10 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ժամանակն է, որ Միացեալ Նահանգներ վերջ դնեն քմահաճոյքով առաջնորդուելու ձեւին, պէտք է առաջնորդուիլ միջազգային իրաւունքի չափանիշներով: Հայաստանը` իբրեւ ինքնիշխան պետութիւն, իրաւունք ունի բարեկամութիւն հաստատելու որու հետ որ ուզէ, եւ ոեւէ մէկը զայն մեղադրելու իրաւունք չունի: Այս մասին Մոսկուա-Մինսք-Երեւան-Թալին տեսակամուրջի ընթացքին ըսաւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան յանձնախումբի անդամ Ֆրանց Քլինցեւիչ` անդրադառնալով Հայաստանի` Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներուն միջեւ ընտրութեան:
«Չեմ կարծեր, թէ Հայաստանը այս հարցով պէտք է շատ մտահոգուի, բայց նաեւ պէտք չէ անտեսէ Միացեալ Նահանգներու ճնշման հաւանականութիւնը: Միւս կողմէ, կայ Ռուսիան եւ անոր աջակցութիւնը, այս եւս պէտք է նկատի ունենալ», շեշտեց ան` յոյս յայտնելով, որ մօտիկ ապագային հարցի լուծման ծրագիր մշակուի:
Ֆրանց Քլինցեւիչ ըսած է, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի այցելութիւնը Հարաւային Կովկաս Ռուսիան գրգռելու նպատակ կը հետապնդէ:
Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին զէնք վաճառելու հարցին` Քլինցեւիչ ըսած է. «Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին զէնք մատակարարելու կարելիութիւնը կը քննարկուի: Իմ կարծիքովս` ասիկա չափազանց բարդ հարց է, քանի որ կապուած է մեր դրացիներուն հետ, ինչպէս նաեւ` Ռուսիոյ դիրքորոշումին: Ռուսիան համաձայն պիտի չըլլայ այս սադրիչ քայլերուն»:
aztagdaily.com/archives/415904