Կարսի Քիւրտերը Կը Խոստովանին․ «Մենք Մինչեւ Հիմա Հայերու Տանիքներուն Տակ Կ՛ապրինք»

09 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 – ԷՐԿԻՐ – ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Հայաստան–Թուրքիա ներկայ սահմանէն ընդամէնը 50 մեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի պատմական հայկական Կարս նահանգի Քիլիթթաշ գիւղը: Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք լքուած հայկական տուները բնակեցուած են շրջակայ բնակավայրերէն բերուած քիւրտերով, որոնք իրենց հերթին դարձած են թէ հայերու տուներուն, թէ անոնց եկեղեցիներուն նոր տէրերը, կը հաղորդէ «Էրմէնիհապեր»-ը։

Կարսի Տիգոր շրջանի մէջ մտնող այս բնակավայրը ուշադրութիւն կը գրաւէ իր իւրայատուկ գեղեցիկ բնութեամբ: Պատմական հայկական գիւղը ու այսօրուան Հայաստանը իրարմէ կը բաժանուին Արփաչայ գետով: Գիւղը կառուցուած է Արփաչայի ափին` շուրջ 300 մեթր խորութեամբ ձորին մէջ:  Այստեղ ընդամէնը 40 ընտանիք կայ:

Գիւղի ներկայ բնակիչները կը պատմեն, որ վերջին հարիւր տարուան ընթացքին Քիլիթթաշի մէջ որեւէ նոր տուն չէ կառուցուած: Բոլորը կը բնակին հայերու թողած տուներուն մէջ․ «Մենք մինչ այսօր հայերու տանիքներուն տակ կ՛ապրինք», – կը խոստովանին քիւրտերը:

yerakouyn.com/2018/11/09/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail