Փաշինեան Ասթանայի Մէջ Մասնակցեցաւ ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստին

09 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ:

Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Ասթանայի մէջ մասնակցած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստին, կը տեղեկացնէ Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինը:

Վեհաժողովին մասնակցած են նաեւ կազմակերպութեան անդամ երկիրներու` Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի, Խըրխըզիստանի, Ռուսիոյ եւ Տաճիկիստանի ղեկավարները:

Նախ տեղի ունեցած է առաջնորդներու նեղ, ապա ընդլայնուած կազմով նիստը:

Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի անդամները քննարկած են միջազգային եւ շրջանային անվտանգութեան, ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու միջեւ կազմակերպութեան շրջագիծին եւ միջազգային ասպարէզին մէջ փոխադարձ գործակցութեան հետ կապուած հարցեր:

Նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ 2018-2019-ի համար ՀԱՊԿ-ի նախագահութիւնը պիտի ստանձնէ Խըրխըզիստանի Հանրապետութիւնը` Խըրխըզիստանի նախագահ Սորոնպայ Ժենպեքով ներկայացուցած է նախագահութեան ընթացքին իր երկրին առաջնահերթութիւնները:

Վեհաժողովի ընթացքին ընդունուած են շարք մը փաստաթուղթեր: Անոնց կարգին եղած են` ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի ամփոփիչ հռչակագիրը, միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողքին զինուած հակամարտութիւններուն մասնակցած անձերու նկատմամբ փոխհամաձայնեցուած միջոցառումներու վերաբերեալ միացեալ յայտարարութիւնը:

Պետութիւններու ղեկավարները ընդունած են Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի որոշումներ, որոնք նպատակամղուած են ՀԱՊԿ-ի ճգնաժամային արձագանգման կատարելագործման, անօրինական գաղթի հակազդելուն, համակարգուած տեղեկատուական քաղաքականութեան զարգացման, հաւաքական ուժերու կազմակերպման ու կազմի ճշդման, զինուորական-տնտեսական համագործակցութեան միջպետական յանձնախումբի նախագահի պաշտօնի թեկնածութեան հաստատման:

Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի նշանակման հետ կապուած հարցին: Կողմերը պայմանաւորուած են հարցին շուրջ քննարկումները շարունակել 6 դեկտեմբերին` Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումի ընթացքին: Միաժամանակ, աշխատանքներ պիտի կատարուին ընդհանուր քարտուղարի լիազօրութիւններու վաղաժամ դադրեցման հետ կապուած հարցերը կարգաւորող համապատասխան չափանիշներու մշակման ուղղութեամբ:

Նազարպայեւ. «ՀԱՊԿի Նոր Ընդհանուր Քարտուղար Պիտի Դառնայ Պիելոռուսիոյ Ներկայացուցիչը»

Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ կը կարծէ, որ ՀԱՊԿ-ի նոր ընդհանուր քարտուղար պիտի դառնայ Պիելոռուսիոյ ներկայացուցիչը, կը տեղեկացնէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

Ան նշած է, որ Եուրի Խաչատուրովը ետ կանչելը տարակարծութիւն յառաջացուց` աւելցնելով որ ՀԱՊԿ-ի կանոնադրութեան համաձայն, Հայաստանին կը յաջորդէ Պիելոռուսիան:

Ըստ Նազարպայեւի, ՀԱՊԿ-ի պետութիւններու բոլոր ղեկավարները ըսած են, որ ընդհանուր քարտուղարը պէտք է ըլլայ պիելոռուսական կողմէն:

Զոհրապ Մնացականեանը Շեշտած Է Խաղաղ Բանակցային Հոլովոյթին Մէջ Արցախի Ներգրաւուածութեան Կարեւորութիւնը

Նոյեմբեր 8-ին Ասթանայի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեան մասնակցած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի, պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի եւ անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու կոմիտէի միացեալ նիստին:

Նիստի օրակարգին վրայ էին ՀԱՊԿ-ի շրջագիծին մէջ համագործակցութեան, միջազգային ու շրջանային անվտանգութեան եւ միջազգային հարթակին վրայ կազմակերպութեան անդամ երկիրներու միջեւ արտաքին քաղաքական համադրման առնչուող հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է Աֆղանիստանի, Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքի մէջ վերջին զարգացումներուն:

Իր խօսքին մէջ նախարարի պաշտօնակատար Մնացականեան շնորհակալութիւն յայտնած է Ղազախստանի իր գործընկերոջ` ՀԱՊԿ-ի յաջող նախագահութեան համար եւ հայկական կողմին աջակցութիւնը յայտնած է Խըրխըզիստանի յառաջիկայ նախագահութեան` կազմակերպութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման եւ համագործակցութեան խորացման ուղղուած առաջնահերթութիւններուն:

Անդրադառնալով նիստի օրակարգի հարցերուն` նախարարի պաշտօնակատարը վերահաստատեց Հայաստանի վճռականութիւնը շարունակելու ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու պաշտպանական ներուժի զօրացման եւ արդի մարտահրաւէրներու եւ սպառնալիքներու դէմ պայքարին մէջ ջանքերու ամրապնդման ուղղութեամբ քայլերը:

Զոհրապ Մնացականեան նշած է, որ Հայաստանը կարեւոր կը նկատէ ծայրայեղականութեան եւ միջազգային ահաբեկչութեան հակազդեցութեան ուղղուած միացեալ եւ համակողմանի ջանքերու նշանակութիւնը:

Ան կարեւոր նկատած է ՀԱՊԿ-ի խաղաղապահ ներուժը մեծցնելու եւ ՄԱԿ-ի հետ համագործակցութեան ամրապնդման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը:

Անդրադառնալով ղարաբաղեան տագնապին` նախարարի պաշտօնակատարը ընդգծած է, որ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը բազմիցս վերահաստատած է իր յանձնառութիւնը տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան հովանիին ներքեւ:

Մնացականեան ընդգծած է, որ Արցախի անվտանգութեան եւ կարգավիճակի հարցը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի առաջնահերթութիւններու շարքին, ինչպէս նաեւ շեշտեց խաղաղ բանակցային հոլովոյթին մէջ Արցախի` որոշիչ ձայնով ներգրաւուածութեան կարեւորութիւնը:

Ըստ «Քոմերսանթ»-ի Ալիեւ Պատրաստ Եղած Է Հիւրի Կարգավիճակով Մասնակցելու ՀԱՊԿ-Ի Վեհաժողովին, Սակայն…

Ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթը երէկ հրապարակած է յօդուած մը ՀԱՊԿ-ի մասին, որուն մէջ յղում կատարելով իր դիւանագիտական աղբիւրներուն, գրած է, թէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կ՛ուզէր հիւրի կարգավիճակով մասնակցիլ ՀԱՊԿ-ի երէկուան վեհաժողովին, սակայն հայկական կողմը չէ արտօնած: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Ալիեւի մասնակցութեան նախաձեռնութիւնը Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւինն էր:

«Քոմերսանթ»-ի աղբիւրներուն համաձայն, Նազարպայեւին այս հարցին մէջ աջակցած են անդամ երկիրներու միւս ղեկավարները, մասնաւորաբար` Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոն:

Ռուսական օրաթերթը տեղեկութիւնը հաստատելու համար դիմած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան, սակայն նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան պատասխանած է, որ այս մասին տեղեկութիւն չունի:

yerakouyn.com/2018/11/09/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail