ՕԹԱՆ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Մեկնաբանած Է Անջատ Համաեւրոպական Բանակ Ստեղծելու Նախաձեռնութիւնը

14 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ մեկնաբանած է առանձին համաեւրոպական բանակ ստեղծելու նախաձեռնութիւնը, որուն մասին նախապէս խօսած էր Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն:

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սթոլթենպերկ նշած է, թէ իր կարծիքով, անկարելի է պատկերացնել Եւրոպայի պաշտպանութիւնը առանց այնպիսի երկիրներու, ինչպիսիք են Թուրքիան, Միացեալ Նահանգները, Քանատան կամ Նորվեկիան, հետեւաբար համաեւրոպական բանակը երբեք պիտի չկարենայ փոխարինել ՕԹԱՆ-ը:

«Մենք պէտք է պատկերացնենք եւրոպական պաշտպանութեան հզօրացումը ՕԹԱՆ-ի ծիրին մէջ: Իրականութիւնը այն է, որ մեզի պէտք է մէկ հզօր միասնական կառոյց», ըսած է դաշինքի ընդհանուր քարտուղարը:

Սթոլթենպերկ նաեւ ընդգծած է, որ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները կեդրոնական դեր կը խաղան Եւրոպայի պաշտպանութեան ապահովման մէջ, եւ ան կ՛ողջունէ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ անոնց ջանքերը, սակայն իրենք չեն ողջուներ անջատ հրամանատարական կառոյցներու ստեղծումը:

aztagdaily.com/archives/416311

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail