«Ամերիկեան Պատժամիջոցները Վճռական Հարուած Են Միջին Արեւելքի Մէջ Իրանի Գործունէութեան» Կ՛ըսէ Լիպըրման

06 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրման ողջունեց Իրանի քարիւղի եւ ելեւմտական մարզերուն դէմ ուժի մէջ մտած ամերիկեան պատժամիջոցները` նշելով. «Անոնց վերահաստատումը վճռական հարուած կը հասցնեն շրջանին մէջ Իրանի գործունէութեան»:

Լիպըրման հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու յանդուգն որոշումը այն խորքային փոփոխութիւնն է, որուն կը սպասէր Միջին Արեւելքը»:

«Միացեալ Նահանգները մէկ քայլով վճռական հարուած հասցուցին Սուրիոյ, Լիբանանի, Կազայի, Իրաքի եւ Եմէնի մէջ Իրանի դիրքերու ամրապնդումին», ըսաւ Լիպըրման եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահին:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ հասարակութեան հետ կապերու գծով տնօրէնի տեղակալ Նաոմ Քաց իր կարգին յայտնեց, որ Իսրայէլ կ՛աջակցի Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներու վերականգնումին եւ այլ երկիրներուն կոչ կ՛ուղղէ նոյնպէս աջակցելու անոնց:

«Իսրայէլ կ՛աջակցի Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներուն, անոնք պէտք է աջակցութեան արժանանան նաեւ այլ երկիրներու կողմէ` Իրանէն եկող վտանգը զսպելու համար», ըսած է Քաց:

aztagdaily.com/archives/415316

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail