06 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛ողջունէ Ֆրանսայի Նոր Քալետոնիոյ մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէն:
«Արմէնփրես»-ի փոխանցումով, այս առնչութեամբ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան մեկնաբանութեան մէջ կ՛ըսուի.
«Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛ողջունէ Ֆրանսայի Նոր Քալետոնիոյ մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէի կազմակերպումը` իբրեւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ եւ միջազգային շարք մը հիմնարար փաստաթուղթերով ամրագրուած ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի գործադրութեան հերթական դրսեւորում: Այդ հիմնարար իրաւունքի ճանաչումն ու իրագործումը հիմնական կանոն կը նկատուի ժողովրդավարական հասարակութեան մէջ:
Անկախ արդիւնքներէն, Նոր Քալետոնիոյ մէջ անկախութեան հանրաքուէի կազմակերպումը անգամ մը եւս կը հաստատէ, որ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի գործադրութիւնը նմանատիպ հարցերու լուծման ամէնէն բարենպաստ տարբերակն է:
Արցախի ժողովուրդին կողմէ իր ինքնորոշման անքակտելի իրաւունքի գործադրութեան փաստի միջազգային ճանաչումը պէտք է դառնայ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հիմքը, ինչ որ կը զսպէ Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ նկրտումները, կ՛ապահովէ տագնապի խաղաղ լուծման անշրջելիութիւնը եւ շրջանային կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը»:
aztagdaily.com/archives/415343