Սէյիտ Նասրալլա. «Լիբանանի Դէմ Որեւէ Յարձակում Անպատասխան Պիտի Չձգենք, Իսկ Մեր Դաշնակիցները Պիտի Չլքենք»
12 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Նահատակի օրուան առիթով Հըզպալլայի կողմէ կազմակերպուած յիշատակի ոգեկոչման յատուկ ձեռնարկի մը ընթացքին, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շաբաթավերջին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ բոլոր նահատակները մեծարանքի արժանի են, որովհետեւ առանց անոնց նահատակութեան ոչ մէկ նուաճում կամ յաղթանակ կ՛իրագործուէր:
«Եթէ մեր երկիրը ապահով է եւ արժանապատուութիւն ունի, ապա անիկա կը պարտինք հայրենիքին համար նահատակներուն թափած արեան», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:
Ան ընդգծեց, որ իրենք Լիբանանի դէմ Իսրայէլի կողմէ գործուելիք հաւանական որեւէ յարձակում անպատասխան պիտի չձգեն` աւելցնելով, որ խիստ կերպով կը մերժեն թշնամի Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ յարձակում սանձազերծելու արարքը:
Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ Դիմադրութեան ուղին վճռորոշ էր, հատու, հզօր եւ յաղթանակներով լեցուն:
Այս շրջագիծին մէջ, սէյիտ Նասրալլա հաստատեց Լիբանանի զօրութեան, ոսկեայ տարազին, Դիմադրութեան զէնքին եւ հրթիռներուն կառչած մնալու իրենց կեցուածքը: «Այս իրականութեան շնորհիւ Իսրայէլ ոչ իսկ պիտի յանդգնի Լիբանանի դէմ յարձակում շղթայազերծել», յայտնեց ան:
Անդրադառնալով Իսրայէլի հետ բնականոն յարաբերութիւններ ունեցող արաբական երկիրներուն` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ ներկայիս պարզուած այս իրավիճակը բոլոր դաւաճաններուն դիմակները վար կ՛առնէ: Ան շեշտեց, որ Իսրայէլի հետ բնականոն յարաբերութիւններու հաստատումը պէտք է մերժել, ամէն իմաստով դատապարտել եւ անոր դէմ բուռն պայքար մղել:
Ներքին լիբանանեան առումով սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ եթէ Հըզպալլա փափաքէր կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի խոչընդոտումը, ապա ան կը մերժէր մաս կազմել կառավարութեան:
Ան շեշտեց, որ Հըզպալլա իր դաշնակիցները` Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու սիւննի ներկայացուցիչները պիտի չլքէ` աւելցնելով, որ զանոնք կառավարութեան մաս դարձնելու բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են, իսկ լուծումը վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտ կը գտնուի:
«Եթէ մերժուի Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու սիւննիները կառավարութեան մասնակից դարձնել, ապա կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը զերօ կէտէն պէտք է սկսի, որովհետեւ կառավարութեան կազմութեան բոլոր չափանիշները կը խախտին», եզրակացուց սէյիտ Նասրալլա:
Ան նշեց, որ թէեւ իրենք 6 նախարարի շուրջ համաձայնած են, սակայն ներկայացուցչութեան չափանիշներով 10 նախարարի իրաւունք ունին, «սակայն ըստ երեւոյթին Լիբանանի մէջ համեստութիւնը տեղ չի հասցներ», յայտնեց սէյիտ Նասրալլա` աւելցնելով, որ երբ բոլորին թնճուկները լուծուած են, եւ իրենցմէ պահանջուած է նախարարներու թեկնածուներու անուններ փոխանցել, իրենք պահանջած են լուծել նաեւ անկախ սիւննիներու ներկայացուցչութեան հարցը:
«Երբ պատասխան ստացանք, թէ անկախ սիւննիները կառավարութեան մէջ նախարար պիտի չունենան, մերժեցինք մեր նախարարական աթոռներու թեկնածուներուն անունները յանձնել: Այս որոշումէն ետք վարչապետ Սաատ Հարիրի մեկնեցաւ Փարիզ, եւ վերսկսան նախապատրաստուիլ համայնքային եւ յարանուանական սադրանքները», շեշտեց ան:
Այս շրջագիծին մէջ, սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ կառավարութեան մէջ Լիբանանեան ուժեր եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւններուն ներկայացուցչութեան թնճուկներուն, որոնց հանգուցալուծումը 4-5 ամիս տեւեց` աւելցնելով, որ միաժամանակ իրենց ալ իրաւունքն է նոյնքան ժամանակ պահանջել` լուծելու համար իրենց դաշնակիցներուն` անկախ սիւններուն ներկայացուցչութեան հարցը:
Ան ընդգծեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի վրայ պարտադրուելիք պատժամիջոցներուն կամ Դամասկոսի եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ կապելը անհեթեթ է` վերահաստատելով, որ եթէ կառավարութեան կազմութիւնը չփափաքէին, ապա ինք անձամբ կրնար յայտարարել, թէ կը մերժեն կառավարութեան կազմութիւնը, սակայն այդպէս չէ իրականութիւնը:
Սէյիտ Նասրալլա իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, թէ երբ անկախ սիւննի երեսփոխանները Հըզպալլայի հետ կը կապուին եւ կը յայտնեն, որ իրենց ներկայացուցչութեան հարցը լուծուած է, այդ պարագային Հըզպալլա նշանակուած վարչապետին կը յանձնէ նախարարական պաշտօններու իր թեկնածուներուն անունները:
aztagdaily.com/archives/416026