Հայաստանը Պէտք է Դարձնել Այնպիսի Երկիր, Որն ի Վիճակի Ըլլայ Բարձր Մակարդակով Պաշտպանել Ինքզինք․ Փաշինեան
09 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Վարչապետի պաշտօնակատար նիկոլ Փաշինեան Աստանայի մէջ հանդիպում ունեցած է Ղազախստանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպման ներկայ գտնուած են նաեւ Ուզպեքիստանի հայ համայնքի ներկայացուցիչները` Թաշքենթի Սուրբ Փիլիփոս եւ Սամարղանդի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւ Տէր Յովհաննէս քահանայ Գրիգորեանի գլխաւորութեամբ:
Ողջունելով հանդիպման մասնակիցները` Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ վարչապետ ընտրուելէ ետք շատ կը ճամբորդէ եւ իւրաքանչիւր երկիր որ կ՛երթայ, մօտաւորապէս այս կարգի հանդիպումներ կ՛ունենայ տեղի հայ համայնքին հետ։ «Եւ երբ կը հանդիպինք այսքան հարազատ դէմքերու` կը մտածենք հետեւեալը. Մենք իսկապէս հզօր ժողովուրդ ենք մեր ներուժով, բայց ցաւօք այն ամբողջութեամբ չենք օգտագործեր մինչեւ հիմա: Յեղափոխութիւնը տեղի ունեցած է ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ հայութեան մէջ, համազգային գիտակցութեան մէջ, որու ամենակարեւոր արդիւնքը պէտք է ըլլայ ազգային ներուժի օգտագործումը, որպէսզի միասին հզօրացնենք մեր հայրենիքը, որ պէտք է ըլլայ հայութեան լինելիութեան թիւ մէկ երաշխաւորը»:
Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով` վերջերս ծանօթացած է ընկերային հարցումի մը, որով պարզուած է, որ «Ես հայ եմ» արտայայտութիւնը տարբեր ժամանակներու մէջ տարբեր ընկալումներ ունեցած է: «21-րդ դարուն «Ես հայ եմ» արտայայտութիւնը առաջին հերթին հայ անհատը կը նոյնականացնէ Հայաստանի անկախ պետականութեան հետ: Մեր ամենակարեւոր խնդիրն է, որ մենք մեր ներուժը իսկապէս ներգրաւենք Հայաստանի յետագայ զարգացման գործին մէջ: Մեր ամենակարեւոր բացթողումը եղած է այն, որ միասնական նպատակներ չենք ձեւակերպած, եւ մեր ազգի տարբեր հատուածները գործած են ոչ այնքան միասնական: Մենք պէտք է միասնական ազգային նպատակ ձեւակերպենք եւ բոլորս մեր ուժերը կեդրոնացնենք այն իրագործելու համար: Կը կարծեմ, որ տեղի ունեցած յեղափոխութեան ամենակարեւոր առանձնայատկութիւնը հետեւեալն է. Մենք ձեռք կը բերենք նոր ուժ, նոր ոգեւորութիւն, որպէսզի կարենանք Հայաստանը դարձնել այնպիսի երկիր, որ ի վիճակի է բարձր մակարդակով պաշտպանել ինքզինք, զարգանալ, գրաւիչ ըլլալ ներդրումներու եւ այնտեղ ապրելու համար»,- նշած է վարչապետի պաշտօնակատարը:
yerakouyn.com/2018/11/09/