Մենք Հողի եւ Հայի Համար Կռուող Կուսակցութիւն Ենք` Արդէն 128 Տարի. Արթուր Խաչատրեան

14 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Ինչո՞ւ քաղաքացին պէտք է քուէարկի Դաշնակցութեան օգտին: Այս հարցին «Երկիր մեդիա» հեռուստաընկերութեան «Հարցեր` դաշնակցականներին» հաղորդաշարի ընթացքին պատասխանած է Շիրակի նախկին մարզպետ, գիւղատնտեսութեան նախկին նախարար Արթուր Խաչատրեանը:

«Քաղաքացին Դաշնակցութեան օգտին պէտք է քուէարկէ, որովհետեւ մենք հանդէս կու գանք քանի մը հիմնարար սկզբունքներով: Առաջինը հայապահպանութիւնն է. մենք հողի եւ հայի համար կռուող կուսակցութիւն ենք` արդէն 128 տարի: Մենք այս պետականութեան, մեր իրաւունքներու դրան կապած պահապան շուներու նման ենք. ասիկա կրնայ քիչ մը կոպիտ հնչել, բայց… Պատրաստ ենք պայքարելու բոլորի հետ, որոնք երբեւէ պիտի յանդգնին մեր պետականութիւնը, մեր ազգային արժէքները, մեր աւանդական արժէքները` ընտանիք, կրօն, եկեղեցի, ուսում, դպրոց, վտանգել:

Մենք թերեւս միակ քաղաքական ուժն ենք: Եթէ, մեզմէ բացի, այլ մէկը կայ, թող բերէ, ցոյց տայ, որ իր քաղաքական փաստաթուղթերուն մէջ կը խօսի հասարակական արդարութեան մասին, արժէք ստեղծելէ բացի` կը խօսի արժէքի վերաբաշխման մասին:

Այսինքն` մենք այն ուժն ենք, որ թէ՛ Հայաստանի մէջ, ի դէպ, Հայաստան ըսելով, նկատի ունիմ նաեւ Արցախը, թէ՛ Սփիւռքի մէջ պայքարած ենք եւ պիտի պայքարինք հայերու իրաւունքներուն համար:

Մենք այն ուժն ենք, որ պայքարած է ճնշուածներու իրաւունքներուն, հասարակական արդարութեան համար: Միակն ենք, եթէ կայ այդպիսին, խնդրեմ, անուն առ անուն թող նշեն»,- ըսած է Արթուր Խաչատրեան:

yerakouyn.com/2018/11/14/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail