05 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՆԵՐ: hayernaysor.am :
Արի Հաճեան Հայաստան տեղափոխուած է 2010 թուականին` Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէսէն:
Մասնագիտութեամբ ճարտարապետ, կ´աշխատի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ: Շատ կը սիրէ Հայաստանը, զինք շրջապատող մարդոց, աշխատանքը:
«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին Արին ըսաւ, որ հայրենադարձութեան ամենամեծ նուաճումներէն կը համարէ ընտանիք կազմելն ու երկուորեակ տղաներու ծնունդը, որոնց ապագան կը տեսնէ իր երազած Հայաստանին մէջ:
Որպէս սկիզբ
– Հօրս կողմէն Արեւմտեան Հայաստանի Սեբաստիոյ նահանգի Քիլիս գիւղէն եղած են: Հօրս մեծհայրը սպաննուած է Համիտեան ջարդերու ժամանակ(1894-1896թթ):
Մօրս կողմէն Մարաշէն են: Մեծմայրս Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրողներէն եղած է, անոր մայրը եւ քոյրերը սպաննուած են:
Ծնողներս Հալէպի մէջ ծնած են: Հայրս լրագրող եւ հայերէնի ուսուցիչ էր եւ 1979 թուականին զինք Արժանթին հրաւիրած են` Պուէնոս Այրէսի հայկական դպրոցը տնօրինելու, հայերէն դասաւանդելու եւ «Արմէնիա» թերթի խմբագիրը դառնալու: Անոնք եղբօրս ու քրոջս հետ տեղափոխուած են Արժանթին, իսկ ես եւ միւս երեք երեխաները ծնած ենք Պուէնոս Այրէսի մէջ (երեք եղբայր, երեք քոյր են):
Կը կարօտնամ արժանթինեան գարունը…
– Ամենահեռաւոր համայնքներէն մէկը ըլլալով, ուր չորրորդ սերունդի հայեր կ´ապրին, հայապահպանութիւնն առաջնային հարց է, այնտեղ ապրող հայերը հայկական ոգին կը պահպանեն: Եթէ նոյնիսկ հայերէն չեն խօսիր, սպաներէն հպարտօրէն կ´ըսեն` հայ են, այլ ոչ թէ արժանթինահայ:
Հայկական միջավայրի մէջ մեծցած եմ, սերտ կապի մէջ եղած եմ համայնքին հետ, յաճախած եմ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական դպրոց, «Մասիս» պարախումբ եւ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւն (ՀՄԸՄ): Ընտանիքս ինծի հայեցի կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն տուած է եւ միշտ յորդորած չմոռնալ հայ ըլլալու մասին:
Միայն համալսարանին մէջ ուսանելու տարիներուն ծանօթացայ օտար մարդոց հետ, սակայն այդ հանգամանքը, բնաւ, չխանգարեց, որ հեռանամ իմ արմատներէս:
Արժանթինը, ի հարկէ, իմ ծննդավայրս է. այնտեղ կայացած եմ, բարձրագոյն կրթութիւն ստացած, հիմա շատ կը կարօտնամ Պուէնոս Այրէսի մէջ անցուցած օրերս, հարազատներս ու ընկերներս, յատկապէս կը կարօտնամ արժանթինեան գարունը:
Հայրենիքս աղքատութեան մէջ տեսնելով` յուսահատեցայ…
– Հայրենիք տեղափոխուելու մասին երազած եմ դեռեւս տասներկու տարեկանէս. Հայաստանի մէջ ինծի հասակակից աշակերտի նամակ մը գրած էի` տեղեկացնելով անոր, որ կը ցանկամ Հայաստան վերադառնալ եւ ՀՀ նախագահ դառնալ:
Առաջին անգամ 1995 թուականին եկայ. Պուէնոս Այրէսի մէջ դպրոցն աւարտելէ յետոյ յատուկ ծրագիրով աշակերտներուն Հայաստան ճանաչողական այցելութեան կը բերէին: Սեւ ու մութ տարիներն էին, երբ դեռ պատերազմի արհաւիրքը կը մոլեգնէր երկրին մէջ: Դպրոցին մէջ մեզի միշտ երազային Հայաստանի մասին կը պատմէին, ուր ամէն ինչ կատարեալ էր: Բայց հայրենիքս աղքատութեան մէջ, իսկ ժողովուրդը տխուր աչքերով տեսնելով` հոգեպէս շատ ճնշուեցայ եւ յուսահատեցայ: Տասնհինգ օր մնալէ եւ մարդոց ջերմ վերաբերմունքը տեսնելէ յետոյ, յուսահատութիւնս փարատեցաւ: Հասկցայ, որ ճակատագիրն ինծի օր մը Հայաստան պիտի բերէ:
Այդպէս, 2010 թուականին միայնակ Հայաստան եկայ:
Հօրս չիրականացած երազանքը ես կատարեցի…
– Ծնողներս չընդդիմացան իմ որոշումիս: Միայն մայրս քիչ մը կը տարակուսէր, կը յորդորէր միջավայրին յարմարուելէ յետոյ միայն հայրենադարձուիլ: Իսկ հայրս շատ ուրախ էր. իր չիրականացած երազանքը ես կատարեցի. ան չէր ընտելանար օտար երկրի մէջ ապրելուն: Մեծ հայրենադարձութեան տարիներուն ան դիմած էր Հայաստան գալու համար, սակայն չէր յաջողած:
Հայաստանն իր զաւակներուն գիրկն առնող մեծ ընտանիք մըն է…
– Հայաստանի մէջ մտածելակերպի եւ մշակութային տարբերութեան խնդրին բախուեցայ, սովորոյթներ կային, որոնք անծանօթ էին ինծի եւ հակառակը. մարդիկ սանրուածքիս կամ պատռուած ճինս հագնելուս «խորթ» աչքով կը նայէին: Սկիզբը կը ջղայնանայի, բայց ժամանակի ընթացքին ընտելացայ:
Սակայն առաջին օրէն հարազատ միջավայրի մէջ զգացած եմ. կարծես իմ տան մէջ կը գտնուէի: Մարդիկ գրկաբաց ընդունած են ինծի եւ անհրաժեշտութեան պարագային` օգնութեան ձեռք մեկնած:
Միշտ կ´ըսեմ, որ Հայաստան իր զաւակներուն գիրկն առնող մեծ ընտանիք մըն է: Իսկ հայերը խելացի, տաղանդաւոր եւ աշխատասէր մարդիկ են: Երբ փոքր էի, կը մտածէի, որ Յիսուս Քրիստոս հայ է, քանի որ ան ինծի համար հայ ժողովուրդի պէս այնչափ բարի կը թուէր: (ծիծաղելով-հեղ.)
Կը նախընտրեմ հանգիստս Հայաստանի մէջ անցնել…
– Երեւանի մէջ փոփոխութիւններն ակներեւ են. քաղաքը եւրոպական շունչ ստացած է` չկորսնցնելով հայկական դիմագիծը: Մեր մայրաքաղաքը Արեւելքի եւ Արեւմուտքի խաչմերուկին վրայ կը գտնուի, որ ինծի համար հետաքրքիր է:
Կը կիսեմ Ալեքսանտր Թամանեանի քաղաքաշինական գաղափարները: Բայց հիմա երբ կը փորձեն նորարարական արհեսագիտութիւններով 1930-ականներու կամ թամանեանական շունչն ընդօրինակել` ինծի համար անընդունելի է:
Իմ ամենասիրելի շէնքերէն է «Այրարատ»(«Ռոսիա») թատրոնը. այն հոյակապ ճարտարապետական նմուշ է, հոգեհարազատ է նաեւ Սիրահարներու այգիի շրջակայքը, ուր նաեւ մեր բնակարանը կը գտնուի: Մինչեւ երեխաներուս ծնիլը կնոջս հետ ամէն շաբաթ կը շրջէինք Հայաստանի գիւղերով, բացայայտելով նոր տեսարժան, պատմամշակութային վայրեր: Կը նախընտրեմ հանգիստս Հայաստանի մէջ անցնել, քան օտար երկիրներ երթալ: Առհասարակ, համոզուած եմ, որ Հայաստան կարելի է զարգացնել զբօսաշրջութիւնը խթանելու միջոցով:
Մեր հանդիպումներն ամուսնութեամբ աւարտեցան…
–Մինչ հայրենադարձուիլս 2007 թուականին եկած էի Հայաստան եւ ծանօթացած ապագայ կնոջս` իրանահայ Նաիրիին: Արժանթին վերադառնալէ յետոյ անոր հետ ստեղծուած յարաբերութիւնները համացանցային շփումներով պահպանեցի:
2010 թուականին` Հայրենիք վերադառնալու առաջին օրը, ճակատագրի բերումով, զինք փողոցը տեսայ, որմէ յետոյ շարունակեցինք հանդիպումները, որ աւարտեցաւ երջանիկ ամուսնութեամբ: Հիմա երկուորեակ տղաներ ունինք: Ուրախ եմ եւ հպարտ, որ երեխաներս Հայաստանի լիիրաւ քաղաքացիներ են:
Ես նոյնպէս յոյսս Թաւշեայ յեղափոխութեան վրայ դրած եմ…
-Երբ սփիւռքի մէջ կ´ապրիս, հեռուէն Հայաստանի ներքին կեանքը քեզ լաւ կը թուի, ամէն ինչին կը նայիս վարդագոյն ակնոցներով:
Հայրենադարձուելէ յետոյ իրականութեան մէջ տեսնելով քաղաքական իրավիճակը, քննադատողներէն մէկը դարձայ ոչ թէ Կառավարութեան, այլեւ` որոշակի գործիչներու:
Ես նոյնպէս, բոլոր մարդոց պէս, յոյսս դրած եմ Թաւշեայ յեղափոխութեան վրայ, որքան հասցուցած եմ` մասնակցած եմ ցոյցերուն, կանգնած հայրենակիցներուս կողքին: Մեծ սպասումներ ունիմ, որ հայ ժողովուրդը վերջապէս պիտի ապրի իր երազած Հայաստանի մէջ:
Ամենակարեւորն ինքնութեանս վերադարձայ…
-Ին՞չ տուաւ ինծի հայրենադարձութիւնը. յաճախ այս հարցին շուրջ խորհելուս` կը հասկնամ, որ հայրենադարձութեան շնորհիւ ինքզինքս գտայ եւ որ ամենակարեւորն է, ինքնութեանս վերադարձայ: Այլեւս չեմ պայքարիր հայերէն խօսելու եւ հայ մնալու համար, ինչպէս` Արժանթին ապրելու տարիներուն: Այդ մեծ ծանրութիւնը ուսերէս թօթափեցի եւ առաջ ընթացայ` կառուցելով կեանքս:
-Շատ կ´ուզեմ` հայրենադարձութեան մեծ ալիք ըլլայ…
-Ամենաբաղձալի երազանքս այն է, որ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ պատերազմական իրավիճակի տագնապը վերանայ, Արցախեան հիմնախնդիրին խաղաղ կարգաւորում տրուի, իսկ մեր զինուոր տղաներն ալ անփորձանք ծառայեն եւ իրենց ընտանիքներ վերադառնան:
Շատ կ´ուզեմ` հայրենադարձութեան մեծ ալիք ըլլայ, արտագաղթը վերանայ, որպէսզի բոլոր հայերն իրենց հողին վրայ մնան եւ առկայ ներուժը կեդրոնացնեն Հայաստանի զարգացման համար: Վստահ եմ` ազգային համախմբուածութեան շնորհիւ միայն կը կարենանք յաղթահարել մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները:
Թաւշեայ յեղափոխութիւնն ապացուցեց, որ, ցանկութեան պարագային, մեր կեանքին մէջ կրնանք շատ բան փոխել:
Անդրադարձը` Գէորգ Չիչեանի
hayernaysor.am/cl/archives/297448