«Լը Տրիան Էրտողանին Ուղղուած Իր Ամբաստանութեան Մէջ Չափը Անցուց» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Genocide against Armenians committed by the Ottoman Empire between 1894-1922 – Today the Turkish government

14 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու նշեց. «Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին ուղղուած իր ամբաստանութիւններուն մէջ չափը անցուց»:

Ան ըսաւ, թէ ատիկա «մեծ անկրթութիւն» էր` աւելցնելով. «Լը Տրիանի վարմունքը արտաքին գործոց նախարարի վայել չէ»:

«Արդեօք ո՞վ կը կանգնի ֆրանսացի նախարարի ամբաստանութիւններուն ետին: Արդեօք կ՛ուզեն ոճի՞ր թաքցնել, որովհետեւ այլ բաներ գիտենք: Ի՞նչ է այն գործարքը, որ կ՛ուզեն կնքել: Ատոր եւս մօտէն պիտի հետեւինք», յայտնեց Չաւուշօղլու:

«Այն պահուն, երբ Թուրքիան սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան մանրամասնութիւններու բացայայտման գծով իր թափած ջանքերուն համար միջազգային ընտանիքի գնահատանքին կ՛արժանանայ, ֆրանսացի նախարարի անամօթ ամբաստանութիւններուն վրայ պէտք է կանգ առնել», ըսաւ ան` շեշտելով. «Լը Տրիան պէտք է պետութեան նախագահի հետ խօսիլ գիտնայ»:

Չաւուշօղլու յայտնեց, որ կապի մէջ է իր ֆրանսացի պաշտօնակիցին հետ` աւելցնելով, որ վերջինս Խաշոկճիի սպանութեան հարցով ճշմարտութիւնը չըսաւ:

Ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը մէկ օր առաջ, մեկնաբանելով Էրտողանի այն յայտարարութիւնը, թէ` Խաշոկճիի սպանութեան ձայնագրութիւնները յանձնուած են Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Բրիտանիոյ, ըսած էր. «Ատիկա կը նշանակէ, թէ ան այս պայմաններուն մէջ քաղաքական խաղ մը կը խաղայ»:

Թուրքիոյ նախագահութիւնը անոր խօսքը նկատած էր «անընդունելի» եւ «մերժելի»:

aztagdaily.com/archives/416313

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail