09 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Ի՞նչ կրնայ ըլլալ արուեստը քաղաքակրթութեան մը, որ անհատը կտրելով եւ հեռացնելով բնութենէն, ստիպելով, որ ան ապրի յօրինուած միջավայրի մը մէջ, անջատէ սպառումը արտադրութենէն եւ զայն դատարկէ ստեղծագործ զգացումէ:… Ընկերութիւն մը կը կրէ իր արուեստը, ինչպէս ծառը` իր ծաղիկները, իրենց արմատաւորմով իսկ, եւ ոչ մէկը եւ ոչ միւսը կրնան յաւակնիլ սեփականացնել արմատներ:
Քլոտ Լեւի-Սթրոս
Բառեր հնարուած են. համարկում, մերուում, ձուլում, այլասերում, օտարում… Այսինքն` սեփական ինքնութեան պարտադրուած կամ վատութեամբ ընդունուած կորուստ: Հարցեր կան բոլոր մշակոյթներու համար, որոնք եթէ այսօր չկան, վաղը պիտի ըլլան:
Զարմանալի կրնայ թուիլ, որ պահ մը փակագիծի մէջ դնելով մեր առջեւ ծառացող բազմատեսակ հարցերը,որպէս մարդ եւ որպէս հայ, ուզեմ խօսիլ հայկական լայն շրջանակներուն անծանօթ օտար դէմքի մը մասին, որուն վերլուծումները եւ կենսափորձէ բխած եզրակացութիւնները կրնան լուսաւորել մեր ճամբան, անհատական եւ հաւաքական, ըսենք` նաեւ քաղաքական, այսինքն` ղեկավարական:
Լրատուական կայքէջի մը վրայ դրուած տեղեկութիւն մը յիշեցուց, որ տասը տարի առաջ մահացած էր մեծ մտաւորական մը, որ կը կոչուէր Քլոտ Լեւի-Սթրոս (1908-2009): Բոլոր անոնք, որոնք կարդացած են Լեւի-Սթրոսի գիրքերը, մարդուն, ընկերութեան, քաղաքակրթութիւններու եւ մշակոյթներու նկատմամբ տեսանկիւն եւ հայեացք կը փոխեն: Կ’ըմբռնեն, որ մշակոյթներու լաւը եւ վատը, յառաջադէմը եւ, ինչ որ կը կոչենք` «նախնական»-ը, յարաբերական են, երբ կը դատենք, երբ կը մտածենք, թէ ո՛ր տեսանկիւնէն կը նայինք: Ի՞նչ բան կրնայ ենթադրել տալ, որ Ճափոնցիին մշակոյթը գերադաս է անգլիացիի, ֆրանսացիի կամ ռուսի մշակոյթ(ներ)-էն: Արդէն, մենք մեզ չափանիշ ընդունելով, Պրազիլի անտառներու բնակիչները կամ ափրիկեան ցեղախումբերը կոչած ենք «նախնական» (primitif): Բնաւ մտածա՞ծ ենք, թէ այդ «նախնական» համարուած ընկերութիւններու մարդիկ ինչպէ՛ս կը տեսնեն եւ կը դատեն մեզ: Տարբերութիւնը նախնականութիւն չէ:
Այս վերաբերումը, ընկերութիւն մը գերադաս կամ ստորադաս համարելու, ազգերու եւ ժողովուրդներու միջեւ գերադասութիւն կամ ստորադասութիւն տեսնելու, նոյն ժողովուրդին մէջ անգամ դասակարգեր տեսնելու, անհասկացողութիւններու, տիրակալութիւն տարածելու, պատերազմներու եւ ամէն կարգի չարութեանց պատճառ
եղած է: Այսինքն տարբեր ըլլալը ստորադասութեան-ստորակայութեան պատճառ պէտք չէ ըլլայ, նոյնիսկ պէտք չէ խօսիլ հաւասարութեան մասին, այլ պարզապէս` բնական տարբերութեան իրաւունքի մասին:
Վասն տեսական հաւասարութեան եւ նոյնութեան` վարդապետութիւններ ծնունդ առին, այսօր այդ ընթացքը հեղեղային է: Եթէ երէկ այդ կ’ընէին աշխարհակալները, այսօր այդ կ’ընէ տնտեսական տիրակալութիւնը, արտադրողական-սպառողական մշակոյթ-ընկերութիւնը: Թուաբանական հաւասարութիւնը չյաջողեցաւ` Հռոմէն մինչեւ խորհրդային սովետամարդու համակարգ, իրենք զիրենք տիեզերական համարող կրօններ, որոնք բացարձակ ճշմարտութեան իրաւունք ինքնաշնորհեցին: Այս ինքնախաբէութեան միտումը կը շարունակուի, եւ այդ լաւատեսութիւն չի ներշնչեր մարդկութեան եւ անոր բնօրրան մոլորակին համար:Ան այսօր կը փոխարինուի միօրինականացումով, մեր բոլորին մասնակցութեամբ եւ մեղսակցութեամբ, standardasition:
Ո՞վ այսօր կրնայ որոշել, որ Աւստրալիոյ բնիկ ապորիժենները նուազ լաւ են, քան` սկովտիացիները կամ մարոքցիները, եւ ըսել, որ ինք ճիշդ է: Մարդիկ այս կամ այն հորիզոնականի եւ միջօրէականի տակ, բնութեան հետ եւ իրարու հետ իրենց յարաբերութիւններու իւրայատուկ ոճը ստեղծած են, այդ ոճը դարերու ընթացքին դարձած է մշակոյթ: Ամերիկացի գինականները չեն խօսիր ընդհանրապէս Մշակոյթի մասին, գլխագիր, այլ կը խօսին մշակոյթներու մասին, տարբեր պայմաններու եւ կաղապարներու մէջ ծնած եւ զարգացած, կ’ըսեն` patterns of culture:
Որպէս իմաստասիրութեան ուսուցիչ` աշակերտներուս կը թելադրէի կարդալ Քլոտ Լեւի-Սթրոսի Պրազիլի «նախական» կոչուող ընկերութիւններուն մէջ իր ապրած փորձառութիւնը, արկածախնդրութիւնը, որոնց մասին կը խօսի իր գիրքը` «Տխուր արեւադարձային աշխարհներ» (Tristes tropiques), երբ ան կրցած էր ներսէն դիտել, զգալ, թրթռալ այդ մարդոց հետ, հասկցած էր, որ անոնց աշխարհը տեսնելու կերպը պարզապէս տարբեր է, ո՛չ աւելի լաւ, ո՛չ աւելի վատ: Ժողովուրդները, անոնք ապրին Թիպեթի բարձունքներուն վրայ թէ Միջերկրականի գեղածիծաղ ափերուն, չեն կրնար զարգացնել ո՛չ նոյն զգայնութիւնները, ո՛չ նոյն մտածումները, ո՛չ ալ նոյն ընկերային յարաբերութիւնները, քանի որ շրջապատ-բնութիւնը մաս է մեզի, կը թելադրէ: Եթէ միայն նկատի ունենանք ընկերային առաջին բջիջը` ընտանիքը, կը տեսնենք, որ մեզի համար զարտուղի եւ անբնական համարուող ընկերային կառոյցներ կան: Կեանքի եւ մահուան ըմբռնումները, բարքերը այնքան կը տարբերին մէկ ընկերութենէն միւսը:
Մէկը միւսին նմանող «աշխարհներէն» «տարբերներ»-ու հանդիպած է Լեւի-Սթրոս, տարբեր մշակոյթներ, ըմբռնումներ, սկիզբի եւ վերջի մասին տարբեր բացատրութիւններ եւ համոզումներ լսած եւ տեսած է, ինչ որ կը բանայ իմաստութեան դուռը: Ի վերջոյ, մարդիկ միշտ ալ գտնուած են մեծ հարցականներու առջեւ, տրուած պատասխանները երբեք նոյնը չեն եղած, ուրեմն բացարձակը մարդկային չէ: Իր կեանքի վերջին տարիներուն Լեւի-Սթրոս ըսած էր, որ չէր սիրեր այն աշխարհը, ուր կ’աւարտէր իր կեանքը, քանի որ հազարամեակներու ընթացքին ստեղծուած կեանքի ոճեր, կենսաձեւ, աշխարհը տեսնելու կերպեր կը քակուին, կը քանդուին, կը վերացուին, ըստ տեսութիւններու, ընթացք, որ չի կասիր: Մարդիկ եւ ընկերութիւններ կարծէք գիտաշխատանոցի փորձի առարկաներ են, կ’անջատուին բնութեան կարգէն:
Լեւի-Սթրոսի ընթերցումը, ըսի, իմաստութեան կը տանի: Մոլորակի մարդոց միջեւ յայտնուած եւ յայտնուող տարբերութիւնները էականութիւն չունին, բնութիւնը մարդիկը տարբեր չէ ստեղծած, տարբերութիւնները հետեւանք են մշակոյթի, այսինքն ցեղային տարբերութիւնները բնութենէն չեն ժառանգուիր, այլ` կենսաձեւէ, ուրիշներու հետ յարաբերութիւններէ: Ո՛չ գերակայութիւն, ո՛չ ստորակայութիւն, հետեւաբար` ո՛չ անհանդուրժողութիւն:
Լեւի-Սթրոս գիտնական է, բայց իր գիրքերը հետաքրքրական են ոչ միայն գիտուններուն համար, այլ` բոլորին, որովհետեւ անոնցմով կը ճամբորդենք մեր սովորական «աշխարհագրութիւններ»-էն անդին` տարածական, քաղաքակրթական, մշակութային, կենցաղային, բարոյական, ընտանեկան-ժառանգական, կրօնական, արտադրական-սպառողական եւ այլ, եւ կը վարժուինք հարցերուն մօտենալ, յարաբերականութեան տեսանկիւնէ: Եւ յանկարծ կրնանք մենք մեզի հարց տալ, որ մեր քաղաքակրթութիւնը` ճարտարուեստական, գիտական-ճարտարագիտական, կրնա՞յ մարդկութեան ապագան ըլլալ, կամ կրնա՞յ այդ ապագան մոխրացնել: Ի՞նչ բանի կրնայ ծառայել ուրեմն ընդհանուր բացատրութեամբ բնորոշուող եւ գերադաս համարուող արեւմտեան կոչուած քաղաքակրթութիւնը:
Պէտք է մտածել այն մասին, որ «նոր աշխարհակալութիւն»-ը` համաշխարհայնացումը, կրնայ տարբերութիւնները անհետացնելէ ետք, առաջնորդել միօրինականցման: Մտածել` համատարած «ճին՛զ» տաբատի եւ «համպըրկըր»-ի մասին: Եւ զարմանալին այն է, որ տկարը, տարբերը, նաեւ այսօր տկարացած երէկի զօրաւորը եւ ստեղծագործողը կը մտնեն «երջանկացնող» միօրինականացման խաղին մէջ: Այդպէս ըրած էր գաղութարարութիւնը: Այսօր ժողովուրդներ եւ երկիրներ իրենք ընդառաջ կ’երթան միօրինականացման` ենթարկուելով իր անունը չըսող կայսերապաշտութեան մը, որ կը շարունակէ դրամի կայսերապաշտութիւնը, բայց տարբեր է, հետեւանքներն ալ պիտի ըլլան տարբեր, քանի որ մշակութային ինքնուրոյնութիւններ հետզհետէ, հաւանօրէն շատ աւելի արագ, քան ինչ որ կը նախատեսենք, պիտի նոյնանան… կամ չքանան:
Ինչպէս բնութեան տարբերութիւնները գեղեցիկ են, անապատ թէ սառուցեալ ովկիանոս, Միջերկրականի ծովափ թէ Քիլիմանճարօ, այդպէս ալ գեղեցիկ են մշակութային տարբերութիւնները, մարդուն մէջ գտնուող ինքնուրոյն հանճարին արտայայտութիւնները:
Ինչպէ՞ս պահել: Ինչպէ՞ս պաշտպանել:
Աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել` պաշտպանուիլ: Կազմակերպել դիմադրական շարժում, ընդդիմութիւն:
Յառաջդիմութեան դէմ կամ յետադիմական ըլլալու մեղք պէտք չէ փաթթել բոլոր անոնց վիզին, որոնք, օրինակ, կ’ըսեն, թէ «ճինզ» տաբատը ի՞նչ գործ ունի Հայաստանի Խաչիկ գիւղին մէջ, կամ` «շաուրմա»-ն եւ «համպըրկըր»-ը Երեւանի մէջ, երբ կայ, եղած է «խորոված»-ի հին, շա՛տ հին աւանդութիւն… Հայէն «կովարա՞ծ» (cowboy) պիտի սարքուի… Օրինակ էր: Կրնաք ըսել` լիբանանցիէն, ճափոնցիէն, ֆրանսացիէն կամ մատակասկարցիէն…
Հարկ է Լեւի-Սթրոս կարդալ` տեսնելու համար տարբերութիւնները եւ անոնց յարաբերականութիւնները. ո՛չ գերադաս, ո՛չ ստորադաս, ո՛չ աւելի լաւ, ո՛չ աւելի վատ: ՏԱՐԲԵ՛Ր…
Եթէ ըմբռնենք, որ մշակոյթներու անհետացումը բարիք չէ, որ անոնց համակեցութիւնը եւ ազնիւ յարաբերութիւնը հարստացնող է, մարդոց եւ ընկերութիւններու միջեւ կը հասնինք խաղաղութեան, փոխըմբռնումի, փոխհարստացման:
Իսկ այսօր համաշխարհայնացումը կ’ընթանայ դէպի միօրինականացում, ինքնուրոյնութիւններու կորուստ:
Եզրակացնելու պէս սկսինք մտածել Քլոտ Լեւի-Սթրոսի հետ: Ան կը գրէ.
«Մշակոյթներու տարբերութիւնն է, որ անոնց հետ հանդիպումը կը դարձնէ արգասաբեր: Արդ, այս հասարակաց խաղը զիրենք կ’առաջնորդէ տեւաբար ընթացող միացման: Այս հանդիպումներէն մշակոյթները կը շահին իրենց տարբերութիւններուն պատճառով, բայց անոնք պատճառ կ’ըլլան, որ տարբերութիւնները նուազին, մինչեւ որ վերջնականապէս անհետանան»:
Այսինքն, մշակոյթներ, անոնք ըլլան փոքր թէ անցեալի մեծեր, կրնան անհետանալ, եթէ չկազմակերպեն իրենց դիմադրական պայքարը:
Ընկերութեան մէջ յարաբերական տեսիլք ունենալու վերաբերումը կը բերէ մեզի Լեւի Սթրոս:
Ինչո՞ւ հայերէնի չեն թարգմանուիր Լեւի-Սթրոսի գործերը, որպէսզի ընկերութիւններու հոլովոյթը հասկնան հայկական զանգուածները նաեւ` կարենալ ճիշդ կողմնորոշուելու համար:
30 հոկտեմբեր 2018, Նուազի-լը-Կրան
aztagdaily.com/archives/415696