Ով Է Դաշնակցականը. Դաշնակցականը Եւ 98 Տոկոսը – ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Իրար քարկոծելու տեղ լաւ կ՛ըլլայ համագործակցիլ իրար հետ

14 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Փաստ է, որ Խ. Միութեան փլուզումէն ետք, դրամատիրական աշխարհակարգը սկսած է գործել սանձարձակութեամբ: Այս աշխարհակարգը կը դաւանի ոչ թէ մարդկային արժէքներ` իրենց բաղադրամասերով, այլ միայն ու միայն նիւթական-դրամական արժէքային կառոյց մը` Շուկան (գլխագիր), ուր կարելի է ամէն ինչ վաճառել ու գնել:

Քիչ Մը «Շուկայական» Հաշիւ

Այս Շուկան է, որուն ուղղակի հակադրումի ճամբով կը խաչաձեւուի ու կը բախի ընկերային-տնտեսական արդար համակարգի գաղափարը` իրեն զուգընթաց ունենալով ազգային արժէքաբանութեան համակարգը` իբրեւ մտածողութիւն:

Այս Շուկան այսօր «հարստացած» է ելեւմտական դրամատիրութեան (Financial Capitalism) ազդակով, որ մէկ կողմէ կը փորձէ նոյն դրամատիրական աշխարհակարգին մէջ դասական արտադրողական բնագաւառի (գործարաններ եւ այլն) մենատիրութեան տեղը առնել, միւս կողմէ` կը փորձէ ճնշել աշխատաւորական խաւերը բոլո՛ր երկիրներէ ներս: Այս իմաստով ալ Շուկան ո՛չ ազգութիւն, ո՛չ ազգային-մշակութային առանձնայատկութիւններ, ո՛չ ալ պատմական-մշակութային իւրայատկութիւններ կը ճանչնայ: Ան կը ժխտէ հոգեմտաւոր արժէքներու գոյութիւնը եւ կը դաւանի միայն ու միայն Դրամի (դարձեալ գլխագիր) ուժն ու արժէքը: Անիկա կը ժխտէ հաւաքականութիւնը, ժողովուրդը եւ ազգը` իբրեւ մարդկային հաւաքականութեան կազմակերպ եւ իւրայատուկ դիմագիծ ունեցող համակարգ եւ կը ջատագովէ անհատին բարօրութիւնն ու բարգաւաճումը, այն պատրուակով, որ երբ անհատը բարգաւաճի, իր հետ կը բարգաւաճեցնէ նաեւ իր շրջապատը:

Վերջին գէթ երկուքուկէս տասնամեակներուն Շուկան իր տիրապետութիւնը սկսած է հաստատել աշխարհաքաղաքական ուժի կեդրոններուն, որոշում կայացնող կեդրոններուն վրայ (Ուաշինկթըն, Պրիւքսել-ԵՄ)` փորձելով այդ ձեւով ալ համաշխարհային քաղաքական զարգացումները ենթարկել իր կամքին, հոգ չէ, թէ իր կարգ մը որոշումները աղէտալի ըլլան միլիոնաւորներու, ըլլան անոնք Մ. Նահանգներու, ԵՄ-ի, Լատին Ամերիկայի (յիշեցէք Վենեզուելան եւ այսօր` Արժանթինը), Լիպիոյ, Իրաքի, կամ Յունաստանի մէջ:

Ուժանիւթի արտադրութեան կեդրոններու, նոյն ուժանիւթի փոխադրութեան գիծերուն վրայ ամբողջական հակակշիռ ունենալու մոլուցքն է, որ այսօր քարուքանդ ըրած է Իրաքը, Լիպիան, Աֆղանիստանը: Նոյն այդ մոլուցքին հետեւանքն է այսօր Մ. Նահանգներու կողմէ Իրանի դէմ դիրքորոշումը, որուն ծայրայեղական դրսեւորումները կրնան ցնցումներու ենթարկել նոյնինքն մեր հայրենիքը` Հայաստանը (երբ ըսենք Հայաստան, պէտք է հասկնանք նաեւ ներառեալ ամբողջ Արցախը):

«Շուկային Զէնքերը»

Այս ընելու համար դրամատիրական աշխարհակարգը կը տիրէ երկու կարեւոր եւ հիմնական զէնքերու.

Առաջինը ելեւմտական աշխարհի` իր իսկ կողմէ հաստատած լծակներն են: Օրինակի համար, Համաշխարհային դրամատուն (ՀԴ, World Bank), Միջազգային դրամական հիմնարկ (ՄԴՀ, International Monetary Fund), դրամական փոխանցումներու SWIFT դրութիւն: Ըլլա՛յ ՀԴ-ն, ըլլա՛յ ՄԴՀ-ն երրորդ երկիրներու իրենց փոխատուութիւնները կը կատարեն խստագոյն պայմաններով` անոնց պարտադրելով, որ սեփականաշնորհեն հանրային-պետական հաստատութիւններ, կամ ինչքեր (նաւահանգիստներ, հանքեր, ենթակառուցային դրութիւններ` ջուրի, ելեկտրականութեան եւ փոխադրութեան ցանցեր եւ այլն): Անոնք փոխառութիւն կատարող երկիրներուն կը պարտադրեն «կրճատել» ծախսերը. այսինքն` կրճատել հանրային կրթութեան եւ առողջապահութեան, անգործութեան հատուցումի, ընկերային-ծերութեան թոշակները, բարձրացնել անուղղակի տուրքերը եւ կամ` որդեգրել եկամտահարկի համահարթ, միատեսակ դրութիւն, ուր թէ՛ մեծահարուստը եւ թէ՛ պարզ աշխատաւոր-պաշտօնեան նոյն համեմատութեամբ տուրք վճարեն` ի հակադրութիւն յառաջատուական դրութեան, ուր եկամտահարկի տոկոսը կ՛աւելնայ եկամուտին համեմատ:

Այս բոլորը կը կատարուին նպաստելու համար գործատէր, դրամատէր դասակարգին, ուժեղացնելու համար զայն` ի հաշիւ, բառին ամենալայն իմաստով, աշխատաւոր խաւին:

«Անսաստողները» նախ կը զրկուին որեւէ փոխատուութենէ, ապա մինչեւ իսկ կրնան պատժամիջոցներու ենթարկուիլ: Օրինակ` «անսաստող» երկրի մը դրամատնային համակարգը կրնայ դուրս նետուիլ դրամական միջազգային երթեւեկի SWIFT համակարգէն, կամ կրնայ զրկուիլ կանխիկ գումարէ (յիշենք Յունաստանի պարագան, երբ Եւրոպական կեդր. դրամատունը կասեցուց եւրոյի հոսքը, երեք տարի առաջ):

Երկրորդը մետիան է, մամուլը, այսինքն` տպագիր, լսատեսողական (ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ) եւ ելեկտրոնային հաղորդակցութեան միջոցները: Դրամատիրութեան ազդու զէնքերէն է մամուլը, որուն վրայ արեւը իրապէ՛ս որ մար չի մտներ ու կը գործէ օրական 24-ժամեայ դրութեամբ:

Այս մամուլն է, որ աշխարհի իւրաքանչիւր երկրի մէջ անդադար կը գովաբանէ վայրագ դրամատիրութեան «բարիքները»` գործածելով գաղտնաբառեր, ինչպէս, օրինակ, քաջալերել միա՛յն «անհատական ձեռներէցութիւնը» (ընկերվարութիւնը չի ժխտեր սեփական նախաձեռնութիւնը, այլ կը կանոնակարգէ ու կը համադրէ զայն, ի հարկին` հանրային բնագաւառին հետ. այս մասին, սակայն, քիչ անդին), սեփականաշնորհման «բարիքները», շեշտել անհատը եւ ոչ թէ հաւաքականութիւնը (ժողովուրդ, ազգ), անհատի բարգաւաճման մէջ տեսնել հաւաքականութեան բարգաւաճումը, հանրայինը լաւ չի գործեր, մինչդեռ սեփականաշնորհուածը, տեսէք, ի՜նչ արդիւնաւէտութեամբ կ՛աշխատի, «աւելորդ» ու «շռայլ» ծախսեր են անգործութեան, հանրային կրթութեան, ընկերային ապահովութեան համակարգին համար ծախսուած գումարները («ինչո՞ւ ծոյլերը վարձատրենք մեր վճարած հարկերով…»), հանրութեան խոցելի խաւերը անդադար մեղադրել եւ ամբաստանեալի աթոռին գամել իրենց այդ կարգավիճակին համար ու այլ, աղբանոցի արժանի հեքիաթներ:

Այս քարոզչական հնարքներուն դէմ պայքարելու, ներհայաստանեան առումով ընկերային ներքին համերաշխութիւն մը ստեղծելու ջատագովն է Դաշնակցութիւնը, եւ հետեւաբար նաեւ` դաշնակցական անհատը: Բայց պայքարելու եւ կացութիւնը բարեշրջելու համար նախ պէտք է…

«… Ճանաչել Զիմաստութիւն»

Համաշխարհային իրականութեան այս ամփոփ ակնարկին լոյսին տակ շատ աւելի կը դիւրանայ ըմբռնելը, թէ ի՛նչ կատարուեցաւ եւ դեռ կը կատարուի հայու հայրենիքին` Հայաստանի մէջ:

Դաշնակցական մարդը, բոլորին նման, ի՛նք եւս ենթակայ է այս քարոզչութեան աւերիչ ազդեցութիւններուն` ըլլա՛յ Երեւանի, ըլլա՛յ Նիւ Եորքի, Պէյրութի կամ Եւրոպայի մէջ:

Բայց ի՞նչ կրնայ ընել ան: Պատասխանենք` շատ բան:

Ամէնէն առաջ, ան պարտաւոր է նախ ճանչնալու այս իրականութիւնները, ու ապա, ատոնց լոյսին տակ, տիրութիւն ընէ Դաշնակցութեան ծրագրային առաջնահերթութիւններուն:

Դաշնակցականը այս իրականութիւններու լոյսին տակ է, որ պիտի արժեւորէ հայրենիքին մէջ վարուող ոչ միայն ընկերային-տնտեսական, այլեւ ազգային ապահովութեան առնչուող զոյգ քաղաքականութիւնները: Արժեւորէ եւ ըստ այնմ դիրք ճշդէ: Որովհետեւ, օրինակ, երբ Հայաստանի իշխանութեան բարձրագոյն բեմէն (Սերժ Սարգսեան եւ Նիկոլ Փաշինեան) հրապարակաւ մեղադրանքներ կ՛ուղղուին հանրութեան ամենախոցելի խաւին («ծոյլ» եւ այլ որակումներով), դաշնակցականը ո՛չ միայն պիտի պաշտպանէ նոյն այդ խոցելի խաւը, այլեւ պիտի աշխատի այնպիսի ծրագրով, որ նոյն այդ խոցելի խաւը դառնայ նուազ այդպիսին ու սկսի ինքնաբաւ դառնալ:

Նախորդ եւ ներկայ իշխանութիւններու նոր-ազատական մտակառոյցը, որ կ՛ականահարէ ներքին ընկերային համերաշխութեան տանող ուղիները մեր հայրենիքէն ներս, ամէնէն առաջ իր դէմ պիտի գտնէ դաշնակցական մարդուն վճռակամութիւնը:

Դաշնակցականն է, որ իր շրջապատին պիտի բացատրէ, զայն համոզէ, որ ընկերվարութիւնը բնա՛ւ չի ժխտեր սեփականատիրութիւնը եւ անհատ ձեռներէցութիւնը: Ընդհակառակը, կը քաջալերէ զայն կանոնակարգուած կերպով, որպէսզի նախ բացառուի շահագործումը, եւ ապա աշխատաւոր մարդը իրաւունքը ունենայ վայելելու իր արդար աշխատանքին վարձատրութիւնը:

Դաշնակցական մարդը իր շրջապատին պիտի բացատրէ անխնայ սեփականաշնորհումի չարիքներուն մասին, դիրք պիտի ճշդէ բոլոր տեսակի հանրապատկան ինչքերու եւ ծառայութիւններու անխնայ սեփականաշնորհման դէմ, որովհետեւ անարդար է 2 տոկոսին շահերը մնացեալ 98 տոկոսին շահերուն գերադասելը:

Արդարութեան ջատագովն է դաշնակցականը: Ու ատոր համար ալ ան քննական ակնոցով կը դիտէ մեր պետական այրերուն կողմէ միջազգային հարթակներուն վրայ արտասանած իւրաքանչիւր խօսք, ուր կը բացակայի հայութեան նկատմամբ գործուած անարդարութիւնը սրբագրուած տեսնելու վճռակամութիւնը:

Դաշնակցականն է, որ պիտի հանդիսանայ ազգային ներքին ընկերային համերաշխութեան ջատագովը: Ան ջատագովն է այնպիսի ընկերութեան մը, ուր ազգային-մշակութային իւրայատկութիւնը ոչ թէ գերիվեր կամ ստորադաս է ուրիշներէն, այլ պարզապէս իր իւրայատկութեամբ կը հարստացնէ ազգամիջեան, համամարդկային դրուածքը:

21-րդ դարուն ընկերային, տնտեսական եւ ազգամիջեան անարդարութիւններուն դէմ հաւասարապէս մարտնչող մարտիկն է դաշնակցականը:

aztagdaily.com/archives/416301

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail