Հակադարձելով Ամերիկեան Նոր Պատժամիջոցներուն` «Մեր Ուղին Պիտի Չփոխենք» Կ՛ըսէ Ռիապքով

10 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտարարեց, որ Խրիմի եւ Տոնպասի հարցով Ռուսիոյ դէմ հաստատուած ամերիկեան նոր պատժամիջոցները պիտի չփոխեն Ռուսիոյ ուղին:

Ան Ուաշինկթընի քայլերը նկատեց «անօգուտ»` աւելցնելով, որ եթէ իր երկիրը պիտի հակադարձէ Ուաշինկթընին, ապա ատիկա շարք մը դրդապատճառներով պիտի ըլլայ եւ առանց զանոնք նոր պատժամիջոցներուն առնչելու:

Ռիապքով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Մոսկուան կառչած կը մնայ Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու գործելաոճին, երբ Ուաշինկթըն պատրաստ կ՛ըլլայ ատոր եւ կը հրաժարի «շանթաժի եւ ճնշումի փորձերէն»:

Նախքան այդ, Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահը յայտնած էր, որ իր երկիրը համահունչ քայլերով պիտի հակադարձէ ամերիկեան նոր պատժամիջոցներուն:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներ յայտարարեցին, թէ Խրիմի կցման հարցով Ռուսիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները պիտի ընդլայնեն:

Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ ռուս 3 անձնաւորութիւններու եւ 9 ռուսական ընկերութիւններու, որոնց շարքին Խրիմի մէջ գտնուող երեք հանգստեան վայրերու դէմ պատժամիջոցներ կը հաստատէ:

aztagdaily.com/archives/415895

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail