Կասպից Ծովուն Մէջ Գտնուող Ռուսական 4 Մարտանաւեր Կը Ռմբակոծեն Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դիրքերը

08 հոկտեմբեր 2015

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու երէկ միացեալ պատկերասփռուած հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեցին, որ Կասպից ծովուն մէջ գտնուող 4 մարտանաւեր 26 հրթիռներ արձակած են Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի 11 դիրքերու դէմ` անցնելով Իրանի եւ Իրաքի օդային տարածքէն եւ կտրելով 1500 քմ: Ռուսական ուժերը 30 սեպտեմբերէն ի վեր Սուրիոյ մէջ հարուածած են իսլամականներու 112 թիրախներ:

Փութին յայտնեց, որ տակաւին շատ կանուխ է Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ գործողութեան արդիւնքներուն մասին խօսիլ եւ Շոյկուի հրամայեց շարունակել Միացեալ Նահանգներու, Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ, Իրանի եւ Իրաքի հետ Սուրիոյ հարցով գործակցութիւնը:

Շոյկու ըսաւ. «Կարելի չէ ՏԱՀԵՇ-ը պարտութեան մատնել` առանց ռուս-ամերիկեան համակարգումի»:

«Փարիզ վերջին այցելութեանս ընթացքին Ֆրանսայի նախագահ Հոլլանտ ներկայացուց հետաքրքրական գաղափար մը, ըստ որուն իր կարծիքով կարելի է փորձել միացնել նախագահ Ասատի կառավարական ուժերուն եւ այսպէս կոչուած Սուրիական ազատ բանակի (ՏԱՀԵՇ-ի դէմ) ջանքերը», ըսաւ Փութին:

Թուրքիոյ բանակը իր կարգին յայտարարեց, որ ռուսական հրթիռային համակարգեր երեքշաբթի օր Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ դէմ դրած են թրքական օդուժին պատկանող 8 «Էֆ-16»-երու:

Մինչ այդ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ պատրաստ է ռուսական բանակին հետ Անգարայի մէջ կատարելու բանակցութիւններ` թրքական օդային տարածքի խախտումի կրկնութենէն խուսափելու համար: Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով իր կարգին նշեց, որ ռուսական կործանիչի մը կողմէ թրքական օդային տարածքին խզումը նեղութիւն պատճառող սխալ հասկացողութիւն մըն էր` յայտարարելով, որ «մենք պատրաստ ենք Թուրքիոյ հետ զինուորական համակարգումի` օդին մէջ պատահական արկածներէ խուսափելու համար»:

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու շեշտեց, որ «Ռուսիոյ հետ շահերու հակադրութիւն չկայ, սակայն նաեւ սահմաններու եւ օդային տարածքներու անվտանգութենէն զիջում չկայ»` աւելցնելով. «Մենք չենք ուզեր, որ սուրիական տագնապը ՕԹԱՆ-ի եւ Ռուսիոյ միջեւ ճգնաժամի վերածուի»:

Ըստ Տաւութօղլուի, «Սուրիոյ մէջ ռուսական 57 յարձակումներէն միայն երկուքը թիրախ դարձուցին ՏԱՀԵՇ-ը: Սուրիոյ մէջ ռուսական յարձակումներուն մեծամասնութիւնը թիրախ կը դարձնէ ընդդիմութիւնը»:

«Ռուսերը պէտք է յարգեն թրքական օդային տարածքը, մեզի ներկայացնեն այդ խախտումին առիթ տուած պատճառները եւ երաշխաւորեն, որ անիկա պիտի չկրկնուի», ըսաւ Տաւութօղլու:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Էշթըն Քարթըր յայտնեց, որ Ռուսիան Սուրիոյ մէջ կը գործէ սխալ ռազմավարութեան մը հիմամբ` նշելով, որ իրենք համաձայն չեն Ռուսիոյ հետ զինուորական գործակցութեան, այնքան ատեն որ ան այս սխալ ընթացքին վրայ կը գտնուի, սակայն աւելցուց. «Պիտի շարունակենք Ռուսիոյ հետ կապի մէջ մնալ` Սուրիոյ մէջ մեր օդաչուներուն անվտանգութեան սիրոյն»:

Միւս կողմէ, «Գանձասար»ի խմբագրութենէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ ռուսական օդուժը հարուածած է Հալէպի հիւսիսը գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը` յատկապէս Տեր Հաֆերի եւ Պապի մէջ:

Լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթը հաղորդեց, որ քրտական բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այցելած է Դամասկոս` քննարկելու համար ռուսական օդուժի հովանիին տակ Սուրիոյ բանակին հետ միացեալ ցամաքային գործողութեանց կարելիութիւնները: Ըստ «Ախպար»-ի, Սուրիոյ բանակին եւ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն միջեւ բանակցութիւնները մեծ ճամբայ կտրած են եւ զինուորական գործակցութեան շուրջ սկզբունքային համաձայնութիւն գոյացած է:

http://www.aztagdaily.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail