Նշմար. Մեր Թրքանուն Ճաշերը – Յակոբ Միքայէլեան

09 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:

Երեւան, հայկական ճաշարան, հայերէնով տպուած ճաշացուցակ, որուն մէջ հայկական անունով ճաշի չհանդիպեցայ, բացի խորովածէն. մնացեալը՝ հումմոս, մութապպալ, թապպուլէ, ֆաթթուշ, եալանճի, պէօրէկ, թոշկա, չիքիւֆթէ, իչլի քիւֆթէ, քեպապ, իքի պիր, ղաւուրմա, խաշլամա… եթէ շարունակեմ, պիտի ջղայնանամ ու կաշիէս դուրս գամ: Չեմ գիտեր ինչո՞ւ մեր ճաշանունները ընդհանրապէս թրքերէն են, որոնց վրայ եկան աւելնալու արաբականները: Այս բոլորը գուցէ տանելի էր Սուրիոյ մէջ, սակայն Հայաստանի մէջ ալ ասոնց հանդիպի՞ս…

Պիտի ըսուի որ այս ճաշարանատէրերը սուրիահայեր են, եւ ինչ որ Սուրիոյ մէջ կ’անուանուէր, նոյնութեամբ այստեղ ալ շարունակած են: Հաւանաբար ճիշդ է ըսուածը, սակայն հայաստանեան ճաշարաններն ալ հինէն ի վեր օտարանուն ճաշացուցակներ ունին, որոնց մէջ շատ են թրքականը, ռուսականը, ուքրանականը կամ վրացականը:

Հարցում կ’ուղղեմ. ո՞ւր են մեր հայանուն ճաշերը, ունեցա՞ծ ենք, թէ թուրքերու դրացնութեամբ մենք ալ ընդունած ենք թրքանուն ճաշերը: Իբր թէ հարիսան հայերէն է եւ ըսել է «հարէ՛ սա», համոզիչ չէ, բառը արաբերէն է هرس هريسة :

Թէեւ շատ համով են, բայց դժուարիս կու գան անունները մեր ամենասիրած ճաշատեսակներուն՝ տոլմա, սարմա, մանթի, քիւֆթէյի բոլոր տեսակները, քեպապի բոլոր տեսակները… մնացեալը բոլորդ ալ լաւ գիտէք:

Փորձեր եղան կարգ մը անուններ հայացնելու, սակայն կարելի չեղաւ զանոնք ընդհանրացնել, ինչպէս՝ պալճանի տոլմա՝ սմբուկի լիցք, լահմաճին՝ մսաշոթ, մաքարոն՝ թթմաճ եւ այլն:

Ճաշատեսակները ժողովուրդի մը մշակոյթին մաս կը կազմեն, ինչպէս տարազները, երգերը, պարերը եւ այլն: Կը մտածեմ, արդեօք մենք սեփական իւրայատուկ ճաշատեսակներ չե՞նք ունեցած, որ ընդօրինակեր ենք թրքականը, թէ ունեցած ենք եւ թուրքերուն պէս թրքերէնով կոչած ենք զանոնք: Ամենահայկական կարծուած «Ղափաման» դարձեալ թրքահունչ է: Հայաստանի մէջ ինծի անծանօթ ճաշատեսակ մը կայ, որ ոչխարի միսով կը պատրաստեն, անունը՝ Փիթի… դեռ չեմ կրցած ըմբռնել այս անուան իմաստը:

Թրքականն ու թրքասիրութիւնը տզրուկի պէս փակած են մեզի ու չենք կրնար ձերբազատիլ անոնցմէ, նոյնիսկ փորձ չենք ըրած ու չենք ըներ:

Դարձեալ կը կրկնեմ. եթէ ինչ որ մեղմացուցիչ պատճառներ ունէինք մենք արտասահմանի մէջ, կիլիկեցի մեր ծնողներուն իմացածները որդեգրելու, Հայաստանը իրաւունք չունի զանոնք չհայացնելու: Դեռ մինչեւ այսօր, ոչ միայն ճաշատեսակներ, այլ թրքահունչ տեղանուններ ալ կան թէ՛ հայկական Քեսապի մէջ, թէ ալ Հայաստանի: Քեսապի շրջաններուն անունները բոլորս ալ գիտենք, իսկ Հայաստանի եւ Արցախի՞. Դեռ «Ղարաբաղը» չմոռցուեցաւ, Հայաստանի մէջ ալ «Ալլահվերտին», «Աղվերանը» եւ ուրիշներ: Ինչո՞ւ այս մասին լուրջ մօտեցում չ’ըլլար: Թրքախօսութիւնը, թրքատիպ հայերէն երգերը կը քննադատենք յաճախ, բայց մնացեալին մասին չենք խօսիր:

Հայաստանի մէջ ձաւարը դեռ «պուլղուր» է, պղպեղը՝ «պիպար», ազատգեղը՝ «մաղտանոս», ստեպղինը՝ «կազար», հազարը՝ «մարոլ», ձիթապտուղը՝ «զէյթուն» …

Տարիներ առաջ, երբ հայ-թրքական արձանագրութիւններ պիտի ստորագրուէին եւ նախագահ Ս. Սարգսեանի հրաւէրով Թուրքիոյ նախագահը Երեւան եկաւ միասին ֆութպոլ դիտելու, թուրք լրատուամիջոցներու թղթակիցներ եւ լուսանկարիչներ լեցուեցան Երեւանի փողոցները եւ ուրախութեամբ արձանագրեցին, որ մենք շատ ալ տարբեր չենք իրենցմէ եւ մեր կենցաղին մէջ ահագին նոյնանման երեւոյթներ կան, ինչ որ Թուրքիոյ մէջ, մենք «եղբայր» ժողովուրդներ ենք. նոյնիսկ «խելացի» հայ մը հայկական եւ թրքական դրօշներու նմանակութեամբ վզնոց մը անցուցած էր վզին… «Հօշ կելտինիզ էֆենտիմ»…

Արձանագրութիւնները ջուրը ինկան, հակառակ միջազգային ղեկավարներու «կնքահայրութեանց»: Սփիւռքը իր կշիռը ցոյց տուաւ այդ օրերուն:

Քիչ մը լրջանանք եւ մեր վրայէն թօթափենք դարերէ ի վեր նստած թրքափոշին:

Յակոբ Միքայէլեան

yerakouyn.com/2018/11/09/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail