Նալպանտեան. Պատերազմի Պարագային Հայաստանը Կրնայ Ճանչնալ Արցախի Անկախութիւնը

02 հոկտեմբեր 2015

Եթէ ղարաբաղեան հակամարտութեան շուրջ բանակցութիւնները այլեւս չշարունակուին, եւ խօսուի պատերազմական գործողութիւններու մասին, Հայաստանը կը ձեռնարկէ համապատասխան քայլեր, ներառեալ` ԼՂՀ անկախութեան ճանաչումն ու ԼՂ անվտանգութեան երաշխիք ըլլալու համար անհրաժեշտ միւս քայլերը:

Այդ մասին՝ ըստ PanARMENIAN.Net-ի՝ Ազգային ժողովի եւ կառավարութեան միջեւ հերթական հարց ու պատասխանի ժամանակ յայտարարած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան, պատասխանելով «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Զարուհի Փոստանջեանի հարցումին:

Արտաքին գործոց նախարարը նշած է նաեւ, որ Մինսկի խումբի համանախագահները արդէն ուղղորդուած ու հասցէագրուած յայտարարութիւններ կ՛ընեն այն մասին, թէ ով է այդ հրադադարի խախտման պատճառը ու կը նշեն, որ պէտք է անպայման ստեղծուի հրադադարի խախտման հետաքննութեան մեքանիզմ: «Ընդ որում, նրանք յայտարարում են, որ Հայաստանը համաձայնւում է այդ մեխանիզմի ստեղծմանը, իսկ Ատրպէյճանը` հրաժարւում: Այսինքն, դրանով ասում են, որ հրադադարի խախտման եւ միջադէպերի ամբողջ պատասխանատուութիւնը ընկնում է Ատրպէյճանի վրայ», – շեշտած է Նալպանտեան:

Ան յիշեցուցած է, որ նախօրէին նաեւ Քոնկրէսի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Ռոյսը եւ քոնկրէսական Էնկըլը նամակ գրած են Ճէմյս Ուորլիքին, կոչ ընելով յաւելեալ ջանքեր գործադրելու հրադադարի ամրապնդման իմաստով: Ըստ Նալպանտեանի, խօսքը կ՛երթայ նաեւ հրադադարի խախտման վերահսկողութեան մեքանիզմի ստեղծման մասին:

«Եռանախագահների նախաձեռնութեանը աջակցել են ոչ միայն միջազգային կառոյցները, այլեւ տարբեր խորհրդարաններ, այդ թւում` ամերիկեան Քոնկրէսը, որը բաց նամակ է գրում այդ հարցի շուրջ: Այսօր Ուորլիքն արձագանքել է` նշելով, որ ինքը միանգամայն ողջունում է այդ նախաձեռնութիւնը», – ըսած է Նալպանտեան, ընդգծելով, որ Երեւանը նոյնպէս կ՛ողջունէ այդ առաջարկը:

Ետմ-ին Ադրբեջանի անդամակցութեան հաւանականութիւնը մեկնաբանելով, Նալբանդեանը նշեց, որ խօսակցութիւններն ընդամէնը ենթադրուող իրավիճակի մասին են, կառոյցն այսօր այդպիսի հարց չի քննարկում: «այդպիսի որոշումները պէտք է ընդունուեն կ’ոնսենսուսովէ, – շեշտել է նա:

http://www.yerakouyn.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail