«Խաշոկճիի Սպանութեան Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Գահաժառանգին Մեղսակցութեան Որեւէ Ցուցանիշ Գոյութիւն Չունի» Կ՛ըսէ Պոլթըն

14 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթըն յայտնեց. «Անոնք, որոնք մտիկ ըրին սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի` անցեալ ամիս Պոլսոյ մէջ իր երկրին հիւպատոսարանին մէջ սպանութեան ձայնագրութիւնը, յայտնեցին, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանի` դէպքին մեղսակցութեան որեւէ ցուցանիշ չկայ»:

Կարճատեւ այցելութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ գտնուող Պոլթըն յայտնեց, որ ինք անձամբ մտիկ չէ ըրած այդ ձայնագրութիւնը:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ձայնագրութիւնները Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ եւ այդ երկրի իսկական ղեկավար պըն Սալման իշխանին մեղսակցութիւնը ցոյց կու տա՞ն, ան նշեց. «Զայն մտիկ ընողները այդ եզրակացութեան չյանգեցան, եւ անշուշտ ատիկա սէուտական կառավարութեան կեցուածքը չէ»:

«Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շեշտեց գործին առնչուող ամբողջ մանրամասնութեան բացայայտման կարեւորութիւնը», շեշտեց Պոլթըն:

Միւս կողմէ, «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը, յղում կատարելով թրքական հետախուզութենէն աղբիւրի մը, հաղորդեց, որ Խաշոկճիի սպանութենէն ետք Պոլիս գտնուող Մահեր Ապտուլազիզ Մութրեպ անունով սէուտցի պաշտօնեան հեռաձայնած է Ռիատ եւ ըսած.«Ձեր ղեկավարին ըսէ՛ք, որ գործը աւարտած է»:

Օրաթերթը կը նշէ, որ Մութրեպ մէկն է այն 15 սէուտցիներէն, որոնք Խաշոկճիի սպանութեան օրը հասած են Պոլիս եւ կը նկատուին գործով անցնող գլխաւոր կասկածեալները:

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի, այս պաշտօնեան բաւական մտերիմ կապեր ունի Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին հետ, եւ ամենայն հաւանականութեամբ, Մութրեպի զրուցակիցը իշխանին օգնականներէն մէկը եղած է:

Ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթին հետ զրուցած ամերիկեան հետախուզութեան աշխատակիցները նշած են, որ գործի մանրամասնութիւններուն մէջ կրնան ըլլալ Մոհամետ պըն Սալման իշխանի անմիջական մեղսակցութեան վերաբերեալ անհերքելի փաստեր:

aztagdaily.com/archives/416312

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail