Յարգելի Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ

(Վերադարձուած արխիւներ – Archives retournées – Returned Archives:lousavor-avedis.org/?p=11728)

Հայ ժողովուրդի գլխուն եկածը առաջին աշխարհամարտին, ինչպէս այն ժամանակ այսօր եւս ծրագիրներ մշակուած են հայ ժողովուրդին ի վնաս:

Այս ծրագիրին մեծագոյն անուղակի իրագործողը այսօր իշխանութիւնն է:

Խորհրդային կացմի մէջ մտնելու ժամանակ օտարամոլ Պոլշէւիկները Ձարական Ռուսիոյ մանկլաւիկի հանգամանքի տակ — եւայլն …..եւայլն

Ժողովրդային դատարանի ժամը հասած:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը ինքն իր ճակատագիրը միայն կրնայ որոշել եւ սփիւռքի ճակատագիրը ոչ: « Հոս սփիւռք ըսուածը կը վերաբերի միայն ցեղասպանութենէ առաջ եւ ցեղասպանութենէ ետք յառաջացածը եւ ոչ քաղաքական պատճառներով Հայաստանի Հանրապետութիւնը լքողները:

Մեր գլխուն մշակուած ծրագիրները զանազան գլուխներով է, իւչպէս կ՛ըսեն եւրոպացիները, բլան Ա, բլան Բ, բլան Գ եւ շարունակելի մինչեւ ծրագիրը յաջողի:

Այս ծրագիրի եղերական ծուղակէն հանգիստ դուրս մնալու համար, եւ այսօրուայ հայերու ունեցածը պահելու համար մեկ ելք կայ, եկրորդը չիկայ:

ՀԱՅՔ ԱՐՄԵՆԱԿԱՆ կազմակերպութեան ծրագիր յայտարարութիւնը:

Հայաստանի եւ Սփիւռքի եղելութիւններու այսօրուայ պատկերը, զարմանալի եւ աներեւակայելին, իրաւապահ կոչուած զինուորականներու միակողմանի հերոսութիւնը իրենց միապետական կարգերը պահելու ձեւաչափերը:

Յուլիս 17-ի դեպքը ««ՍԱՍՆԱ՛ ԾՌԵՐ»» եւ շարունկութիւնը տեսանք համացանցային կայքերէ, մինչեւ լրած պետութիւնները ամէն կողմ իրենց շահերը հաշուի առած:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ՇԱՀԵՐԸ ՀԵՏԵՒԵԱԼՆ Է

Միջազգային եւ ներքին ծուղակէն դուրս ելլելու միակ հաւանական ձեւը:

Կէտ առաջին:

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահի օրէն բոլոր քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակում: Վերջնական ներում բոլորին:

Կետ երկրորդ:

Լուծել Խորհրդարանը եւ Կառավարութիւնը:

Կէտ երրորդ:

Օրէնքի սահմաններու մէջ կազմակերպել Խորհրդարանական ընտրութիւն:

-Անգրագէտ եւ շինծու հերոսները հեռու պահել պատգամաւոր ընտրուելէ:

-Ընտրել այնպիսի Խորհրդարանի անդամներ որ կարենան ՕՐԷՆՔԻ երկիրի վերածել մեր Հայրենիքը:

-Ներդրումեր կատարողներու շահերը ապահովել, աշխատատեղ ստեղծել:

-Ծրագիր պատրաստել երկրի բնակչութեան թիւը մօտիկ ապագային Եօթը Միլիոնի
հասցնել:

-Նոյնիսկ Խորհրդարանի մեծամասնութիւնը մէկ քաղաքական կողմ ըլլայ, իշխանութիւնը բաժնել բոլորի միջեւ:

-Անկախութիւն ստանալէ մինչեւ այսօր յափշտակուած իւրացուած գումարներու վերադարձ պետական գանձարան մէկ տարուայ ժամանակամիջոցի մէջ:

-Օրէնքի եւ Արդարադատութեան առաջ, երկրի Նախագահեն մինչեւ նոր ծնող երեխան իրաւունքներու եւ պարտաւորութիւններու մէջ հաւասար:

ՀԱՅՔ ԱՐՄԵՆԱԿԱՆ կազմակերպութիւն

Վարանդ Դաշտենց

9 August 2016-www.facebook.com/photo.php?fbid=1015745161878421&set=a.1015744025211868&type=3&theater

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail