, մի քա­­նի ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րու հիւ­­րը եղայ։ Տե­­սայ որ մուսլու­­մա­­­նու­­թիւնը չեն ապ­­րիր։ Չեն ապ­­րիր, քա­­նի որ այդ կրօ­­նը կապ չու­­նի իրենց ազ­­գին հետ։ Մուսլու­­մաննե­­րու մար­­գա­­­րէ Մու­­հա­­­մետը արաբ եղած է։ Այդ ի՞նչ տե­­սակ կրօն է։ Ինչպէ՞ս կա­­րելի է ըն­­դունիլ, ըսենք թէ սխա­­լած կնոջ մը քար­­կո­­­ծելով սպա­­նու­­թիւնը վճռող շե­­րիաթի օրէն­­քը ար­­դա­­­րու­­թեան հետ ի՞նչ կապ ու­­նի։ Ես այդ կրօ­­նին ի՞նչ ըսեմ, եթէ խոր­­հուրդ կու տայ թէ լաւ մուսլու­­ման ըլ­­լա­­­լու հա­­մար պէտք է աշ­­խա­­­տիս, ու­­րիշներն ալ քու կրօ­­նիդ բե­­րելու։ Եթէ յօ­­ժարե­­ցաւ լաւ, իսկ եթէ մեր­­ժեց իրա­­ւունք ու­­նիս զինք եւ որ­­դի­­­ները սպան­­նե­­­լու, կի­­նը եւ ու­­նե­­­ցուած­­քը յափշտա­­կելու։ Փա­­ռապանծ էզ­­տիական կրօ­­նը այսպէս բան չըն­­դունիր։ Բո­­լոր մարդկանց կը նա­­յի հա­­ւասար աչ­­քով։ Կը թե­­լադ­­րէ բո­­լորին օգ­­նել։

Կ՚ու­­զեմ գիտ­­նալ թէ այ­­սօր քրտա­­կան դպրոց­­նե­­­րու մէջ ուսման լե­­զուն ի՞նչ է։

Մ.Խ.- Ես յստակ չեմ կրնար ըսել տա­­րեթի­­ւը, բայց քրտե­­րէն դա­­սաւան­­դութիւ­­նը վե­­րացաւ Ստա­­լինի շրջա­­նին։ Հի­­մա բո­­լոր քրտա­­կան գիւ­­ղե­­­րուն հայ­­կա­­­կան դպրոց է։ Շա­­բաթը եր­­կու-երեք ժամ քրտե­­րէն լե­­զու կը դա­­սաւան­­դո­­­ւի միայն։

Շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն զրոյ­­ցի հա­­մար։

agos.com.tr/am/hvotvadzi/21472/myenk-mi-srvov-yenk-mvortuadz

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail