09 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
Արցախեւազրպէյճանական շփման գիծին կամ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Ազրպէյճան պետական սահմանին ուղղութիւններով Պաքուի թափանցման գործողութիւններու եւ կրակոցներու համեմատական մեղմացումը առաջին հայեացքով կրնայ կապուիլ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատարին եւ Ազրպէյճանի նախագահին միջեւ եղած խօսակցութեան եւ ապա յայտարարուած պայմանաւորուածութեան ու անոր հետեւած գործնական կապին` զինադուլի խախտումի դէպքերը կանխարգիլելու առումով: Այս գործընթացներուն առընթեր Պաքուն գերիներու փոխանակման առաջարկին կու տար հրապարակային բնոյթ` խաղաղասիրական նախաձեռնութիւն առնելու ծխածածկոյթ ստեղծելով:
Ռազմական հարթութեան վրայ շարունակուող մշտադիտարկումները ունին նաեւ քաղաքական բաժին` այնտեղ նկատելու համար հայ եւ ազրպէյճանցի ժողովուրդներուն միջեւ կապեր հաստատելու ցանկութիւններու բարձրաձայնումով: Դժուար պիտի ըլլար այդ բոլորին զուտ հասարակական բնութագիր տալը` ըսելու համար, որ անոնք քաղաքական նպատակ չունին եւ որեւէ ձեւով այս կամ այն պետութեան քաղաքականութեան պարունակին մէջ չեն դիտարկուիր:
Զոյա Թադեւոսեանի արցախեան տարածքներ յանձնելու յայտարարութենէն անցնելով պաշտօնաթող դեսպան Միլզի «տարածքներ խաղաղութեան դիմաց» բանաձեւի բարձրաձայնումին, հասնելու համար Միացեալ Նահանգներու նախագահի անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճոն Պոլթընի հայ -ազրպէյճանական եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացումի փոխկապակցութեան տեսակէտի փոխանցումին` երեւոյթները հասարակական ընդհանուր մթնոլորտ ստեղծելու միտումներու նախադրեալներ կը պարզեն:
Հետեւաբար, պատահական չեն ներհասարակական համարձակ ցանկութիւն-առաջադրանքներու հրապարակումները այս կամ այն քաղաքացիական գործիչին, դիմատետրի օգտատիրոջ կողմէ:
Հակամարտութիւններու ապառազմականացման կոչը կը հնչէր նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ եւս: Յայտարարութիւնը օրինաչափ է այն առումով, որ հայկական կողմը, հետեւողականօրէն դատապարտելով ազրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնը, միացած է միջազգային հանրութեան ընդգծած առաջադրանքին` բացառելու համար ուժի կիրարկումը եւ ընդգծելով հարցի խաղաղ կարգաւորումը:
Վարչապետ Փաշինեանի մօտեցումը` չսեփականաշնորհելու հարցի լուծումը, այլ պայմանաւորելու` համաժողովրդային հանրաքուէներով, ակնարկ վերապահած էր ուղղակի-անուղղակի, որ հարցի երկկողմանի լուծման համար նաեւ Ազրպէյճանի ժողովուրդը պէտք է կամարտայայտուի: Չսեփականաշնորհելով հարցի կարգաւորման լուծումը` անուղղակի կոչ կ՛ըլլայ նաեւ պաշտօնական Պաքուին` չսեփականաշնորհելու լուծման տարբերակի միակողմանի ընդունումը:
Իսկ եթէ ժողովուրդներուն կը վերապահուի լուծման տարբերակի շուրջ համաձայնիլը, ապա ուրեմն նոր գործընթաց կը սկսի հասարակութեան մէջ անհանդուրժողականութեան վերացման նպատակով:
Իրադրային նախադրեալներ կը նախանշեն, որ ընդհանուր այս մթնոլորտին մէջ չի բացառուիր, որ յայտնուին հայ-ազրպէյճանական հաշտեցման յանձնաժողովներ, որոնք աշխատին «պատմական կաղապար»-ներէ դուրս բերել երկու ժողովուրդները:
Արցախի հարցին ուղղութեամբ պատմական կաղապարէ դուրս գալը հայկական կողմին համար կը նշանակէ թեւակոխել երկրորդ փուլը` այս անգամ դուրս գալ դէպի Թուրքիա ձեւաւորուած պատմական կաղապարէն, ինչ որ պարզ տեսքով Պոլթընի կատարած հարցերու փոխկապակցուածութեան առարկայացման համազօր է:
Ժողովուրդներու մօտ թշնամական մօտեցումներու եւ անհանդուրժողականութեան չէզոքացումը անհրաժեշտ է որ ընթանայ բանակցային գործընթացին զուգահեռ: Պայմանով սակայն, որ զուգահեռ` այդ ուղղութեամբ գործնական, համոզիչ գործողութիւններ կատարուին: Թալիշի ռազմական յանցագործները արդարադատութեան յանձնուին, կացինահարողները պատժուելու փոխարէն չհերոսանան եւ պարզապէս Վիեննան եւ Ս. Փեթերսպուրկը յարգուին եւ չարգելակուին:
Ազրպէյճանի նախագահը վերջերս յայտարարած էր, որ հայկական ուժերը պէտք է հեռանան Ազրպէյճանի պատմական տարածքներէն: Պատմական բնութագրումը Ալիեւի կողմէ հետաքրքրական է այս պարագային: Այստեղ արդէն Պոլթընը պէտք է վկայակոչել` գիտակցելու համար, որ Ազրպէյճանը պէտք է դուրս գայ իր «պատմական կաղապար»-ներէն եւ բաց աչքերով տեսնէ այդ տարածքներուն Արցախի պատկանելիութիւնը:
«Ա.»
aztagdaily.com/archives/415782