06 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Զուիցերիան հանդէս կու գայ իրանեան հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրի պահպանման օգտին. Իրանի դէմ պատժամիջոցները միայն կը բարդացնեն կացութիւնը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Զուիցերիոյ նախագահ Ալեն Պիոռսէ:
Ան յիշեցուցած է, որ Զուիցերիան դեր ունեցած է գործարքի ձեռքբերման գործին մէջ` իր տարածքը տրամադրելով Վեցեակին եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւններուն համար:
«Մենք միշտ հանդէս եկած ենք այն բանի օգտին, որ այդ գործարքը ըլլայ… Անիկա կը գործէ, Իրանը կատարած է գործարքը: Եւ երբ այս տարի հանդիպեցայ Իրանի նախագահ Ռուհանիի հետ, անոր ըսի, թէ այդ համաձայնագիրը մեզի համար կարեւոր է: Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցները անակնկալ չեն, անոնց մասին արդէն յայտարարուած էր: Անոնք կը բարդացնեն կացութիւնը, սակայն մեզի համար կարեւոր է, որ գործարքը կատարուի», ըսած է ան:
aztagdaily.com/archives/415317