15 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ԷՐԿԻՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Պարսկահայ Արբի Պաղտասարեանը իր կնոջ եւ երեխաներուն հետ Հայաստան տեղափոխուած է ամառ: Ան ծնած ու մեծցած է Պարսկաստան, Ռաշտ քաղաքին մէջ: Այնտեղ ընտանեկան գործ ունեցած են, աշխատած են իրենց խանութին մէջ: Ամուսնանալէ ետք, տարիներ անց, երբ առաջնեկը դպրոցի տարիքին կը մօտենար, որոշեցին տեղափոխուիլ Թեհրան, որպէսզի ան կարենայ հայկական դպրոց յաճախել:
«Այդ ժամանակ 32 տարեկան էի: Եկանք Թեհրան, ուր ես տաքսիի վարորդ կ՛աշխատէի: Ռաշտ քաղաքի մեր խանութը տուինք վարձակալութեան: Տարիներ շարունակ կը մտածէինք Հայաստան տեղափոխուելու մասին, սակայն դեռ չէինք շտապեր վերջնական որոշում կայացնելու»,- «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին կ՛ըսէ Արբին:
Թէպեւ ապրած են Իրան, սակայն Հայրենիքի հետ կապը եղած է, յատկապէս վերջին 10 տարուան ընթացքին: Ան կը պատմէ, որ Հայաստանի մէջ բարեկամներ ունէին, որոնցմէ մէկն ալ դարձաւ իր երեխային կնքահայրը:
«Տարիներ առաջ եկանք Հայաստան եւ երեխայիս մկրտութիւնը կատարեցինք Էջմիածինի մէջ: Ատկէ ետք ես սկսայ աւելի յաճախ գալու Հայաստան: Կապը կը շարունակէի պահել, եւ ժամանակի ընթացքին կը հասուննար Հայրենիք տեղափոխուելու միտքը»,- կը պատմէ ան:
Հայաստանի մէջ ընթացիկ տարուայ գարնան տեղի ունեցած յեղափոխութիւնը իր ազդեցութիւնը ունեցաւ ընտանիքի որոշման վրայ: Որոշուեցաւ, առիթէն օգտուելով, տարիներու երազանքը իրագործել ու տեղափոխուիլ Երեւան: Քանի որ Պաղտասարեաններու ընտանիքի արդէն երկրորդ երեխան դպրոցական տարիքին մօտ էր, հետեւաբար, լաւ առիթ էր կրթութիւն ստանալը սկսիլ Հայրենիքի մէջ:
Ամրան երկրորդ կէսին Պաղտասարեաններու ընտանիքը վերջնականապէս տեղափոխուեցաւ Երեւան: Առաջին խնդիրը, որ լուծած են, երեխաներուն ուսումնական հաստատութիւններու մէջ տեղաւորելը եղած է, որ շատ արագ յաջողած են:
«Երեխաներս մեծ հաճոյքով այստեղ դպրոց կ՛երթան: Փոքր աղջիկս, երբ առաջին դասարան գնաց, շատ արագ յարմարեցաւ, հիմա իրեն լաւ կը զգայ։ Մեծ աղջկաս համար քիչ մը բարդ է ռուսերէնը, սակայն ատիկա ալ ժամանակի ընթացքին կը յաղթահարուի»,- կ՛ըսէ ան:
Թէպէտ ընտանիքը գրեթէ 3 ամիսէ Հայաստան կը գտնուի, սակայն Արբի Պաղտասարեանը դեռ աշխատանք չունի: Դժուարութիւնները իրենց խօսքը կ՛ըսեն, աշխատատեղերը քիչ են, եղածներուն վարձատրութիւնն այն չէ, ատկէ բացի բարդութիւններ կան դրամատուներէն վարկ վերցնելու գործընթացի հետ կապուած, բնակարաններու վարձավճարներն ալ թանկ են: Հակառակ դժուարութիւններուն` Արբին յառաջիկային պիտի տայ իր փոքր գործին մեկնարկը: Ընկերոջ հետ գործի պիտի սկիսի արագ սպասարկման սնունդի խանութին մէջ: Յուսով է, որ սկսած գործը յաջող ընթացք կ’ունենայ:
Արբին կը նկատէ, որ ճիշդ կ՛ըլլար, եթէ պետական մակարդակով հայրենադարձներուն աջակցութիւն ցուցաբերուէր: Կան ընտանիքներ, որոնք այլ երկրի մէջ բնակուելով, կ՛ունենան ֆինանսական կայուն վիճակ, հետեւաբար, ըստ անոր, Հայաստան տեղափոխուելով, իրենց համար խնդիր չէ սեփական ֆինանսական միջոցներով Հայրենիքի մէջ ինչ-որ գործ դնելը: Ատոնց կողքին կան ընտանիքներ, որոնք եւս կը ցանկան գալ, բնակիլ Հայրենիք, սակայն ֆինանսական կայուն վիճակ չունենալով ` խնդիրներու առջեւ կը կանգնին: Հետեւաբար, նման պարագաներու ճիշդ պիտի ըլլար, որ հայրենադարձներուն համար պետական մակարդակով աջակցութեան ծրագիրներ իրականացուէին:
«Մեր սրտի ցանկութիւնը եղած է Հայաստանի մէջ ապրիլը, մեր երեխաները հայ իրականութեան մէջ մեծացնելը: Շատ ուրախ ենք, որ այստեղ ենք, տարիներու ընթացքին շատ փոփոխութիւններ կը նկատուին երկրին մէջ, ինչ որ ողջունելի է»,-կ՛աւելցնէ Արբի Բաղդասարեանը:
Աննա Գզիրեան
Yerakouyn.com/2018/11/15/